Գիտութիւն Եւ Կենցաղ. Անհաւանական Պատկերներ
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
Արուեստագէտ եւ լուսանկարիչ Ճուսեփ Քոլարուսսօ իր «Անհաւանական» պատկերներու շարքով կ՛երեւակայէ տարօրինակ եւ երգիծական իրեր, որոնցմէ իւրաքանչիւրը անկարելի, աներեւակայելի կամ պարզապէս անպէտ է իր ձեւագծումով: Ան երբեմն զանոնք կը շինէ ձեռքով, ոմանք կը ստեղծէ ֆոթոշափով: Սակայն ի՞նչ է նպատակը. արուեստագէտը կը յուսայ, որ իւրաքանչիւր պատկեր ակնդիրը պահ մը մղէ մտածելու կամ պարզապէս ժպիտ մը պարգեւելու անոր, ինչ որ բարի նպատակ մըն է: Իրապէս, ո՛վ պիտի չփափաքէր գնել ներկի շիշ մը, որ ներկը կը սրսկէ իր ուզած երանգներով: Արդեօք կարելի՞ է շինել նման բան մը: Ստորեւ` քանի մը կատակներ (յաւելեալ 50 կատակներով կարելի է զուարճանալ արուեստագէտին http://www.giuseppecolarusso.it/improbabilita_.html կայքին մէջ):
CATEGORIES Մշակութային եւ Այլազան




