Եւրոպայի Գերբաժակի Մրցաշարք. Պայէրն Միւնիխ Տիրացաւ Տիտղոսին` Փենալթիներով (5-4) Յաղթելէ Ետք Չելսիի
Փրակայի մէջ (Չեխիա) տեղի ունեցած Եւրոպայի գերբաժակի մրցաշարքը, որ իրարու դէմ հանեց «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին տիրացած Պայէրն Միւնիխը եւ «Եուրոփա լիկ»-ի տիտղոսակիր Չելսին, աւարտեցաւ գերմանական կազմին յաղթանակով. վերջինս փենալթիներով 5-4 արդիւնքով պարտութեան մատնեց լոնտոնեան կազմը` Չելսին:
8-րդ վայրկեանին Ֆեռնանտօ Թորես բացաւ մրցումին հաշիւը, սակայն Ֆրանք Ռիպերի նշանակեց Պայէրնի հաւասարութեան կոլը (47-րդ):
Մրցումին երկարաձգման պահուն, Էրեն Հազարտ նշանակեց Չելսիի 2-1-ի կոլը: Կը կարծուէր, որ մրցումը պիտի աւարտի այդ արդիւնքով, սակայն Խաւի Մարթինես նշանակեց Պայէրնի հաւասարութեան կոլը` 120+1 վայրկեանին:
Դիմուեցաւ անխուսափելիին` փենալթիներուն: 9 փենալթիները հասան իրենց նպատակին, սակայն Ռոմելիւ Լուքաքոսի թեթեւ հարուածը զսպուեցաւ գերմանական կազմի բերդապահ Մանուէլ Նէօյերի կողմէ:
Նշենք, որ Չելսիի բերդապահ Փիթըր Չեխ իր սխրագործութիւններով տիրական ներկայութիւն մը եղաւ դաշտին վրայ:
Պէտք է ըսել սակայն, որ Պայէրն մարզիկի մը առաւելութիւնը ունէր` պրազիլցի Ռամիրեսի կարմիր քարտ ստանալէն ետք (85-րդ):

