Ապատեղեկատուութիւն. Թուրքիոյ Եւ Ազրպէյճանի Կողմէ Կատարուած Ապատեղեկատուութիւն (Ա.)

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Մենք, իբրեւ հայ ժողովուրդ, շատ լաւ կը զգանք ապատեղեկատուութիւն բառին իմաստը եւ խորքը, քանի որ մեր դարաւոր հակառակորդը` թուրքը եւ անոր կրտսեր եղբայրը` Ազրպէյճան (նախապէս` թաթար) բաւականին հմուտ են եւ կը գործեն ապատեղեկատուութիւն տարածելու հնարքի այբուբենի քաղաքականութեամբ:

Տարիներէ ի վեր մեր զանազան յօդուածներու մէջ եւ զգօնութեան համար փոքր բաժինով միայն լուսարձակի տակ առած էինք Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ կանխամտածուած եւ ծրագրուած ձեւով ամէն տեսակի եւ բնագաւառներու մէջ ապատեղեկատուութիւն տարածելու իրողութիւնը:

Այս յօդուածը, սակայն, ամբողջութեամբ կը յատկացնենք ապատեղեկատուութիւն բառեզրին, եւ բնականաբար, այդ մասին վերը երկար բացատրութենէ ետք, ստորեւ կու տանք կարգ մը օրինակներ` ուղղակիօրէն ընթերցողին ուշադրութեան յանձնելու համար:

Այստեղ նախ հարկ է նշել կարեւոր փաստ մը. «Ազրպէյճան» անուանումն անգամ ազրպէյճանցիներուն հնարածը չէ. իրականին մէջ անիկա պատմական Իրանի Ատրպատական նահանգին անունն է, որ բառին բուն իմաստով գողցուած է` ելլելով հեռուն գացած քաղաքական նկրտումներէ: Ազրպէյճանցիներու քայլերը ուղղուած են գերազանցապէս հայ մշակոյթի եւ պատմութեան փաստերու խեղման, որուն շնորհիւ Ազրպէյճանը նպատակ դրած է միջազգային հանրութեան ներկայանալ իբրեւ դարաւոր հարուստ պատմութիւն ունեցող բնիկ ժողովուրդ` հայերու ու հայկական մշակութային ժառանգութեան նկատմամբ յանցանքները կոծկելով:

Սկսելու համար այս բաժինը` նախ պէտք է ըսել, որ երբ մուտք կը գործենք ընկերային կայքեր, լաւ կը հասկնանք, թէ ի՛նչ կը նշանակէ հայ-թրքական եւ հայ-ազրպէյճանական նոր սերունդի տեղեկատուական պատերազմ, որուն նպատակը աշխարհին ապատեղեկատուութիւն տարածելն է: Երբեմն հակառակորդները կը տարածեն այդ ապատեղեկատուութիւնը` հասկնալու համար Հայաստանի վարքագիծը նման իրավիճակի մէջ: Բացի այդ, Հայաստանի եւ անկախութիւն նուաճած Արցախի Հանրապետութեան դէմ սկսած հակառակորդին յարձակումը, հոգեբանական եւ քարոզչական ճնշումները կը միտին վախ յառաջացնել հայ երիտասարդներուն մէջ`  վերջիններուս հոգեբանօրէն ստիպելով  անհրաժեշտութեան պարագային ետ կանգնիլ հնարաւոր պատերազմէն կամ իրենց վերադարձնել Արցախը: Պէտք է զգօն ըլլալ` հասկնալու համար իրականը կեղծէն ու թոյլ չտալ զոհ երթալու հոգեբանական ազդեցութեան:

Անցնող տարիներուն Թուրքիա եւ Ազրպէյճան ընդհանրապէս գործադրած են նախայարձակում, պատերազմ, արիւնահեղութիւն, աւերածութիւն, գաղթականութիւն, շրջափակում, որոնց ողբերգական հետեւանքներուն պատասխանատուութիւնը կ’իյնայ նման նախայարձակում ձեռնարկող կողմին վրայ:

Այս բոլորը, սակայն, քողարկելու համար բնականաբար կը դիմուի ապատեղեկատուութեան. պատմական իրողութիւնները կը խեղաթիւրուին հանրագիտարաններու, կայքէջերու, լրատուութեան զանազան բնագաւառներու մէջ:

Պատմական Հայաստանի տարածքին գտնուող շրջաններն ու գիւղերը, լեռներն ու գետերը, որոնք հայկական կամ հայերու կողմէ նշանակուած անուններ էին, բոլորն ալ ենթարկուած են փոփոխութեան կամ անոնց նմանող թրքերէն անուններ տրուած են, օրինակ.

Աղթամարը փոխարինուած է «Աք տամար»-ի, որ կը նշանակէ սպիտակ երակ:

1001 եկեղեցիներու քաղաք Անին` Անը, որ ունի երկու իմաստ` կը նշանակէ յիշատակ կամ պահ, ակնթարթ:

Բիւրակնը` Պինկէօլ:

Արարատ լեռը` Աղրը:

Վանի մէջ կը գտնուի Վանայ կատուի կեդրոնը, բնականաբար թուրքերը կեդրոնը կոչած են «Թրքական կատուի կեդրոն» անունով, ամէն բան թրքացնելու միտումով:

18-19 դարերուն Կոստանդնուպոլսոյ մէջ գործած Ճարտարապետներու եւ արուեստագէտներու Պալեան ընտանիքի ազգանունն ու գործերը տեղ-տեղ տարբեր անունի պիտակի տակ ներկայացուած են թուրքերու կողմէ:

Հայ ազգի երաժշտական գործիք ծիրանափողը` տուտուկը, թուրքերու կողմէ ոչ թէ կ’իւրացուի, այլ կը բացատրուի, որ թրքական ծագում ունի:

Հայուն յատուկ նուռի նշանակութիւնը եւս իւրացուած է թուրքերուն կողմէ եւ արդէն տեղ գտած` թրքական ֆիլմաշարերու մէջ կամաց-կամաց այդ մէկն ալ նաեւ ծանօթացնել իբրեւ թրքական:

Հայուն յատուկ պարարուեստը եւ պարային կշռոյթներու իւրացում:

Հայկական երաժշտութիւններ ու երգեր, յատկապէս «Տըլէ եաման» եւ «Սոնա եար»-ը արդէն կը սեպեն իրենցը եւ այդպէս ալ կը տարածեն:

Շարժապատկերներու բնագաւառին մէջ նաեւ, թրքական պետութեան կողմէ ընդհանրապէս մեծածախս գումարներով պատրաստուած են եւ կը պատրաստուին ժապաւէններ, որոնք նպատակադրուած են պատմութիւնը նենգափոխելու, խեղաթիւրելու, ապատեղեկատուութիւն տարածելու: Վերջին տարիներուն ակնյայտ է թրքական այս տեսակի ժապաւէններու աճը, պատրաստուած` ուղղակի թրքական պետութեան կողմէ, ազգայնամոլ շրջանակներու ուղղութեամբ եւ կամ այն ակադեմական անձերու կողմէ, որոնց հսկայական նիւթական ներդրում յատկացուած է զանազան լծակներու կողմէ:

Թրքական կառավարութեան «ջանքերով» եւս նկարահանուած են 1915-ի դէպքերուն «առնչուող» շարժապատկերներ, որոնց մէջ, սակայն, ոչ թէ կը պատմուի Հայոց ցեղասպանութեան, այլ «թուրք ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարին մասին»: Այս բոլորը կարծէք բաւարար չեն, անոնց վրայ կ’աւելնան նաեւ հայկական ազգային նուագարան` ծիրանափողի (տուտուկ) երաժշտութիւնը, ինչո՞ւ չէ, նաեւ` հայկական երաժշտութիւններ, զոր վերը յիշեցինք:

30 սեպտեմբեր 2009-ին թրքական լրատուական գործակալութիւններն ու մամուլը հրապարակեցին պետական քարտէսագրական սպասարկութեան պատրաստած մէկ քարտէսը, ուր Պուլկարիոյ, Յունաստանի տարածքները, Ռոտոսը, Կրետէն, Կիպրոսը, Նախիջեւանը, հիւսիսային Իրաքը, Պաթումը եւ… Հայաստանը ամբողջութեամբ ներկայացուած են իբրեւ թրքական տարածք:

«Առանց նախապայմաններու» յարաբերութիւններ հաստատող մեր հարեւանները արդէն իսկ «կլլած» են Հայաստանը…

Նշենք, որ վերոնշեալ քարտէսը Թուրքիոյ կրթական 2009-2010 տարեշրջանի առիթով հրատարակուած էր դասագիրքերու մէջ:

Օրին թրքական պատկերասփիւռի կայանները տեղեկացուցին այս գայթակղութիւնը, սակայն քարտէսին մէջ ներառուած հողատարածքներէն զանց առին միայն Հայաստանի Հանրապետութիւնը (դիտումնաւոր)` նկատի առնելով այդ օրերուն Թուրքիա-Հայաստան ստորագրուելիք տխրահռչակ փրոթոգոլը:

Թրքական դասագիրքերը, յատկապէս քարտէսով, ապատեղեկատուութիւն տարածելու համար ընտրուած են իբրեւ ամէնէն լաւ միջոց:

Հայոց Բագրատունի թագաւորական տոհմին օրով Հայաստանի մայրաքաղաք հանդիսացած Անիի վերաբերեալ թրքական ապատեղեկատուութիւնները կը շարունակուին տարածուիլ: Իբրեւ արդիւնք` նոյնիսկ ընկերային կայքերու մէջ որոշ հայ օգտատէրեր թրքական իշխանութիւններուն գովերգող մեկնաբանութիւններ կը գրեն:

Այստեղ կ’ակնարկենք 2010-ին թրքական մամուլի մէջ յայտնուած «Անիի եկեղեցիները կը վերանորոգուին» կամ «Անիի եկեղեցիներու վերանորոգումը կ’աւարտի մինչեւ սեպտեմբերի 15-ը» հրապարակումներուն:  Փաստօրէն, թրքական քարոզչութեան շատ հայեր անգամ մը եւս միամտաբար հաւատացած, չմտածելով, թէ ինչպէ՛ս կարելի է հազար ու մէկ եկեղեցիներու քաղաք անունը կրող Անիի եկեղեցիները վերանորոգել 2 ամսուան մէջ:

Աւելորդ չէ յիշեցնել, որ Անին պետական մակարդակով կը թրքացուի, ինչպէս վերը նշեցինք անունի պարագան: Անիի ոչ մէկ յուշարձանի կամ շինութեան դիմաց փակցուած ցուցանակներուն վրայ չկայ «հայ» կամ «Հայաստան» բառը, հակառակ անոր որ Անին եղած է Հայաստանի մայրաքաղաք եւ այդ շինութիւններն ալ հայկական են:

Անիի թրքացման շուրջ առիթով մը յայտարարութեամբ մը հանդէս եկած էր Կարսի նախկին ճարտարապետ, Կովկասեան մշակոյթներու հետազօտական կեդրոնի ղեկավար Ալի Իհսան Ալընաքը:

«Թուրքիան վերջին երկու տարուան մէջ կը փորձէ Անին թրքականացնել` յենելով ոչ գիտական հիմքերու վրայ` այն անուանելով Անը (թրքերէն` յիշողութիւն): Պետութիւնը այսպիսով կ’իրականացնէ ժողովուրդներու միջեւ խաղաղութեան չնպաստող եւ ապատեղեկատուութիւն տարածող թրքացման  քաղաքականութիւն: Ամբողջ աշխարհը Անի ըսելով` արդէն կը հասկնայ հայկական քաղաք:  Իսկ Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարութիւնը կը փորձէ ան վերափոխել Անը, որպէսզի «հայ» բառը չյիշատակուի», նշած է Ալի Իհսան Ալընաքը:

Պատմութեան ընթացքին հարիւրաւոր եկեղեցիներ, վանքեր, սրբավայրեր, յուշակոթողներ կործանեցան, քանդուեցան թուրք-թաթարներու ձեռքով եւ անոնց հետքն անգամ չկայ այսօր: Վերջինին ականատես եղաւ ամբողջ միջազգային ընտանիքը` 2005 դեկտեմբերին, երբ ազրպէյճանցի զինուորներուն մուրճերուն հարուածներուն տակ քանդուեցան հայկական Նախիջեւանի` Ջուղայի գերեզմանատան մնացած վերջին քանի մը հարիւր խաչքարերն ալ:

Յաճախ Նախիջեւանի խաչքարերուն քանդումի հարցը դարձաւ Եւրոպական Խորհրդարանի քննարկման նիւթ: Սակայն 16 փետրուար 2006-ին Եւրոպական Խորհրդարանը Հին Ջուղայի խաչքարերուն քանդումին առնչութեամբ յատուկ բանաձեւ որդեգրեց եւ լրջօրէն խօսուեցաւ մասնագէտներու խումբ մը շրջան ուղարկելու եւ կատարուածին շուրջ քննութիւն բանալու անհրաժեշտութեան մասին, ինչ որ բնականաբար պիտի հանդիպէր ազրպէյճանական կողմին բուռն հակադարձութեան:

 

(Շար. 2)

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )