Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Այսօր պիտի գտնէք այն ամէնը, զոր կը փնտռէիք ձեր սիրոյն համար: Յաջող օրերէն մէկն է այս:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Հետեւելով ձեր անցեալին` պիտի կարենաք նոր կապեր հաստատել կարգ մը անձերու հետ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ինքնատիպ ձեւ մը պիտի գտնէք ձեր աշխատանքը ներկայացնելու համար: Շատեր պիտի համոզուին ձեր ըրածով:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Դրամը կու գայ, բայց պէտք չէ, որ զայն ծախսէք անհաշիւ կերպով: Ձեր պիւտճէին տէր եղէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Բարձր տրամադրութիւն պիտի ունենաք: Ձեր շուրջինները պիտի հիանան ձեր վերաբերումին: Օրը յաջող է:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ինքնավստահ էք, պիտի յառաջդիմէք ամենայն յաջողութեամբ: Մի՛ վհատիք փոքր հարցերէ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր բարեկամները ձեր շուրջն են, միասնաբար ուրախ ժամեր ապրելու պատրաստ: Ուրախութիւնը առողջութիւն է:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Միայն մէկ բնոյթի գործի համար չէք ստեղծուած: Ունիք կարողութիւն այլազան տաղանդներ արտայայտելու: Օգտագործեցէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Արտասահմանէն լուրեր պիտի ստանաք, պիտի ուրախանաք, ուրիշներ եւս պիտի մասնակցին ձեր ուրախութեան:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Նոր վերամուտ, նոր ծրագիրներ, լաւատես եղէք: Աստուած կ՛օգնէ ձեզի:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Տնտեսական յաջող գործառնութիւն մը պիտի ունենաք: Շարունակեցէք նոյն ձեւով:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Պիտի վերագտնէք ձեր թափը, պիտի ըլլաք գործունեայ` օրինակ դառնալով նորեկ պաշտօնեաներու: Օրը բարի է:

