Բրիտանիա Կը Զգուշացնէ Իր Քաղաքացիները
Բրիտանիա երէկ զգուշացուց իր քաղաքացիները Լիբանան այցելելէ, բացի եթէ շատ կարեւոր եւ շտապ լուծուելիք հարցեր կան:
Բրիտանիա կոչ ուղղեց Լիբանանի մէջ գտնուող իր քաղաքացիներուն Թրիփոլի, Պաալպեք-Հերմել, պաղեստինեան գաղթակայաններ, Արսալ, Պէյրութի Հարաւային արուարձաններ եւ Լիբանան-Սուրիա սահմանամերձ շրջաններ չուղղուելու:
Բրիտանիա շեշտեց, որ Լիբանանի ապահովական կացութիւնը կրնայ յանկարծ վատթարանալ:
Միւս կողմէ, Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըր կոչ ուղղեց լիբանանցի պատասխանատուներուն` կեդրոնանալու լիբանանեան ազգային միասնականութեան վրայ եւ պահպանելու Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը, ինչ ալ ըլլայ Սուրիոյ մէջ տիրող կացութիւնը:
CATEGORIES Լիբանանեան

