Սուրիահայ Երաժիշտները Սուրիոյ Ազգային Սիմֆոնիք Նուագախումբին Մէջ (2)
Պատրաստեց` ՏՈՔԹ. ՆՈՐԱ ԱՐԻՍԵԱՆ
Այս լուսարձակը նաեւ առիթ մըն է աւելի մօտէն ծանօթանալու Սուրիոյ ազգային սիմֆոնիք նուագախումբին սուրիահայ երաժիշտներուն: Սուրիոյ ազգային սիմֆոնիք նուագախումբին սուրիահայ երաժիշտներէն է սրինգի երկրորդ նուագող Ռուբինա Արթինեան, որ ընկերակցած է նաեւ նուագախումբի ելոյթներուն Յորդանանի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ: Ան ռուս եւ հունգարացի դասատուներ ունենալով` 2009-ին աւարտած է Դամասկոսի երաժշտութեան բարձրագոյն ուսումնարանը` մասնագիտանալով իբր սրնգահար եւ ստանալով համապատասխան վկայական:
2007-էն ան սրինգի ուսուցչուհի է նոյն ուսումնարանին մէջ, ինչպէս նաեւ «Երաժշտութեան Շապիպէի ուսումնարան»-ին եւ Փաքիստանեան դպրոցին մէջ` որպէս երաժշտութեան տեսուչ: Մասնակցած է աշխատանքային խմբակներու` գործակցելով համաշխարհային մասնագէտներու հետ:
Իր մասնակցութիւնը բերած է Եւրոմիջերկրական երիտասարդական նուագախումբին եւ Պարոք խումբին ելոյթներուն: Անդամ է նաեւ ֆիլհարմոնիք նուագախումբին եւ ելոյթներ ունեցած է որպէս «Մարի օրքեսթրա»-ի սրինգի առաջին նուագող` Էմիրութիւններու եւ Օմանի մէջ:
Մեկնելով աշակերտներուն հետ իր փորձառութենէն` Արթինեան կը յայտնէ, որ` «հայ աշակերտներուն համար երբեք օտար գործիք չի համարուիր սրինգը. ընդհակառա՛կը, հայ երեխաները զայն կը սիրեն, քանի որ հայկական տուտուկին կը նմանի»:
Ան նուագած է օփերա` «Ֆիկարոյի ամուսնութիւնը» եւ «Ժանիսքիքի»: Կարեւոր մասնակցութիւններ ունեցած է Արա Գէորգեանի եւ աշխարհահռչակ Փետրօ Օստաշի ելոյթներուն:
Ռուբինա Արթինեանը առանձին ելոյթներ տուած է Պէյրութի Հայկազեան համալսարանին եւ այլ վայրերու մէջ, իսկ վերջերս Դամասկոսի օփերայի սրահին մէջ իւրայատուկ ելոյթ ունեցաւ` զուգանուագով դաշնամուրի հետ:
ՍԱՍՆ-ի սուրիահայ երաժիշտներէն է նաեւ ջութակահար Ծովակ Պաղպուտարեանը, որ մեծ փորձառութիւն ունեցած է երեխաներու ուսուցման, իսկ վերջին տարիներուն 6 տարեկանէն սկսեալ երեխաներու յատկացուած երաժշտական դասերու ծրագիրի ձեռնարկած է: Ան կը հաւատայ, որ եթէ երեխան դասական երաժշտութեան հետեւի, ապագային կրնայ նախընտրածը նուագել: «Երեխաներուն բնական ճամբան դասականն է, անկէ ետք կրնան հայկականը ընտրել», կ՛ըսէ ան:
Ծովակ Պաղպուտարեան մասնագիտացած է ջութակի գործիքին եւ հարուածային գործիքներու մէջ: Միեւնոյն ժամանակ աւարտած է Ֆրանսերէն գրականութեան բաժինը` տիրանալով նաեւ բարձրագոյն վկայականի: 1988-1992 մասնակցած է Երաժշտութեան արաբական ուսումնարանի սենեկային նուագախումբի ելոյթներուն, որ ապագային դարձաւ ՍԱՍՆ, իսկ 1997-էն ի վեր ան կ՛ընկերակցի այդ նուագախումբին բոլոր ելոյթներուն` որպէս ջութակի երկրորդ նուագող:
