Շարմազանով Բարձր Կը Գնահատէ Ռուս Գործիչներու Ղարաբաղ Այցելութիւնը
Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանով երէկ ընդունեց Լեռնային Ղարաբաղ այցելած ռուս լրագրողներ եւ հասարակական գործիչներ Աննա Չափմանը, Եքաթերինա Փանինան, Սերկէյ Քառնաուխովը, Իրինա Փոլմաչեւան, Փաւել Սիկալը եւ «Ռուս-հայկական համագործակցութիւն» կազմակերպութեան նախագահ Եուրի Նաւոյեանը:
Ազգային ժողովի փոխնախագահին գրասենեակը հաղորդեց, որ Էդուարդ Շարմազանով բարձր գնահատեց ռուս հասարակական գործիչներու նախաձեռնութիւնը` անձամբ Լեռնային Ղարաբաղ այցելելու եւ իմանալու ճշմարտութիւնը Արցախի ու արցախցիի մասին: Ռուս լրագրողները եւ հասարակական գործիչները հիացմունքով խօսեցան Արցախի հիւրընկալ ժողովուրդի տոկունութեան, համերաշխութեան, անկախ ու բարեկեցիկ երկրի մէջ ապրելու վճռականութեան մասին` միաձայնութեամբ հաստատելով, որ արցախցիին ամէնէն բնորոշ յատկանիշներէն մէկը խաղաղասիրութիւնն է: Անոնք վստահեցուցին, որ իրենց նախաձեռնութիւնը շարունակական պիտի ըլլայ, եւ իրենք Արցախի հետ մշակութային ու մարդասիրական տարբեր ծրագիրներ իրականացնելու մասին լուրջ նպատակներ ունին:
Հիւրերը տեղեկացուցին նաեւ, որ նախորդ օրը այցելած են Հայոց եղեռնի զոհերու յուշահամալիր, իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին եւ որոշեցին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցին ընդառաջ` այսպիսի անմարդկային բարբարոսութիւններ կանխարգիլելու նպատակով իրականացնել ճանաչողական տարբեր նախաձեռնութիւններ:


