Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՎԱՐՉԱՊԵՏ Թամմամ Սալամ երէկ Մուսայթպէի մէջ ընդունեց պետական նախարարի պաշտօնակատար Ալի Քանսոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ իսրայէլեան ինը օդանաւեր խզած են երկրին օդային սահմանները` ոտնձգութիւններ գործելով երկրին գերիշխանութեան եւ Ապահովութեան
խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին դէմ:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին հերքեց այն տեղեկագիրները, թէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հրահանգած է Սէուտական Արաբիան ռմբակոծել` Սուրիոյ դէմ զինուորական գործողութիւն մը շղթայազերծելու պարագային:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութիւնը շեշտեց, որ Հըզպալլան պէտք է հեռանայ Սուրիայէն եւ դիւրացնէ Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը:
ԱՔՔԱՐԻ, Թրիփոլիի եւ Սայտայի մզկիթներուն շրջակայքը երէկ ապահովական խիստ միջոցառումներ որդեգրուեցան` պաշտպանելու համար հոն կայանալիք ուրբաթ օրուան նամազները:
ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու բանբեր Անթուանեթ Միտէյ հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատարութեան մօտ կայ իր անձնակազմին ընտանիքները Լիբանանէն հեռացնելու մտադրութիւնը:
ՀՐԹԻՌԱՐՁԱԿՈՒՄ գործած Պալլունէի խմբակին հետ իր հետաքննութիւնը շարունակելու շրջագիծին մէջ, լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը ինը այլ յանցագործներ ձերբակալեց:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանը արտաքին գործոց նախարարութեան մօտ բողոքեց` Հարաւային արուարձաններուն մէջ Հըզպալլայի անցարգելներէն մէկուն կողմէ դեսպանատան պատկանող ինքնաշարժներէն մէկը խուզարկելու դէմ:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ժըպրան Պասիլ զգուշացուց քարիւղի հանքերուն պեղման համար սկսելիք նուազուրդի վաւերացումը ուշացնելու վտանգներէն:
ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ Լիբանանի եւ Թրիփոլիի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաար շեշտեց, որ ինք մօտիկ ապագային պիտի վերադառնայ Թրիփոլի, ուր անոր անձնական ապահովութեան երաշխիքներ պիտի յատկացուին:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նեպիլ տը Ֆրէյժ կոչ ուղղեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ վարչապետ Թամմամ Սալամի կազմելու իրենց հայեցողութեամբ յարմար կառավարութիւն մը, որ կը գործադրէ շրջանի տագնապներէն չէզոք մնալու քաղաքականութիւնը:
ԱՆՊԱՇՏՕՆ աղբիւրներու համաձայն, Լիբանան-Իսրայէլ սահմանին վրայ իսրայէլեան ուժերը կազմ ու պատրաստ վիճակի մէջ են:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը ցաւ յայտնեց, որ կարգ մը քաղաքական անձնաւորութիւններ դատական իշխանութիւններուն աշխատանքին միջամուխ դարձած են, եւ կոչ ուղղեց դատական իշխանութիւնները չքաղաքականացնելու:
ՄԱՐՏ 8-ի քաղաքական ուժերուն համաձայն, Սուրիոյ դէմ զինուորական հարուածը ուժերու հաւասարակշռութենէն ոչինչ պիտի կարենայ փոխել:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի շեշտեց, որ Սուրիան հարուածելու պատճառաբանութիւններ գտնելու մեծ դժուարութիւններ կան:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, հարաւային Լիբանանի եւ Արեւմտեան Պեքաայի մէջ Հըզպալլայի մարտիկները զօրաշարժի ենթարկուած են ու կը գտնուին պատրաստ վիճակի մէջ:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Ֆարես հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ խաղաղութիւն կարելի չէ հաստատել, այնքան ատեն որ Սուրիոյ կացութիւնը պայթուցիկ է:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ յայտնեց, որ իրենց պարտականութիւնն է կանխարգիլել շրջանը հարուածող վտանգները` վերադառնալով լիբանանեան ներքին հարցերուն լուծման:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Միշել Մուսա յայտնեց, որ միջազգային ընտանիքը պէտք է օժանդակէ Լիբանանին` սուրիացի գաղթականներու թղթածրարին հարցով:
ԸՍՏ «Տիար» օրաթերթին, միջազգային դէտեր յայտնած են, որ Լիբանանի վատագոյն իշխանութիւնը եղած է վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի օրերուն: Նոյն օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն տեղեկահաւաքի բաժանմունքին միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւուած են: «Մինչդեռ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի միջեւ յարաբերութիւնները հետզհետէ աւելի կը վատթարանան», նշուեցաւ «Տիար»-ի մէջ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ Սուրիոյ դէմ հասնելիք զինուորական հարուածը իր հետեւանքները պիտի ունենայ Լիբանանի վրայ:
ԿԸ նախատեսուէր, որ երէկ կէս գիշերին Պէյրութի միջազգային օդակայան ժամանէր քուէյթեան օդանաւ մը եւ Պէյրութ գտնուող քուէյթցի քաղաքացիները փոխադրէր Քուէյթ:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ ժոմպլաթ յայտնեց, որ Սուրիոյ դէմ հարուածը վճռորոշ չի կրնար ըլլալ` նկատի ունենալով, որ Սուրիան ռմբակոծելու իմաստով միջազգային համախոհութիւն չկայ: