Գիտութիւն Եւ Կենցաղ. Ուրախ Եմ Ձայնդ Լսելով

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ԱՐԴԵՕՔ ՄԵՆՔ ԿՐՆԱ՞ՆՔ ՄԷԿ ԴԼՓԻՆԸ ԶԱՆԱԶԱՆԵԼ ՄԻՒՍԷՆ: ԴԼՓԻՆՆԵՐԸ ԻՐԵՆՑ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐԸ ԿԸ ՃԱՆՉՆԱՆ ՆՈՅՆԻՍԿ 20 ՏԱՐԻ ԻՐԱՐՄԷ ՀԵՌՈՒ ԱՊՐԵԼԷ ԵՏՔ: ԱՆՈՆՔ ՍԵՐՏ ԲԱՐԵԿԱՄԻ ՄԸ ՍՈՒԼՈՑԸ ԿԸ ԿԱՊԿԵՆ ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՍՏԱՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԿԸ ԳՐԷ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՄԱՍԻՆ, ՈՐ Կ՛ԱՊԱՑՈՒՑԷ, ԹԷ ԱՆԱՍՆԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՄԷՋ ՍՏՆԱՒՈՐՆԵՐԸ ԱՄԷՆԷՆ ԵՐԿԱՐԱՏԵՒ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒՆԻՆ:

Դլփինները կարողութիւնը ունին առնուազն 20 տարի իրենց յիշողութեան մէջ պահելու այլ դլփիններու յատուկ կանչերը, ինչ որ անասուններու քով «դէմքեր» ճանչնալու ամէնէն երկարատեւ յիշողութիւնն է եւ նոյնիսկ կը գերազանցէ զիրար տեսնելով` զիրար յիշելու մարդոց կարողութիւնը:

Իւրաքանչիւր դլփին ունի իրեն յատուկ սուլոց մը, զոր կը գործածէ իբրեւ իր իւրայատուկ կանչը եւ զայն անփոփոխ կը պահէ ամբողջ կեանքին ընթացքին: Ինքնութեան բնորոշ այս ձայները նոյնիսկ աւելի վստահելի են, քան` դէմքի գիծերը, զորս մարդիկ կը ճանչնան, երբ կը տեսնեն զիրար, եւ որոնք կը փոխուին ժամանակի ընթացքին:

Այժմ ուսումնասիրութիւն մը ցոյց կու տայ, թէ դլփինները աւելի քան 20 տարի բաժնուած ապրելէ ետք տակաւին կրնան զանազանել երբեմնի սերտ ընկերակիցի մը սուլոցը` բոլորովին տարբեր սուլոցներէ, զորս կ՛արձակեն իրենց համար օտար դլփիններ:

Այս տեսակի «ընկերային յիշողութիւնը» կը գերազանցէ փիղերու, առաջնակարգ ստնաւորներու եւ բոլոր այլ խելացի անասուններու ճանչնալու կարողութիւնը, որ ուսումնասիրուած է այս ձեւով, կ՛ըսէ Ճէյսըն Պրաք, որ ուսումնասիրութիւնը ներկայացուցած է իբրեւ տոքթորական իր թեզը` Շիքակոյի համալսարանին մէջ:

«Այս ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ, թէ դլփինները կարողութիւնը ունին իրենց ամբողջ կեանքին տեւողութեան զիրար յիշելու` անկախ իրենց կապերէն, սեռային պատկանելիութենէն եւ իրարու հետ կապուածութեան տեւողութենէն: Ասիկա առաջին ուսումնասիրութիւնն է, որ ցոյց կու տայ, թէ ընկերային ճանաչողութիւնը կրնայ առնուազն 20 տարի տեւել մարդէն տարբեր արարածներու քով», կ՛ըսէ Պրաք:

«Կը տեսնենք, թէ անասունի մը ուղեղը կ՛աշխատի այնպիսի մակարդակի մը վրայ, որ կը համապատասխանէ մարդկային ընկերային յիշողութեան: Նման ուսումնասիրութիւններ կարելի է կատարել միայն բանտարկուած անասուններու խումբերու վրայ, ուր գիտենք, թէ անասունները որքան ժամանակ հեռու ապրած են իրարմէ: Գրեթէ անկարելի է նման ուսումնասիրութիւն մը կատարել վայրի բնութեան մէջ», կ՛ըսէ ան:

