ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Միութեան Մամլոյ Ասուլիս . «Միտումնաւոր Կերպով Կը Փորձեն Անգրագէտ Սերունդ Մեծցնել»

ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան ատենապետ Գերասիմ Վարդանեան երէկ լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին յայտնեց, որ տարիներ շարունակ տարբեր համալսարաններու տարբեր բաժանմունքներուն մէջ բարձրացած է կրթաթոշակը, բայց անհասկնալի է, թէ ինչպէ՞ս ղեկավարուած են այդ տնտեսական հոսքերը, այն պարագային, երբ կրթութեան մարզին մէջ որակական եւ առանցքային որեւէ բարեփոխում տեղի չէ ունեցած: Ըստ անոր, այսօր ընկերային վատ վիճակի մէջ գտնուող Հայաստանի քաղաքացիները զրկուած են պետական համալսարաններու շարք մը բարձր կրթաթոշակ ունեցող բաժանմունքներուն մէջ ուսանելու կարելիութենէն եւ, ըստ անոր, ասիկա Հայաստանի սահմանադրութեան խախտում է, որ Հայաստանի իւրաքանչիւր քաղաքացիի իր փափաքած կրթութիւնը ստանալու կարելիութիւն կու տայ: «Միտումնաւոր կերպով կը փորձեն անգրագէտ սերունդ մեծցնել», ըսաւ ան:

Վարդանեան համալսարանի կրթաթոշակի բարձրացումը ընկերային-տնտեսական այս իրավիճակին մէջ կը նկատէ անօրինական: «Որոշումը չէ տրուած Տնտեսական մրցակցութեան յանձնախումբին կողմէ, իսկ համալսարաններու նախագահները լիազօրութիւն չունէին ատիկա հաստատելու», ըսաւ Գերասիմ Վարդանեան:

Նոյն միութեան վարչութեան անդամ Մհեր Ղազարեան յայտնեց, որ իրենց բողոքը ուղղուած է ոչ միայն կրթաթոշակներու թանկացման, այլ նաեւ նոյն մարզին մէջ գոյութիւն ունեցող այլ բացթողումներու դէմ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )