Մանսուր. «Որեւէ Երկրի Դէմ Առանց Ապահովութեան Խորհուրդի Հաւանութեան Զինուորական Գործողութեան Սանձազերծումը Կացինահարում Է»
Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ որեւէ երկրի դէմ առանց Ապահովութեան խորհուրդի հաւանութեան զինուորական գործողութեան սանձազերծումը կացինահարում է:
Մանսուր յայտնեց, որ Սուրիոյ դէմ զինուորական գործողութիւններու շղթայազերծումը վտանգաւոր իրադարձութիւն մը պիտի ըլլայ` աւելցնելով, որ Ռուսիա ունի տեղեկութիւններ, թէ սուրիական ընդդիմութեան մաս կազմող զինեալներ քիմիական զէնքեր օգտագործած են:
Մանսուր հաստատեց, որ Թաէֆի համաձայնագիրին համաձայն, Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ ապահովութիւնը միացեալ է: Ան կոչ ուղղեց արաբական աշխարհին դէմ դնելու Սուրիոյ դէմ կատարուելիք յարձակումին:
Միւս կողմէ, Մանսուր նշեց, որ սուրիացի իր պաշտօնակիցին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունենալու եւ շրջանային իրադարձութիւնները քննարկելու համար ինք վարչապետին արտօնութեան կամ զայն տեղեակ պահելու կարիքը չունի:
Մանսուր հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ գործուած պայթումներն ու հրթիռարձակումը ահաբեկչական արարքներ են, որոնք կը ներկայանան սադրանքներ նախապատրաստելու եւ կացութիւնը լարելու խորագիրին տակ:
Նշենք, որ Մանսուր երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրին:
Մէկ ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Խուրի մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել:
Պէտք է աւելցնել, որ Մանսուր երկուշաբթի օր պիտի մեկնի Գահիրէ` մասնակցելու համար Արաբական լիկայի նիստին, որ իր 140-րդ ընդհանուր ժողովը պիտի գումարէ:
Նախքան ընդհանուր ժողովին գումարումը, լիկայի անդամ արաբական երկիրներուն արտաքին գործոց նախարարները երեքշաբթի օր պիտի գումարեն իրենց նիստը: