Ապատի. «Իրան Պատրաստ Է Դէմ Դնելու Որեւէ Հաւանականութեան»

Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի, անդրադառնալով Սուրիոյ դէմ զինուորական յարձակում գործելու գծով միջազգային կեցուածքին, յայտնեց, որ Սուրիան հարուածելու հաւանականութիւնը համեմատաբար կը նուազի, «սակայն տակաւին պէտք է սպասել»:

Ապատի շեշտեց, որ Իրան պատրաստ է դէմ դնելու որեւէ հաւանականութեան:

Ապատի նշեց, որ Իրանի եւ Սուրիոյ միջեւ յարաբերութիւնները ռազմավարական են` աւելցնելով, որ Իրան մնայուն կերպով զօրակցած է Սուրիոյ, «եւ այս հանգրուանին եւս ան Սուրիոյ նեցուկ կը կանգնի», ընդգծեց Ապատի` նկատել տալով միաժամանակ, որ Սուրիոյ դէմ որեւէ մագլցողական քայլ կրնայ ամբողջ շրջանը հրկիզել:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )