Թրքական Ջոկատը Պիտի Հեռանայ Լիբանանէն
Ազգային լրատու գործակալութեան համաձայն, ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող թրքական ջոկատը պիտի գործադրէ այն որոշումը, որուն համաձայն, ան սեպտեմբերի սկիզբը պէտք էր հեռանար Սուրի Շաայթիէ գիւղաքաղաքի իր դիրքերէն:
Թրքական ուժերը վաղը` կիրակի, 1 սեպտեմբերին պիտի հեռանան այդ շրջանէն` աւարտելով ՖԻՆԻՒԼ-ին մաս կազմելու իրենց առաքելութեան:
Նշենք, թէ որոշ թիւով թուրք զինուորներ պիտի շարունակեն մաս կազմել ՖԻՆԻՒԼ-ի ծովուժին:
CATEGORIES Լիբանանեան