Որպէս ծրագիրի պատասխանատու եւ համակարգող` 2008-2012 աշխատած է Սուրիոյ երեխաներու նուագախումբին հետ, որուն սուրիացի երեխաները կը մասնակցին առ ի պատրաստութիւն խումբի նուագելաոճին: 2011-էն ի վեր ֆրանսերէնի դասախօս է Երաժշտութեան բարձրագոյն ուսումնարանին մէջ:
Համաշխարհային երաժիշտ մասնագէտներու հետ մասնակցած է տարբեր դասընթացքներու, ինչպէս` երաժշտական սկզբունքներու եւ երաժշտութեան ընկալման մասին եւ այլն: Տարիներէ ի վեր երաժշտութեան ուսուցչուհի է նաեւ Ազգային Միացեալ վարժարանին մէջ:
Սիմֆոնիք նուագախումբին հետ ամէնէն յիշատակելի պահուան մասին խօսելով` Ծովակը նկատել կու տայ. «Ամէն դէպք իր իւրայատկութիւնը ունի, սակայն յատուկ դրոշմ ունի այն պահը, երբ Դամասկոս ժամանած աշխարհահռչակ խմբավար Ռիքարտօ Մուտինի հետ փորձեր կատարեցինք, նաեւ` երբ Ապու Տապիի մէջ մասնակցեցայ «Կրթութիւն առանց սահմանի» ծրագիրին եւ նուագակցեցայ աշխարհահռչակ թենոր Փլասիտօ Տոմինքոյին»:
Գործիքի ընտրութեան մասին Ծովակ կը պատմէ. «Ես ջութակը չընտրեցի, փոքր եղած ատենս գործիքի ընտրութիւն կատարելու շատ առիթներ չկային, կար դաշնակի մասնագիտութիւնը, եւ ես հեռու մնալով մրցակցութենէն` ընտրեցի ջութակը: Նախապէս պալէ ըրած եմ եւ պալէի ուսուցչուհին արուեստի հանդէպ բան մը ստեղծած է, նոյնպէս` ջութակի առաջին ուսուցչուհիս, որ քնքուշ էր, եւ ես կ՛երազէի իրեն նման ջութակահար դառնալ»:
Հաւատալով, որ երաժշտութիւնը ուղղակի դաստիարակութեան ձեւ է, հարցուցինք, թէ ինչո՞ւ մեր երեխաները պէտք է երաժշտութիւն սորվին. «Բնականաբար մեր մշակոյթը պահելու համար: Ընդհանուր գաղափարը, որ երաժշտութիւնը արուեստ է, արդէն ինքնին գեղեցկութիւն է: Երբ երեխաները կը հասկնան, որ երաժշտութիւնը օրէնք է, աշխատանք է, պէտք է փորձ կատարէ, աւելի եւս կը գիտակցի անոր արժէքին եւ աւելի ուշ կը սորվի, որ ինք անհրաժեշտ դեր ունի խումբին մէջ, որ թէեւ հիմնական չէ, ինք առանձին աստղ չէ, սակայն հաւաքական կեանքի օրինակ է», կ՛ըսէ Ծովակ Պաղպուտարեան:
ՍԱՍՆ-ի սուրիահայ երաժիշտներէն մէկ այլ ջութակահար` Փաթիլ Խաճարեանը, որ 7 տարեկանէն սկսած է նուագել եւ մարզուիլ ռուս ուսուցիչ Եւկենի Լոկինովի հետ: Սիմֆոնիք նուագախումբին մէջ սկսած է նուագել 2009-էն` հիմնական անդամ դառնալով որպէս երրորդ շարքի առաջին ջութակ, անոր ընկերակցած է շարք մը նուագահանդէսներու: Ելոյթներ ունեցած է նաեւ սպանական խումբի մը հետ եւ աշխարհահռչակ օտար խմբավարներու հետ:
Ջութակի դասատու ըլլալով Սուլհի Ուատի ուսումնարանին մէջ` աւելի մօտէն հետեւած է աշակերտներուն, իսկ հայ երեխաներու երաժշտական հակումին մասին Փաթիլը նկատել կու տայ, որ ներկայիս մեծ թիւով հայ աշակերտներ հետաքրքրուած են երաժշտութեամբ, երաժշտական ուսումնարանին մէջ դասերու կը հետեւին. անոր համաձայն, պէտք է անոնց թիւը աւելնայ:
ՍԱՍՆ-էն բացի, զանազան ելոյթներ ունեցած է տարբեր առիթներով, ինչպէս` «Սփարթաքիւսի», Աշակերտական նուագախումբի, Դամասկոսի «Ֆարահ» երգչախումբի եւ այլն: Փաթիլը նաեւ անդամ էր Ֆիլհարմոնիք նուագախումբին, աշխատակցած է «Մարի օրքեսթրի» հետ, մասնակցած է Եւրոմիջերկրական երիտասարդական նուագախումբին ելոյթներուն` արաբական շարք մը երկիրներու մէջ:
Փաթիլ Խաճարեանը մինչեւ օրս նաեւ հանդէս կու գայ գաղութային ձեռնարկներու ընթացքին` հայկական կտորներ նուագելով: Իսկ վերջերս ջութակով մաս կազմած է Ժոզեֆ Թրթռեանի նորակազմ խումբին եւ ընկերակցած է «Մայրիկս» անունով համերգին, որ նուիրուած էր Սուրիոյ:
Սուրիան ներկայացնելով` Փաթիլ Խաճարեանը, դաշնակի նուագակցութեամբ Ռամա Նասրիի, ապրիլ 2013-ին մասնակցեցաւ Գիւմրիի երաժիշտ-կատարողներու «Վերածնունդ» միջազգային 5-րդ եւ երիտասարդ երաժշտահաններու «Վերածնունդ» միջազգային 2-րդ մրցում-փառատօներուն` ջութակ նուագողներու շարքին երրորդ դիրքը գրաւելով:
Իւրայատուկ տեղ կը գրաւէ թաւջութակի ներկայութիւնը ՍԱՍ նուագախումբին մէջ, մանաւանդ որ դամասկահայ թաւջութակահար Գարուն Պաղպուտարեանը նուագախումբին հետ աշխատակցած է անոր հիմնադրութեան օրէն: Ան մարզուած է յայտնի դասատուներու հետ, ինչպէս` Օլկա Եագուպ, Ռասիմ Ապտալլայեւ, Ասիլ Համտան եւ Վալերի Վոլքով: Մասնագիտանալով թաւջութակ գործիքին եւ սոլֆեժի մէջ` աշխատակցած է Արաբական ուսումնարանի նուագախումբին հետ եւ միեւնոյն ժամանակ աւարտած է ֆրանսերէն գրականութեան բաժինը:
2006-ին մասնակցած է Իտալիոյ մէջ նուագի զանազան աշխատանքային նիստերու: Գարունը զանազան նուագահանդէսներ ունեցած է Պարոք երաժշտութեան Դամասկոսի երաժիշտներուն հետ:
Մենակատարումներ ունեցած է սիմֆոնիք նուագախումբին հետ` Սուլհի Ուատիի ղեկավարութեամբ, 1997-ին, ինչպէս նաեւ 2011-ին` Փոփըրի «Չելլոյի եռեակի ռեքվիեմ»-ի: Մասնակցած է 2008-ին «Զենուպիա օփերա»-ին, 2010-ին` «Ֆիկարոյի ամուսնութիւնը» օփերային եւ 2011-ին «Օլիվըր Թուիսթ» ստեղծագործութեան:
Երեխաներուն երաժշտութիւն դասաւանդման ծիրին մէջ Գարունին փորձառութիւնը խորացած է եւ գիտական հիմք ունի, ան Լիոնի երաժշտութեան ազգային ուսումնարանէն ստացած է երաժշտութեան ուսումնասիրութեան մասնագիտական վկայական` 2009-ին, ուր նաեւ մասնակցած է երեխաներու երաժշտութեան դասաւանդման դասընթացքներուն: Միւս կողմէ` ան մասնակցած է «Քոտայ մեթոտ»-ի ոճով երաժշտութեան աշխատանքային դասընթացքներու` Լիբանանի «Քոտայ» հաստատութեան հիմնադիր Իպրահիմ Պալթաժիի հետ, որուն իբրեւ արդիւնք` 2010-ին հիմնած է Դամասկոսի «Քիտի օրքեսթր»-ը, որ կը նպատակադրէ դասընթացքներու միջոցով 3-7 տարեկան երեխաներուն մօտ երաժշտութեան ընկալումը զարգացնել խաղի միջոցով:
Գարուն Պաղպուտարեանը թաւջութակ կը դասաւանդէ «Սուլհի Ուատի»-ին մէջ եւ սոլֆեժ` Երաժշտութեան բարձրագոյն ուսումնարանին մէջ: Մնայուն մասնակցութիւն կը բերէ ՍԱՍՆ-ի եւ «Վիոլոնչելլիսիմու» խումբին ելոյթներուն, Սուրիայէն ներս թէ դուրս:
Այսպէս, Սուրիոյ ազգային սիմֆոնիք նուագախումբին դամասկահայ երիտասարդ երաժիշտները, որոնք Դամասկոս ծնած, հասակ նետած են, կը կրեն համընդհանուր կէտեր. անոնք աւարտած են Դամասկոսի Սուլհի Ուատի ուսումնարանը (նախապէս` Երաժշտութեան արաբական ուսումնարան), ապա ուսումը շարունակած` Երաժշտութեան բարձրագոյն ուսումնարանին մէջ, որ կը գործէ Սուրիոյ մշակոյթի նախարարութեան հովանիին տակ:
Սուրիոյ ազգային սիմֆոնիք նուագախումբին դամասկահայ երաժիշտները ներդրում ունեցած են Համազգայինի շրջանակին մէջ, ուր 2003-2011 տարիներուն երաժշտական դասընթացքներ կազմակերպած ու գաղութի երեխաներուն համար իրականացուցած են ջութակի եւ սոլֆեժի դասընթացքներ, նաեւ հանդէս եկած են միութենական ձեռնարկներուն` հայկական կտորներ նուագելով:
Պէտք է նշել նաեւ, որ ՍԱՍՆ-էն բացի, նոյն հայ անդամները «քառեակ» մը կազմած էին, որ թէեւ կարճ կեանք ունեցաւ, սակայն կոմիտասեան կտորներով գնահատելի համերգներ ներկայացուցած է արաբ հանդիսատեսին:
Սուրիոյ ազգային սիմֆոնիք նուագախումբը, մայեսթրօ Միսաք Պաղպուտարեանի ղեկավարութեամբ, կը շարունակէ ձեռնարկել շարք մը նուագահանդէսներու, նոյնիսկ` Սուրիոյ մէջ տիրող ներկայ պայմաններուն մէջ, մասնակից դառնալով Սուրիոյ մէջ տուժած ընտանիքներուն օժանդակութեան բարեսիրական շարժումին: ՍԱՍՆ-ը քանի մը ելոյթներ կազմակերպեց «Տաք ձմրան համար» անուան տակ` հասոյթը ամբողջութեամբ նուիրելով գաղթած եւ տուժած ընտանիքներուն: Պէտք է շեշտել, որ ինչպէս միւս անդամները, այնպէս ալ հայ անդամները մաս կազմեցին նշեալ նուագահանդէսներուն` մասնակցելով բարեսիրական աշխատանքները համակարգելու համար թափուող ճիգերուն:
ՍԱՍՆ-ին նուագահանդէսները կը շարունակուին` մասնակից դառնալով Սուրիոյ մշակութային կեանքին, բարձրացնելու լսարանին տրամադրութիւնը եւ երաժշտական մշակոյթի մակարդակը, որուն մէջ ներդրում ունին նաեւ դամասկահայ երաժիշտները:
Երբեք աննկատ պէտք չէ մնայ սուրիահայու ներկայութիւնը նման կարեւոր մշակութային կառոյցի մը մէջ, մանաւանդ երբ ՍԱՍՆ կը գործուղուէր Թուրքիա: Ասոր մասին մայեսթրօ Միսաք Պաղպուտարեանը հաճոյքով կը պատմէ, որ երբ նուագախումբը այցելեց Անգարա եւ Զմիւռնիա` պետական հովանաւորութեամբ, ուր նախապէս ղրկուած էին նուագախումբի անդամներուն անունները եւ նուագահանդէսի այլ մանրամասնութիւնները, անակնկալօրէն Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարութեան կողմէ մատնանշում կը կատարուի, թէ` «մենք կը նախընտրէինք, որ նուագախումբին ղեկավարը սուրիացի ըլլայ», իսկ Սուրիոյ մշակոյթի նախարարութեան դիւանագիտական արագ պատասխանը կ՛ըլլայ. «Մեր ղեկավարը սուրիացի է»: Ելոյթները տեղի կ՛ունենան, իսկ բաժնուած գրքոյկներուն մէջ կը նշուի «Նուագախումբի ղեկավար Միսաք Պաղպուտարեան` Շամտօղլու (Սուրիա ծնած)»:





