Նախագահ Սարգսեան Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսներուն Հետ Քննարկած Է Սուրիահայութեան Աջակցելու Հարցը

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 30 օգոստոսին հեռաձայնային կապ հաստատած ու զրուցած է Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսներուն հետ:

Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը կը հաղորդէ, որ նախագահը վեհափառ հայրապետներուն հետ քննարկած է Սուրիոյ առնչութեամբ ստեղծուած իրավիճակի լոյսին տակ սուրիահայ համայնքին եւ Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութեան աշխատակիցներուն անվտանգութեան առնչուող հարցեր:

Զրուցակիցները քննարկած են ուժերը համախմբելու, առկայ լարուած եւ վատթարացող մարդկային կացութեան մէջ տագնապալի օրեր ապրող սուրիահայ մեր կարիքաւոր եղբայրներուն ու քոյրերուն համակարգուած կերպով սատարելու եւ անոնց առաւելագոյն աջակցութիւն ցուցաբերելու ուղիները:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )