Գիտութիւն Եւ Կենցաղ. Ճաշի Պահուն Զրուցելը Կը Բարելաւէ Մանուկներուն Ինքնավստահութիւնը

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ՏԱՐԲԵՐ ԲԱՆ ԿԸ ՊԱՏԱՀԻ, ԵՐԲ ՃԱՇԻ ՊԱՀՈՒՆ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒՆ ԱՉՔԵՐԸ ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՊԱՍՏԱՌԻՆ ՍԵՒԵՌԱԾ ՉԵՆ: ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑԵԼՈՒ ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ԶԱՐԳԱՆԱՆ, ԵՐԲ ԱՆՈՆՔ ԿԸ ՇԱՂԱԿՐԱՏԵՆ ՃԱՇԻ ՍԵՂԱՆԻՆ ՇՈՒՐՋ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ԳՐԷ ԼԱՅՆԱԾԱՒԱԼ ՆՈՐ ՀԱՐՑԱԽՈՅԶԻ ՄԸ ՄԱՍԻՆ, ՈՐՈՒՆ ԱՐԴԻՒՆՔԸ ՑՈՅՑ ԿՈՒ ՏԱՅ, ԹԷ ԶՐՈՒՑԵԼԸ ԿԵՆՍԱԿԱՆ Է ԵՒ ԿԵԱՆՔԻ ՀԱՄԱՐ` ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ:

Բրիտանիոյ մէջ 35 հազար մանուկներու վրայ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց կու տայ, թէ շատ աւելի ինքնավստահ են այն մանուկները, որոնք իրենց ընտանիքին հետ կը նստին ճաշի սեղանին շուրջ եւ կը զրուցեն:

«Նեշընըլ լիթըրըսի թրասթ» հիմնարկին կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւնը նաեւ ցոյց կու տայ, թէ չորս մանուկէն մէկը առիթ չ՛ունենար օրը մէկ անգամ իր ընտանիքին հետ ճաշելու եւ զրուցելու:

Գրաճանաչութեան համար պայքար մղող եւ շարժապատկերի «Իսթենտըրզ» ժապաւէններու շարքի նախկին դերասանուհի Նաթալի Քասիտի կ՛ըսէ. «Սնունդը մեր մարմնին վառելանիւթն է: Նոյնպէս ալ զրոյցը` մեր ուղեղին»:

Քասիտի ծնողներուն կը թելադրէ. «Նոյնիսկ երբ ժամանակ չունիք, առնուազն 10-15 վայրկեան պէտք է տրամադրէք ձեր զաւկին հետ միասին նստելու»:

«Արտասանուած բառը եւ լսուած բառը առաջին քայլերն են սորվելու գործընթացին», կ՛ըսէ ան` ակնարկելով իր երեք տարեկան զաւկին:

Բրիտանիոյ տարածքին 188 դպրոցներէ 8-16 տարեկան մանուկներ անցեալ տարի իրենց դասարաններուն մէջ պատասխանեցին հիմնարկին ուղարկած հարցարանին:

Մէկտեղուած տեղեկութիւնները ցոյց կու տան, թէ մանուկներուն 62 առ հարիւրը, որ իր ընտանիքին հետ կը զրուցէ ճաշի պահուն, ինքնավստահ կերպով կը խօսի խումբի մը դիմաց, բաղդատած` այն 47 առ հարիւրին, որ լուռ կը նստի ճաշի պահուն, եւ` 52 առ հարիւրին, որ իր ընտանիքին հետ չի ճաշեր:

Ճաշի պահուն իրենց ընտանիքին հետ զրուցող մանուկներուն 75 առ հարիւրը կ՛ըսէ, թէ ինքնավստահ կերպով կը մասնակցի դասարանային քննարկումներու, բաղդատած` 57 առ հարիւրին, որ կը նստի ճաշելու, սակայն երբեք չի զրուցեր կամ հազուադէպօրէն կը զրուցէ, եւ` 64 առ հարիւրին, որ ճաշի չի նստիր իր ընտանիքին հետ:

Ուսումնասիրութիւնը նաեւ ցոյց կու տայ, թէ մանուկներուն եւ պատանիներուն մեծամասնութիւնը, այսինքն 87 առ հարիւրը ճաշի կը նստի իր ընտանիքին հետ: Թէեւ այս ընտանիքներուն գրեթէ 74 առ հարիւրը ճաշի պահուն կը զրուցէ ամէն օր, սակայն 7 առ հարիւրը լուռ կը ճաշէ միասին:

Դպրոցին մէջ ճաշող մանուկներուն 71 առ հարիւրը կը զրուցէ իր ծնողներուն հետ, երբ կը ճաշէ տան մէջ:

Տան մէջ ճաշի պահուն զրուցող տարիքով աւելի մեծ` 14-16 տարեկան աշակերտներուն համեմատութիւնը 68 առ հարիւր է, իսկ 11-14 տարեկան մանուկներուն համեմատութիւնը` 76 առ հարիւր:

«Նեշընըլ լիթըրըսի թրասթ»-ի Ուըրտծ ֆոր լայֆ (բառեր` կեանքի համար) վերնագիրով արշաւը ընտանիքներուն կոչ կ՛ուղղէ քաջալերել իրենց զաւակները, որ խօսին եւ լսեն: «Կարելի է դիմել շատ պարզ միջոցներու, ինչպէս` միասին զրուցել ճաշի պահուն», ինչպէս կ՛առաջարկեն արշաւին ձեռնարկողները:

Հիմնարկին տնօրէնը` Ճոնաթան Տակլըս կ՛ըսէ. «Մեր ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ, թէ տան մէջ զրուցելը որքա՛ն կենսական է մեր մանուկներուն ապագայի յաջողութեան համար»:

«Տան մէջ հաղորդակցիլը եւ զրուցելը, օրինակ` ճաշի պահուն, պիտի օգնէ մեր զաւակներուն` զարգացնելու այն կարողութիւնները, որոնց պէտք ունին ապագային յաջող եւ ուրախ կեանք մը ապրելու համար»:

 

Share this Article
CATEGORIES