«Փրոսիտինկզ աֆ տը Ռոյըլ սոսայըթի աֆ Լանտըն Պի.» թերթին մէջ լոյս տեսած ուսումնասիրութեան մէջ ներառուած են Շիքակոյի մօտակայ Պրուքֆիլտի կենդանաբանական պարտէզէն մինչեւ Պըրմիուտայի Տոլֆին Քուեսթ աւազանին նման 6 տարբեր վայրերու մէջ ապրող 53 դլփիններու յատուկ սուլոցները:

Այս վայրերուն մէջ ապրող դլփինները մաս կը կազմեն բանտարկութեան մէջ սերնդագործելու յատուկ ծրագիրի մը եւ երկար տարիներու վրայ պարբերաբար ժամանակ կ՛անցընեն իրարու հետ` ամբողջութեամբ փաստարկուած ձայնագրութիւններով:

Պրաք օտար դլփինի մը սուլոցին ձայնագրութիւնը լսել կու տար այլ դլփինի մը, որ նախապէս բնաւ չէր լսած զայն: Ձայնագրութիւնը քանի մը անգամ լսելէ ետք դլփինը յաճախ սկսած էր ցոյց տալ ձանձրոյթի նշաններ` լսելով սուլոցը դլփինի մը, որուն նախապէս չէր հանդիպած:

Ապա Պրաք սփռած էր սուլոցը դլփինի մը, որուն ժամանակին ծանօթացած էին դլփինները, ապա չափած էր անոնց հակազդեցութիւնն ու վարուելակերպը: «Երբ դլփինները կը լսեն սուլոցը այլ դլփինի մը, որուն ծանօթ էին, յաճախ կը սկսէին շատ արագ մօտենալ ձայնագրութիւնը սփռող գործիքին: Երբեմն կը դառնային անոր շուրջ, կը սուլէին, որպէսզի անիկա պատասխանէր իրենց սուլոցին», կ՛ըսէ Պրաք:

Հետաքրքրական օրինակ մըն է Ալի անունով դլփին մը, որ կ՛ապրի Պրուքֆիլտի կենդանաբանական պարտէզին մէջ: Անիկա ճանչցած է սուլոցը Պէյլի անունով դլփինի մը, որ կը բնակի Պըրմիուտայի մէջ, եւ հակազդած է անոր ձայնագրուած կանչին: Ալի 20 տարի եւ 6 ամիս առաջ այս դլփինին հետ ապրած է Ֆլորիտա Քիզի դլփիններու յատուկ մէկ աւազանին մէջ:

Դլփինները միջին հաշուով 20 տարի կ՛ապրին վայրի բնութեան մէջ, թէեւ բանտարկուած դլփինները կ՛ապրին մինչեւ 45 տարի: Չի բացառուիր այն հաւանականութիւնը, թէ իւրաքանչիւր դլփինի յատուկ սուլոցին ընկերային յիշողութիւնը կը շարունակուի կեանքի ամբողջ տեւողութեան:

Ցարդ ասիկա անասուններու յիշողութեան ամէնէն երկարատեւ գիտական քննութիւն է: Անոր հետ կը մրցին միայն փիղերու յիշողութիւնը ապացուցող կարճ տեղեկագիրները, որոնց համաձայն, փիղերը իրենց մայրերը կը ճանչնան 20 տարի անոնցմէ հեռու ապրելէ ետք:

Այս տարուան սկիզբը լոյս տեսած ուսումնասիրութեան մը համաձայն, Ս. Էնտրուզ համալսարանէն ուսումնասիրողներ ի յայտ բերած են, թէ դլփինները ոչ միայն զիրար կը ճանչնան իւրաքանչիւրին յատուկ սուլոցով, այլ նաեւ կը կապկեն իրենց ընկերակիցներուն յատուկ սուլոցը, որպէսզի հակազդեն անոնք:

«Գիտենք, թէ անոնք այս իւրայատուկ սուլոցները կը գործածեն անունի պէս, սակայն չենք գիտեր, թէ արդեօք այս անունը դլփիններուն ուղեղին մէջ համազօ՞ր է ճիշդ այն բնորոշումին, որ անձի մը անունը կը փոխանցէ մեզի: Նաեւ չենք գիտեր, թէ արդեօք այս անունը կամ սուլոցը դլփինի մը ուղեղին մէջ կը գծէ՞ այլ դլփինի մը պատկերը», կ՛ըսէ Պրաք:

 

Share this Article
CATEGORIES