Պըրրի. «Կարելի Չէ Առանց Հըզպալլայի Մասնակցութեան Կառավարութիւն Մը Կազմել»

Դեսպան Ասիրի եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը եւ շրջանը յուզող հարցերը:

Միւս կողմէ, Պըրրի հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան առումով ոչ մէկ նորութիւն արձանագրուած է`  աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմութեան աշխատանքները պէտք է արագացնել:

Նշենք, որ Պըրրի իրենց հակառակորդ քաղաքական ուժերը պատասխանատու նկատեց կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտելու առնչութեամբ եւ ընդգծեց, որ կարելի չէ առանց Հըզպալլայի մասնակցութեան կառավարութիւն մը կազմել:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )