Այնճար. ՀՅԴ «Սարգիս Զէյթլեան» Վերանորոգուած Ժողովրդային Տան Բացում

 

 

 

 

 

 

 

Այնճարի ՀՅԴ «Սարգիս Զէյթլեան» վերանորոգուած ժողովրդային տան բացումը տեղի ունեցաւ երէկ` ուրբաթ, 30 օգոստոսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին:

Բացման խօսքը արտասանեց ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ Կարօ Փիլաւճեան: Ան ներկաները հրաւիրեց յոտնկայս յարգելու  նահատակ ընկերներուն յիշատակը, ապա յայտնեց, որ «վերանորոգուած ժողովրդային տան բացումը յատկանշական օր մըն է  «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաշնակցական օրատետրին վրայ»:

Ան իր խօսքը աւարտեց ըսելով. «Մեզի պէտք են փայլուն նոր սերունդներ, որոնք կրնան Դաշնակցութեան բոլոր արժէքները իրենց մտքին մէջ, Հայաստանն ու Արցախը` իրենց սրտին մէջ, հայութիւնը` իրենց խղճին մէջ, Մուսա լերան բարբառն ու աւանդութիւնը` իրենց ենթագիտակցութեան մէջ, հայոց պատմութիւնն ու լեզուն առօրեայ յիշողութեան մէջ, պատմական Հայաստանը` իրենց տեսլականին մէջ:»

Կարօ Փիլաւճեան

Յակոբ Այնթապլեան

ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի խօսքը փոխանցեց Յակոբ Այնթապլեան, որ շեշտեց կեդրոնի կարեւորութիւնը` ընդհանրապէս Լիբանանի եւ յատկապէս Այնճարի հայութեան համար:

Ան ըսաւ. «Այս կեդրոնը կը դնենք մեր ժողովուրդի տրամադրութեան տակ, ընդլայնուած եւ բարեզարդուած: Այս կեդրոնը պիտի գոհացնէ մեր պատանիներն ու երիտասարդները` նոր մղում տալով անոնց գործունէութեան:

Ան յայտնեց, որ «ժողովրդային այս տունը պիտի ըլլայ նաեւ մեր մշակոյթի տունը, ազգապահպանման կեդրոնը, ինչպէս նաեւ մեր բոլոր ուժերը համախմբող կեդրոնը»:

Ան շնորհաւորեց բոլոր հայրենակիցները այս ուրախ առիթով` յայտնելով, որ «այս տունը ձեր բոլորինն է եւ կը մաղթենք, որ ան ծառայէ մեր բոլորիս նպատակներուն յաջողութեան»: Իր խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՅԴ Բիւրոյին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, Այնճարի քաղաքապետութեան, Երջօ Սամուէլեանին, Ճորճ Պուչիքեանին, Կարօ Իբրաճեանին, Հրակ Սթամպուլեանին եւ բոլոր անոնց, որոնք նիւթապէս եւ բարոյապէս սատարեցին այս կեդրոնի վերակառուցման:

Վիգէն Քէշիշեան

Տիգրան Ճինպաշեան

Շուիով հանդէս եկաւ Վիգէն Քէշիշեան, որ ներկայացուց ազգային-յեղափոխական երգեր:

ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Կեդրոնական կոմիտէի կողմէ  Տիգրան Ճինպաշեան փոխանցեց այս առիթով իր սրտի խօսքը: Ան անդրադարձաւ մեր ակումբներու առաքելութեան. անոնք սոսկական  ժողովասրահներ չեն միայն, այլ նաեւ` հայ մշակոյթի եւ հայկական կեդրոններ, որոնք կը ծառայեն մեր ժողովուրդին:

Ան անդրադարձաւ դաշնակցական մեծ նահատակ Սարգիս Զէյթլեանի կեանքին ու գործին, յատկապէս վեր առնելով անոր մեծ ներդրումը մեր գաղութային կեանքին մէջ աւելի քան երեք տասնամեակներու ընթացքին:

Ան շնորհաւորեց բոլոր դաշնակցականները եւ յատկապէս այնճարցիները` այս առիթով մաղթելով, որ բեղուն գործունէութիւն տարուի այս կեդրոնին մէջ:

Հանդիսութեան աւարտին Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան յատուկ յիշատակի նուէր մը փոխանցեց «Կարմիր լեռ» կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկերոջ, որմէ ետք ՀՅԴ Բիւրոյի կողմէ լիազօրուած Տիգրան Ճինպաշեան, ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկերներուն, բացումը կատարեց վերանորոգուած կեդրոնին` եռագոյն ժապաւէնի հատումով:

 

 

 

 

 

 

 

Ներկաները առիթ ունեցան ծանօթանալու կեդրոնի տարբեր բաժիններուն, որմէ ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )