Օպամա Սուրիոյ Դէմ Զինուորական Հարուածին Վերաբերեալ Տակաւին Վերջնական Որոշում Մը Չէ Տուած

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա երէկ գիշեր ամերիկեան պետական պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Սուրիոյ դէմ զինուորական հարուածին վերաբերեալ տակաւին վերջնական որոշում մը չէ տուած: Ան նշեց, որ Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի օգտագործումը Միացեալ Նահանգներու ազգային ապահովութիւնը կը վտանգէ, աշխարհին ուղղուած մարտահրաւէր մըն է եւ շրջանին մէջ Ամերիկայի դաշնակիցներուն դէմ ուղղուած սպառնալիք մը` աւելցնելով, որ ինք Սուրիոյ մէջ սահմանափակ գործողութեան մը մասին կը մտածէ եւ ոչ թէ բաց ժամկէտով պատերազմի մը:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի` խօսելով Ղութա Շարքիյայի մէջ քիմիական զէնքի օգտագործման մասին, յայտնեց, որ այդ ոճիրը դատապարտելը բաւարար չէ, այլ պէտք է հակադարձել անոր, իսկ Ամերիկայի բարեկամները պատրաստ են ատոր: Ան ըսաւ, որ ամերիկացի ժողովուրդը յոգնած է պատերազմներէն, սակայն «պատմութիւնը մեզ պիտի դատէ, եթէ քիմիական զէնքի օգտագործման  չհակադարձենք»:

Քերրի ըսաւ, որ Սուրիոյ մէջ միջամտութիւնը սահմանափակ պիտի ըլլայ, բաց ժամկէտով պիտի չըլլայ եւ սուրիական քաղաքական պատերազմին մէջ «պիտի չմիջամտենք»` աւելցնելով, որ իրենք յանձնառու են Սուրիոյ տագնապին բանակցութեան ճամբով խաղաղ լուծման: Ան նշեց, որ Ղութայի յարձակումին պատճառով արձանագրուած են 1429 զոհեր, որոնցմէ 426¬ը` մանուկներ:

Ուաշինկթընի Դաշնակիցները Կը Հրաժարին
Սուրիոյ Հարուած Հասցնելու Ծրագիրէն

Բրիտանիոյ խորհրդարանը հինգշաբթի գիշեր աւելի քան ութ ժամ տեւողութեամբ բուռն քննարկումներէ ետք եւ 23 ձայնի տարբերութեամբ մերժեց Սուրիոյ մէջ զինուորական միջամտութիւն կատարելու կառավարութեան առաջարկը: Խորհրդարանը նաեւ մերժեց կառավարութեան բանաձեւը` բարեփոխելու ընդդիմութեան առաջարկը: Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն խորհրդարանին մէջ իր կրած պարտութենէն ետք յայտարարեց, որ կը խոստանայ Սուրիոյ մէջ զինուորական միջամտութեան հարցին նկատմամբ խորհրդարանին կամքը յարգել: Ան ըսաւ, որ այս զարգացումէն ետք, այսօր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի հետ պիտի խօսի: Ան ցաւ յայտնեց, որ խորհրդարանը մերժեց կառավարութեան առաջարկը եւ յոյս յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա հասկնայ ժողովուրդին կամքին ականջ տալու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ «չեմ կարծեր, որ ներում հայցելու պէտք կ’ունենամ»:

Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ երէկ յայտարարեց, որ «կրնանք առանց Բրիտանիոյ Սուրիոյ դէմ զինուորական գործողութեան մը մասնակցիլ»` նշելով, որ Սուրիոյ մէջ միջամտութեան համար բոլոր ընտրանքները սեղանի վրայ են:

Ան ըսաւ, որ «Սուրիոյ մէջ քիմիական ոճիրը գործողները պէտք է պատժուին»` աւելցնելով, որ ինք չի բացառեր չորեքշաբթի օրուընէ առաջ Սուրիոյ դէմ զինուորական հարուած մը:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս յայտնեց, որ իր երկիրը եւ դաշնակիցները կը շարունակեն սուրիացի ժողովուրդին դէմ քիմիական զէնք օգտագործելուն համար` սուրիական վարչակարգին հակադարձելու պատրաստութիւնները: Ան նշեց, որ «մենք այդ հակադարձութեան մասին լաւապէս մտածեցինք, եւ այդ հակադարձութիւնը պէտք է վճռակամ ու դէպքին պատշաճ ըլլայ»:

Քրեմլին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով ողջունեց Սուրիոյ մէջ զինուորական միջամտութիւնը մերժող Բրիտանիոյ խորհրդարանի որոշումը` նշելով, որ «Սուրիոյ դէմ զինուորական գործողութեան մը շղթայազերծումը համաշխարհային համակարգին մեծ հարուած պիտի հասցնէ»:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի օգնականը յայտնեց, որ «բրիտանական խորհրդարանի Սուրիան հարուածել մերժելու որոշումը ցոյց կու տայ, որ մարդիկ սկսած են զինուորական քայլին վտանգները հասկնալ»:

Մինչ քիմիական զէնքի օգտագործման հարցով հետաքննիչները երէկ հեռացան Սուրիայէն, Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարը յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ իրողութիւնները ճշդելը գետնի վրայ որեւէ շարժումի նախապայման է: Նշենք, որ միջազգային հետաքննիչները այսօր իրենց զեկուցումը պիտի ներկայացնեն ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի:

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Գերմանիա սուրիական վարչակարգին դէմ զինուորական որեւէ հարուածի պիտի չմասնակցի:

ՕԹԱՆ¬ի ընդհանուր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսեն յայտնեց, որ սուրիական վարչակարգին կողմէ քիմիական զէնքերու օգտագործումը միջազգային ընտանիքէն հակադարձութեան կը կարօտի, սակայն բացառեց, որ ՕԹԱՆ Սուրիոյ դէմ նախատեսուած հարուածին ուղղակի մասնակցութիւն ունենայ:

«Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթի կայքէջը հաղորդեց, որ ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա պատրաստ է միակողմանի կերպով Սուրիոյ սահմանափակ զինուորական հարուած մը հասցնելու:

Իրանեան Կեցուածքներ

Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանի Միացեալ Նահանգները ամբաստանեց Սուրիոյ դէմ յարձակումը նախապէս պատրաստած ըլլալու համար` նշելով, որ «քիմիական զէնքի օգտագործման համար Սուրիոյ կառավարութեան ուղղուած ամբաստանութիւնը պարզապէս պատրուակ է»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաուատ Զարիֆ զգուշացուց «շրջանին մէջ նոր արկածախնդրութեան մը վտանգաւոր հետեւանքներէն»: Ան Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին դատապարտեց «քիմիական զէնքի որեւէ օգտագործում»:

Զօր. Ֆրէյժ. «Պատրաստ Ենք Զինուորական
Որեւէ Ձեւի Յարձակումի Դէմ Դնելու»

Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարար զօր. Ֆահտ Ժասեմ Ֆրէյժ իրանցի իր պաշտօնակից զօր. Հիւսէյն Տահքանի հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին յայտնեց, որ «ոճրագործ ահաբեկիչները քիմիական զէնք օգտագործեցին կիները, մանուկներն ու անմեղները սպաննելով շրջանային եւ մեծ պետութիւններէն յաւելեալ աջակցութիւն ապահովելու, իրենց պարտութիւնը ծածկելու եւ աշխարհի ուշադրութիւնը շեղելով արդարացնելու ոճիրներ կատարել շարունակելը»:

Զօր. Ֆրէյժ ըսաւ, որ Սուրիոյ բանակը պատրաստ է զինուորական որեւէ յարձակումի դէմ դնելու եւ վճռական կերպով պիտի հակադարձէ:

Իսկ իրանցի իր պաշտօնակիցը յայտնեց, որ շրջանին մէջ որեւէ պատերազմի մէջ պարտուող կողմը զայն սկսողն է: Ան շեշտեց, որ ուժի եւ բռնարարքներու կիրարկումը տագնապը մագլցումի պիտի մղէ եւ ընդլայնէ:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ ՄԱԿ¬ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի յայտնեց, որ Սուրիա կը մերժէ, որ ՄԱԿ¬ի հետաքննիչներուն աշխատանքին աւարտէն առաջ ՄԱԿ¬ի ընդհանուր քարտուղարի գրասենեակը մասնակի զեկուցում մը հրապարակէ:

Թրքական Կեցուածքներ

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտնեց, որ իրենք միջազգային ընտանիքէն պահանջած են կասեցնել պատերազմը, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ երեք տարիէ ի վեր իր ժողովուրդին դէմ կը մղէ:

Ան նշեց, որ գաղտնի սպասարկութիւններէն իրենց հասած են տեղեկութիւններ, որոնք կը հաստատեն, որ սուրիական վարչակարգը Ղութա Շարքիյայի մէջ քիմիական զէնք օգտագործած է` աւելցնելով, որ վարչակարգը մերժած է ընդունիլ այդ մէկը եւ հետագային եւս պիտի չընդունի:

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ «մարդկայնականութիւնը կը պահանջէ, որ հարիւր հազար սուրիացի սպաննած ոճրագործը պատժուի, ինչ ալ ըլլայ անոր օգտագործած զէնքը»:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )