Մտորումներ` Արցախի Անկախութեան Հռչակման Առիթով. Հերոսական Լեռներու Պատարագը (2 Սեպտեմբեր, 1991)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան հռչակումէն ասդին տարիներու թաւալքը այդքան ալ հեզասահ չընթացաւ, որովհետեւ հայոց  պարտադրուած դաժան պատերազմի եւ ոսոխին կողմէ գործադրուած բռնարարքներու տարողութիւնն ու հետեւանքներու վերացումը շատ ծանր կշռեցին արցախահայութեան եւ ընդհանրապէս հայ ազգի բաղկացուցիչ մասերուն վրայ:

Այդուհանդերձ, վերանկախացած հայրենիքի այս մասնիկը` Արցախ աշխարհը, շնորհիւ իր քաջարի ժողովուրդին տոկաց ու վճռեց գոյատեւել, ապրիլ եւ ստեղծագործել յանուն հետագայ սերունդներու բարօր, անվտանգ եւ արժանահաւատ կեանքի մը ապահովման եւ անարգել բարգաւաճման:

Ընդունուած է ըսել, որ անկախութեան տիրացման գործընթացներն ու հայրենակերտումի առաջադրանքները կը մնան սոսկ վերացական հասկացողութիւններ եւ փափաքներու շատրուաններ, եթէ երբեք անոնք չշաղախուին ազգային գաղափարախօսական թէ հայեցակարգային սնուցիչ տարրերով, չունենան ժողովուրդի մը ամբողջական նեցուկն ու ապաւէնը եւ կամ չխարսխուին պետականութեան հիմքերու վրայ:

Բարեբախտաբար, Արցախի ժողովուրդը շատ արագ կրցաւ թօթափել երբեմնի համայնավար օրերու ապազգային ու ջլատիչ մտայնութիւններն ու գործելակերպերը, նետուիլ ինքնաղեկավարման ու ինքնահաստատման ասպարէզ, լծուիլ պետականաշինութեան սրբազան գործին եւ ամբողջ մարդկութեան ցոյց տալ ազնուական ժողովուրդի մը դիմադրողի, մարտունակի եւ ժողովրդավարի կերպարը:

Թէժ պատերազմի օրերուն հերոսական հայրենիքի զաւակները նետուեցան կռուի դաշտ, եղբայրացան դաժան մարտերու պարտադրած առօրեային հետ, զգետնեցին ահ ու սարսափի ամէն հոգեվիճակ, դէմ դրին ամէնէն վայրագ յարձակումներուն, գերազանցեցին նախնեաց ռազմունակ կերպարի յատկութիւններն անգամ, զարկին ու զարնուեցան, գիրկընդխառնուեցան հայրենի օճախներու թէ հովիտներու սրբութեանց հետ եւ աստուածամերձ լեռներու գագաթին երկնեցին ժամանակակից հայոց յաղթանակներու պատարագը:

 

 

Պատարագ, որուն խորանին առջեւ հայ երիտասարդ փաղանգներ նուիրաբերեցին իրենց ամէնէն թանկագինը` կեանքը, եւ դարձան մեր օրերու առասպելները, Մամիկոնեանց տոհմի ուխտապահ զինուորներն ու ազգային ազատագրական պայքարի վեհափառ նահատակները:

Եւ, իրօք, Ղարաբաղի երկնակամարին վրայ վերստին ճառագայթեց յոյսի եւ լոյսի ծիածանը, որուն ամէնէն բոցավառ արտայայտութիւնը եղաւ աւելի քան 20 տարիներու կեանք ունեցող հայրենիք-պետութիւնը` Արցախի Հանրապետութիւնը, որուն գոյութեան հիմքը եթէ մէկ կողմէ մերօրեայ ազգային ազատագրական պայքարի հնոց ըլլալու վճիտ իրողութիւնն է, ապա, միւս կողմէ, անիկա կը հանդիսանայ Հայ դատի նուիրական աշխատանքներու կենսագործման ու հայոց դարաւոր երազանքին ամրակուռ պատուանդանը:

Այսօր, ի հեճուկս բարբարոս թուրք-ազերի թշնամիին սպառնական բարբաջանքներուն եւ վեհերոտ կաղկանձներուն, Արցախի ազատ ու անկախ երկինքը հպարտօրէն կը շնչէ, երկիրը կը շէնանայ եւ օրըստօրէ կը բարգաւաճի իր շքեղափայլ մայրաքաղաք Ստեփանակերտով, արծուեբոյն քաղաքներով, աւաններով եւ գիւղերով:

Ճիշդ է, որ պետականաշինութեան ճանապարհին ժողովրդավար կարգերու հաստատման թէ քաղաքացիական հասարակութեան ձեւաւորման տեսակէտէ տակաւին առկայ են որոշակի դժուարութիւններ, այդուամենայնիւ, քաղաքական, տնտեսական, ընկերային թէ տարբեր բնագաւառներու զարգացման աշխատանքներու հրապոյրը կ՛ապրինք ազգովին, երբ ականատես կը դառնանք տարբեր մարզերու առաւել յառաջդիմութեան եւ ինքնահաստատման:

Փաստօրէն, այսօր, բոլոր ժամանակներէ աւելի,  Արցախ աշխարհի պետական համակարգն ու իշխանութիւնները լծուած են հայրենիքի կերտումին, ժողովրդագրական, ազգագրական թէ ընկերային հարցերու ըստ կարելւոյն բարւոք լուծումին եւ բարեփոխումին:

Սակայն, այս բոլորով հանդերձ առկայ են որոշակի բացթողումներ,  որոնց սրբագրումը աւելի քան հրամայական պահանջ է ըստ ամենայնի, պարզապէս որովհետեւ էապէս կ՛առնչուին արցախեան հարցին թէ հարաւ Կովկասեան շրջանի իրադարձութիւններուն, դիւանագիտական կեանքին թէ  ընդհանրապէս աշխարհաքաղաքական ոլորտներու:

Այս առումով, թէեւ նորութիւն չեն ազերի վոհմակներու ամէնօրեայ սպառնալիքներն ու սպառազինական յոխորտանքները, զինադադարի խախտումներն ու սահմանային ոտնձգութիւնները, շատ անգամ հայ զինուորներու նահատակութեան հաշուոյն, սակայն Արցախի պաշտպանական ուժերու ցուցաբերած համապատասխան հակադարձութիւնները կը մնան  մասնակի եւ կը յատկանշուին այսպէս ասած չափաւորականութեամբ:

Մատնանշումը չի վերաբերիր անպայման զինուորական լայնածաւալ հակադարձ պատասխաններու, որքան միջազգային գետնի վրայ տուեալ հարցին բարձրաձայնումին եւ դիւանագիտական լայնածիր աշխատանքի որդեգրումին:

Այլ խօսքով, մարտական յաղթանակներու համաչափ, այսօր յոյժ կարեւոր են դիւանագիտական-քարոզչական մակարդակի անդուլ եւ հետեւողական աշխատանքները` միջազգային հանրային կարծիքին վրայ ազդելու եւ ստեղծելու հայանպաստ մթնոլորտ եւ տրամադրութիւն:

Ճիշդ է, որ համաշխարհային վարկ ունեցող քաղաքական թէ մշակոյթի ներկայացուցչութիւններ յաճախ կը հրաւիրուին Արցախ, իրենց այցելութեամբ եւ կեցուածքներով կ՛ոգեւորեն շրջապատ մը ամբողջ, կը սնուցանեն ճիգ ու խանդավառութիւն` փոքրիկ ու աստուածահրաշ այս երկրին միջազգայնօրէն ճանաչումին,  այդուամենայնիւ, անհրաժեշտ է միջազգային հանրային շրջանակներ ողողել բազմամակարդակ եւ նպատակայարմար քարոզչական թէ ճանաչողական գործունէութեամբ:

Որովհետեւ, իր կարգին թուրք-ազերի թշնամին ամէն պատեհ առիթ կ՛օգտագործէ իր ստաբանութիւններն ու կեղծիքը փոխանցելու բոլոր անոնց, որոնք հետաքրքրուած են հարաւային Կովկասի քաղաքական իրադարձութիւններով եւ շահամոլական ախորժակներով:

Արդ, այս ծիրին մէջ Արցախի իշխանութիւնները պարտաւոր են քանի մը քայլ անդին անցնիլ, ստեղծել համարժէք միջավայր եւ մթնոլորտ, եւ արհեստավարժօրէն լծուիլ նմանօրինակ հակազդողի դիւանագիտական գործունէութիւն ծաւալելու` իրենց աջակից ու գործակից ունենալով  սփիւռքահայութեան ներուժն ու կորովը, մասնագիտական թէ յարաբերական կարելիութիւնները:

Այլ ասած, Արցախի պետութիւնը իր շեշտակի ներկայութիւնը պէտք է ունենայ սփիւռքեան հայահոծ գաղութներու մէջ, յարաբերութիւններու ամբողջ ցանց մը որդեգրէ, առաջնահերթ եւ նպատակասլաց աշխատանքի մը ուրուագծումները հաստատէ, որպէսզի գէթ համարժէք կերպով դիմակայէ թշնամի հարուածներն ու ոճրամիտ արարքները:

Այս առումով, հայ քաղաքական մտքին համար օդի եւ ջուրի չափ կարեւոր նշանակութիւն ունին ազգային յենարաններու առաւել հաստատումն ու զարգացումը, յարձակողապաշտ գործելակերպերու որդեգրումն ու մանաւանդ` համազգային ներուժի արդիւնաւէտ օգտագործումը:

Ընդունելի չէ երբեք, որ ամէնէն վայրագ պատերազմի օրերուն իսկ հայ մարտունակ ոգիի յաղթանակին յաջորդեն տեսակ մը թուլութեամբ եւ բախտախնդրութեամբ յատկանշուող մօտեցումներ եւ վարքագիծեր:

Միջազգային քաղաքական թէ շահակցական խօլ արշաւներու ականատես ենք ազգովին, ինքնահաստատ երկիրներ անգամ զոհ կ՛երթան ազգակործան քաղաքականութիւններու եւ բիրտ միջազգային վարչական տնօրինումներու, պէս-պէս բացատրութիւններու հովանիին տակ, ուր առանձնաբար կը հարուածուին միջազգային նորովի ծաւալապաշտութեան դէմ կանգնող պետութիւններ:

Նմանօրինակ քաղաքական խառնափնթոր ու պատերազմական թոհուբոհին մէջ, ամբողջ հայութիւնը պարտաւոր է բոլորուելու այն առանցքային գաղափարախօսութեան շուրջ, որ ձեւաւորուեցաւ Արցախի յաղթանակով եւ ամբողջացաւ Հայաստան-սփիւռք-Արցախ եռամիասնութեամբ:

Իսկ ինչ կը վերաբերի Արցախէն արտագաղթին եւ կամ բնակեցման աշխատանքներուն, Արցախի իշխանութիւններ աւելի քան երբեք հարկ է, որ լծուին այնպիսի մտածուած եւ հեռանկարային աշխատանքի, լուռ եւ արդիւնաւէտ ծրագրաւորումի, որ վերոնշեալ կացութիւններու լոյսին տակ Արցախ աշխարհը դառնայ հայոց ազգային գոյատեւումի ամէնէն յատկանշելի միջավայր եւ բնօրրան, միշտ այլընտրանքային ընդհանուր քաղաքական բնորոշումով եւ իրական աշխատանքով:

Այլ խօսքով, նպատակակէտային հասկացողութենէ մեկնած պէտք է պարզ դառնայ, որ սփիւռքահայու համար Արցախը ապրելու եւ տոկալու հայրենիքն է, ուր իրեն տրամադրուած պէտք է ըլլան ամէնէն յարմարաւէտ դիւրութիւններն ու յարմարաւէտ պայմանները:

Փաստօրէն, Երեւանէն մինչեւ Շուշի եւ սահմանամերձ շրջաններու տարածքները պէտք է ձեռնտու ըլլան հայութեան, նոյնիսկ անոնց նուիրելով թիզ մը հող, իւրաքանչիւր հայու անունով արձանագրուած եւ իրաւականօրէն պաշտպանուած: Այս առումով, տեսնել է պէտք, թէ ինչ կ՛ընեն այլ ազգեր, բնակեցման քաղաքականութեան առնչուող:

Օրին, երբ քաջասիրտ ազատամարտիկները կրցան ծունկի բերել վայրագ թշնամին, ի գին մեծ զոհողութիւններու, անոնք հաւատած էին, թէ հայոց լեռներու աստուածամերձ գագաթին հերոսական պատարագ է սարքուած` յանուն ազգի յաղթանակին:

Իսկ այսօր, ինչո՛ւ կը յամենան հայոց աշխարհի պետականադրոշմ արարքներու թէ քաղաքացիական հասարակութեան զարգացման եւ ինքնահաստատման նպաստող պատուաբեր արարքները, այո՛, լուսաշող եւ ապաւէն պատարագները:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )