Սապունճեան-Նահհաս-Ապպուտ Արտակարգ Նիստ
Ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեան, զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆատի Ապպուտ եւ տնտեսութեան ու առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Նիքոլա Նահհաս տնտեսութեան ու առեւտուրի նախարարութեան կեդրոնին մէջ գումարեցին արտակարգ նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան Տնտեսական խորհուրդներուն կեցուածքները:
Նիստէն ետք միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Սապունճեան, Նահհաս եւ Ապպուտ յայտնեցին, որ իրենք որոշած էին պետական մարմիններուն, հրաժարեալ վարչապետին, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչին, ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատարին եւ Տնտեսական խորհուրդներուն հետ հանդիպումներ ու խորհրդակցութիւններ կատարել` տնտեսական, զբօսաշրջական, առեւտրական եւ ճարտարարուեստի մարզերուն դիմագրաւած հարցերուն շուրջ:
«Սակայն նկատի ունենալով, որ Տնտեսական խորհուրդները կոչ ուղղեցին փակելու վաճառատուներն ու սեփական հաստատութիւնները` երկրին քաղաքական իշխանութիւններուն վրայ ճնշում բանեցնելու եւ կառավարութեան կազմութիւնը պահանջելու նպատակով, մենք որոշեցինք բոլոր կողմերը խորհրդակցութեանց հրաւիրելու մեր քայլը առկախել եւ պատասխանատու նախարարներու պաշտօնակատարներուն հետ մեր խորհրդակցութիւնները շարունակել, որպէսզի կարելի ըլլայ համապատասխան որոշումները կայացնել եւ զանոնք փոխանցել հրաժարեալ վարչապետին», ըսաւ Նահհաս:
Իր կարգին, Վ. Սապունճեան յայտնեց, որ պետական պատասխանատուները քաջ գիտեն տիրող կացութեան մասին, յատկապէս նկատի ունենալով Միջին Արեւելքի եւ Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը:
«Սակայն պէտք է հանդիպումներն ու խորհրդակցութիւնները շարունակել` յարմար լուծումներ գտնելու նպատակով», ըսաւ ան:
Վ. Սապունճեան աւելցուց, որ մէկ կամ երկու օրով գործարաններն ու հաստատութիւնները փակելով կարելի չէ հարցերը լուծել, այլ անհրաժեշտ է գործակցիլ` յանգելու համար յստակ լուծումներու:
Միւս կողմէ, Ապպուտ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ զբօսաշրջութեան մարզը յստակ կերպով տուժած է. ան աւելցուց, որ իրենք կառավարութեան կազմութեան դէմ չեն` նշելով, որ եթէ գործադուլը կրնայ կառավարութեան մը կազմութեամբ արդիւնաւորուիլ, ապա իրենք ոչ մէկ արգելք ունին: