Գիտութիւն Եւ Կենցաղ. Բրքուկը (Պրոքոլի) Կը Դանդաղեցնէ Յօդատապը
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ՍՈՎՈՐԱԿԱՆ ԲՐՔՈՒԿԸ ԿԸ ՊԱՐՈՒՆԱԿԷ ԿԼՈՒՔՈՐԱՖԱՆԻՆ ԱՆՈՒՆՈՎ ԲԱՂԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ, ՈՐ ԿՐՆԱՅ ԴԱՆԴԱՂԵՑՆԵԼ ԵՒ ՆՈՅՆԻՍԿ` ԿԱՆԽԱՐԳԻԼԵԼ ՈՍԿՐԱՓՏՈՒՄԸ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» Կ՛ԱՒԵՏԷ ԲԱԶՄԱԹԻՒ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ ՕԺՏՈՒԱԾ ԱՅՍ ԲԱՆՋԱՐԵՂԷՆԻՆ ՆՈՐԱԳՈՅՆ ԲԱՐԻՔԸ:
Իսթ անկլիայի համալսարանէն ուսումնասիրողներ ձեռնարկած են մարդոց վրայ նոր ուսումնասիրութեան մը` զայն փորձարկելէ ետք գիտաշխատանոցին մէջ:
Բջիջներու եւ մուկերու վրայ կատարուած քննութիւնններ ցոյց տուած են, թէ բրքուկին մէջ գտնուող բաղադրութիւն մը, որ կը գտնուի նաեւ պրիւքսելի կաղամբին եւ սովորական կաղամբին մէջ, կը խափանէ գործունէութիւնը խմորիչ բաղադրութեան մը, որ կը մաշեցնէ կռճիկը:
Ուսումնասիրողները 20 հիւանդներէ խնդրած են ամէն օր սպառել որոշ քանակութեամբ «գերօժտուած» բրքուկ:
Ծաղկակաղամբի ընտանիքին պատկանող այս բանջարեղէնը փորձարկութեան համար մշակուած է այնպէս, որ օժտուի հարուստ սնունդի յաւելեալ բաղադրութիւններով: Անիկա միացումն է սովորական բրքուկին եւ Սիկիլիոյ մէջ աճող վայրի մէկ տարբերակին:
Մեր մարմինը կլուքորաֆանինի բաղադրութիւնը կը վերածէ սալֆորաֆէյնի, ինչ որ յայտնապէս կը պաշտպանէ յօդերը:
Փորձարկութեան մասնակցող կամաւորները երկու շաբաթ պիտի հետեւին բրքուկի սննդականոնին` նախքան իրենց ցաւոտ ծունկերը վիրաբուժներու նշտրակին յանձնելը:
Ռոզ Տէյվիտսըն գիտաշխատողներու իր խումբին հետ հիւսկէններ պիտի առնէ հիւանդներուն ծունկերէն` քննելու համար, թէ արդեօք բրքուկը որեւէ դրական ներգործութիւն ունեցա՞ծ է:
«Հիւանդներէն խնդրած ենք երկու շաբաթ օրական 100 կր բրքուկ սպառել: Ասիկա սովորական քանակութիւն մըն է. ափ մը բրքուկ, զոր պիտի փափաքէր ուտել ոեւէ մէկը»:
Թէեւ երկու շաբաթը խիստ անբաւարար է` որեւէ մեծ փոփոխութիւն նկատելու համար, սակայն Տէյվիտսըն կը յուսայ, որ այս ժամանակը բաւարար պիտի ըլլլայ` որոշ ապացոյցներ քաղելու «գերօժտուած» բրքուկին բարիքներուն վերաբերեալ:
«Չեմ պատկերացներ, թէ անիկա պիտի բուժէ կամ շրջէ յօդատապի ընթացքը… սակայն կրնայ կանխարգիլել զայն», կ՛ըսէ ան:
Տէյվիտսընի խումբը պիտի փնտռէ ապացոյցներ` փաստելու համար, թէ սալֆորաֆէյնը թափանցած է յօդին մէջ հոն, ուր անոր կարիքը կայ, եւ թէ` անիկա դրական ներգործութիւն կ՛ունենայ բջիջային մակարդակի վրայ:
Բաղդատութիւն պիտի կատարուի 20 այլ հիւանդներու հետ, որոնց ծունկը վիրահատական գործողութեամբ փոխարինուած է արուեստական ծունկով:
Բրիտանիոյ Արթարայթիս Ռիսըրչ հիմնարկի դասախօս Ալըն Սիլման, որ կը հովանաւորէ Տէյվիտսընի աշխատանքը, կ՛ըսէ. «Ցարդ ուսումնասիրութիւններ չեն յաջողած ցոյց տալ, թէ ուտելիքը կամ սնունդը որեւէ դեր ունին ոսկրափտումը կանխարգիլելու մէջ: Հետեւաբար, եթէ մեր յայտնաբերումներուն վաւերականութիւնը կարենանք ապացուցել նաեւ մարդոց վրայ փորձարկութիւններով, ապա կը կարծեմ, թէ մեծ իրագործում մը կատարած պիտի ըլլանք»:
«Գիտենք, թէ մարզանքն ու մարմնի առողջ ծանրութիւն մը պահելը կրնան բարելաւել նման ախտանշաններ եւ նուազեցնել հիւանդութեան յառաջացումի հաւանականութիւնը, սակայն մեր փորձարկութիւնը այլ մակարդակի պիտի հասցնէ այն գաղափարը, թէ սննդականոնը կրնայ խաղալ իր դերը»:
Անասուններու վրայ Տէյվիտսընի կատարած ուսումնասիրութեան արդիւնքները լոյս տեսած են «Արթրայթիս էնտ Ռումըթիզմ» թերթին մէջ:
Յատուկ ձեւով աճեցուած բրքուկի այս տեսակը կը կոչուի Պենեֆորթէ: Անիկա մշակուած է Բրիտանիոյ Ուտեստեղէնի ուսումնասիրութեան հիմնարկին եւ Ճոն Ինըս կեդրոնին նիւթական օժանդակութեամբ:
Բրիտանիոյ տարածքին աւելի քան 8.5 միլիոն անձեր կը տառապին ոսկրափտումէ. մաշեցնող հիւանդութիւն մը, որ կը հարուածէ ձեռքերը, ոտքերը, ողնաշարը, կոնքը եւ ծունկերը: