ԳԱՂՈՒԹԷ – ԳԱՂՈՒԹ

ԴԱՄԱՍԿՈՍ

ՄԱՅԻՍԵԱՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ
ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Դամասկոսի «Լեւոն Շանթ» մասնաճիւղի վարչութեան, կիրակի, 5 յունիս 2011-ին, Հայ կաթողիկէ «Ամինեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի անկախութեան 93-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւն:

Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներէն ետք վարչութեան անունով արաբերէն բացման խօսքը կատարեց Մարիանա Ճիւլեան, իսկ հայերէնը` Միհրան Ղազարեան:

Գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկան` ասմունքով Սարին Խաճարեան, դաշնակի վրայ Ա. Պապաճանեանի կտորով մը` Ժոզեֆ Ղազարեան, ապա Դամասկոսի բարձրագոյն երաժշտանոցի մենակատար թենոր Ժոզեֆ Թրթըռեան երգեց «Տըլէ եաման» եւ «Սարդարապատ» երգերը:

«Աւետիս Ահարոնեան» կեդրոնի վարչութեան խօսքը փոխանցեց վարչութեան ատենապետ բժ. Զաւէն Ղարղընեան: Ան իր խօսքին մէջ նշեց

1918-ի անկախութեան կարեւորութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը եւ հայ-արաբական, յատկապէս հայ-սուրիական բարձր մակարդակի յարաբերութիւններն ու սուրիահայ ժողովուրդի զօրավիգ կանգնիլը երկրի իշխանութեան ու ղեկավարութեան:

Ապա բեմ բարձրացաւ օրուան բանախօս Հալէպէն ժամանած Նշան Օղիկեանը: Ան վեր առաւ 28 մայիս 1918-ի անկախութեան առաւելութիւններն ու յատկութիւնները եւ շեշտը դրաւ այն հանգամանքին վրայ, որ ներկայ անկախութիւնը կը պարտի 1918 մայիս 28-ին, տրուած ըլլալով, որ այդ օրուան անկախութիւնը երկար չտեւեց եւ չկրցան իրագործել սահմանային ճշգրտութիւնը:

Բանախօսը իր խօսքը աւարտեց` մատնանշելով, որ ներկայ պայմաններուն մէջ Հայաստան պէտք է իր ստորագրութիւնը յետս կոչէ Թուրքիոյ հետ արձանագրութենէն:

Հանդիսութեան վերջին բաժինով հայրենասիրական ազգային եւ յեղափոխական երգերով հանդէս եկաւ երգիչ Յակոբ Մկրտիչեան` «Շիրակ» նուագախումբի ընկերակցութեամբ, որոնք ներկաները ապրեցուցին մայիսեան իսկական փառատօն  մը` իրենց ջերմ եւ խանդավառ կատարողութեամբ:

Տօնակատարութիւնը վերջ գտաւ ուշ գիշերին, ուր ներկաներու ծարաւը յագեցած էր բանախօսի խօսքերէն, գեղարուեստական բաժինի ներկայացումներէն եւ երգիչի բացառիկ մեկնաբանութենէն:

 

ՊՈԼԻՍ

ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՈՍԿԵԱՅ
ՄԵՏԱԼ` «ՄԱՐՄԱՐԱ»Ի ԽՄԲԱԳՐԱՊԵՏ
ՌՈՊԵՐ ՀԱՏՏԷՃԵԱՆԻ

8 մայիսին Գումգաբուի պատրիարքարանի «Պէզճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը, որուն ընթացքին Պոլիս գտնուող սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան շքանշաններ յանձնեց պոլսահայ մտաւորականներու եւ արուեստագէտներու: Այս առիթով ան «Մարմարա»ի խմբագրապետ Ռոպեր Հատտէճեանի յանձնեց անոր 85-ամեակին առիթով յունուար 2011-ին շնորհուած ոսկեայ մետալը:

Ընդունելութեան ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ նախարար Յակոբեան մաղթեց, որ պոլսահայ գաղութին եւ Հայաստանի միջեւ կամուրջները աւելի ամրապնդուին ու կարելի ըլլայ իրականացնել տարբեր տեսակի ծրագիրներ:

Ան նաեւ անդրադարձաւ սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրներուն եւ նպատակներուն` օգնել հայրենիքէն դուրս ապրողին, որպէսզի կարենայ հայ մնալ, աշխատանք տանիլ հայրենադարձութեան ի նպաստ` սփիւռքահայութեան հետ կամուրջներ հաստատել: Անոր համաձայն, սփիւռքահայերը պէտք է Հայաստանի մէջ աշխատանք ունենան:

Հ. Յակոբեան յայտնեց, որ իր այս այցելութենէն օգտուելով` պիտի պարգեւատրէ պոլսահայ մտաւորականներ եւ արուեստագէտներ: Ան նաեւ ու առանձնապէս յիշեց Ռ. Հատտէճեանը` «Մարմարա» թերթի խմբագրապետ, գրագէտ ու ազգային գործիչ, որ 60 տարիէ ի վեր ազգապահպանման մեծ աշխատանք կը տանի: Յունուարին ան արդէն իսկ ստացած էր սփիւռքի նախարարութեան բարձրագոյն` ոսկեայ մետալը իր 85-ամեակին առիթով, իսկ այս այցելութեամբ նախարարը մետալը պաշտօնապէս յանձնեց Ռ. Հատտէճեանի:

Ռ. Հատտէճեան շքանշանը նուիրեց բոլոր մայրերուն, յատկապէս` իր մօր եւ կնոջ: Ան հաստատեց, որ սփիւռքահայը իր գտնուած վայրին մէջ արդէն բաւական լաւ աշխատանք կը տանի եւ պատրաստ է նաեւ աշխատելու հայրենիքին համար: Ան սփիւռքի նախարարին նուիրեց Սայաթ Նովայի բանաստեղծութիւնները պարփակող հատոր մը:

Սարոյեանի անուան շքանշան ստացան` Զարեհ Խրախունի, Վարդ Շիկահեր, Իգնա Սարըասլան, Արման Վարդանեան, Մկրտիչ Մարկոսեան, Կոմիտասի անուան շքանշան ստացան` Ալիս Մանուկեան, Մաժակ Թոշիկեան, Նշան Չալկըճը, Կարօ Մաֆեան եւ Արտաշէս Ակոշեան:

Ապա Արշիլ Կորքիի անուան շքանշան տրուեցաւ` Մարլէն Թէքիրտաղլըճանի, Վերժին Շապճի, Էրոլ Սարաֆեանի (եւ Արա Կիւլերի, որ կը բացակայէր):

Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ սրբազան, որ շնորհաւորեց բոլոր պարգեւատրեալները:

 

ՊՈԼՍՈՅ ՄԷՋ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ
ԱՌՆՉՈՒՈՂ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Վերջերս Պոլսոյ «Տեփօ» արուեստի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հայ լուսանկարիչ Անթուան Ակուճեանի ցուցահանդէսը` «Այրող աչքեր» խորագիրով:

Ցուցադրուած էին 96 լուսանկարներ,  այսինքն մէկական նկար` Հայոց ցեղասպանութենէն մինչեւ այսօր անցած իւրաքանչիւր տարուան համար, իսկ ցուցահանդէսը բաժնուած էր  հինգ մասերու` ներկայացնելով Թուրքիոյ կողմէ գրաւուած ու Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայկական նկատուող հինգ նահանգները` Վան, Կարին (Էրզրում), Բաղէշ (Պիթլիս), Տիգրանակերտ եւ Խարբերդ:

Լուսանկարողը թոռնիկն է Ցեղասպանութենէն վերապրած հայորդիներու. ան 15 տարիներու ընթացքին սփիւռքի տարածքին Ցեղասպանութեան հետեւանքները քննած է իր ոսպնեակով:

 

ԹԵՀՐԱՆ

ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԻ ԱՐԺԱՆԱՑԱԾ «Ա. ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ»
ԲՈՒԺԱՐԱՆԻ ՏՆՕՐԷՆԸ

Թեհրանի 8-րդ շրջանի քաղաքապետարանի 2-րդ բաժանմունքի քաղաքապետին կողմէ «Ա. Աւետիսեան» ազգային բուժարանը գնահատագիրով մը բարձր գնահատուեցաւ  իր աշխատանքներուն համար: Գնահատագիրին մէջ արժեւորուած են բուժարանի վարիչ Մարիէթ Թումեանցի տարած աշխատանքները` շրջանի բնակչութեան մատուցած առողջապահական ծառայութիւններուն համար: Գնահատագիրը, որ ստորագրուած է յիշեալ շրջանի քաղաքապետին կողմէն,  գնահատանքով խօսած է, որ Մարիէթ Թումեանցի ջանքերով անցեալ տարի կազմակերպուած են առողջապահութեան մասին դասախօսական ելոյթներ:

 

ՃԱՓՈՆ

«ԱՐԱՐԱՏԷՆ ՍԻՈՆ» ԺԱՊԱՒԷՆԸ

19 մայիսին Ճափոնի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը Թոքիոյի Միջազգային քրիստոնէական համալսարանին մէջ կազմակերպեց «Արարատէն Սիոն» վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութիւն: 2010-ին «ՎԵՄ միտիա արց» սթիւտիոյին կողմէ նկարահանուած վաւերագրականը,  որ արժանացաւ շարժանկարի միջազգային փառատօներու բազմաթիւ մրցանակներու,  ընդգրկուեցաւ «Քրիստոնէութեան շաբաթ» խորագիրով համալսարանի կողմէ կազմակերպուող տարեկան ձեռնարկներու շարքին մէջ:

Ձեռնարկին ներկայ էին համալսարանի ղեկավարութիւնը, դասախօսները եւ ուսանողները, ԱՊՀ, եւրոպական ու արաբական երկիրներու, Իսրայէլի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարները, ճափոնա-հայկական բարեկամութեան ընկերակցութեան անդամներ:

Ժապաւէնի ցուցադրութեան նախորդեց Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան խորհրդատուի ողջոյնի խօսքը եւ կարճ զրոյց մը:

 

ՔՈՒԷՅԹ

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ` ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆ

10 մայիսին Քուէյթի Թեմական ժողովի եւ Ազգային վարչութեան անդամները, Արտակ քհնյ. Քէհեայեանի գլխաւորութեամբ, պաշտօնական այցելութիւն մը կատարեցին Քուէյթի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւն: Այցի ընթացքին անոնք հանդիպում ունեցան Քուէյթի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Ֆադէյ Չարչօղլեանի հետ:

Հանդիպումը անցաւ ջերմ մթնոլորտի մէջ եւ կողմերը մեծ պատրաստակամութիւն յայտնեցին սերտ համագործակցութեան` ի խնդիր ազգի եւ եկեղեցւոյ ծառայութեան, ինչպէս նաեւ` բարձր եւ ազնիւ նպատակներու իրականացման:

 

ՓԱՐԻԶ

ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻ ԲԱՑՈՒՄ

Փարիզի Ծխական խորհուրդին կազմակերպած Հայ եկեղեցւոյ շաբթուան ծրագիրներու ծիրին մէջ, երկար ամիսներու նախապատրաստական աշխատանքէ ետք, 14 մայիսին տեղի ունեցաւ պաշտօնական բացումը «Հայոց ցեղասպանութիւնը օտար մամուլի առաջին էջերուն վրայ» ցուցահանդէսին:

Ցուցադրուած նմուշները կը ներկայացնէին հայկական ջարդերու եւ Ցեղասպանութեան մասին միջազգային մամուլի առաջին էջերուն մէջ 1853-1926 ժամանակաշրջանին տպուած թղթակցութիւններ, նկարներ եւ լրագրական նիւթեր, որոնք տրամադրուած էին Երեւանի Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի Արամ եւ Գրիգոր Գալայճեաններու հաւաքածոյէն:

Բացումը կատարեց թեմի  առաջնորդ  Նորվան արք. Զաքարեան, որ ներկայացուց Ծխական խորհուրդին տարած հսկայ աշխատանքը` իրականացնելու համար այս ցուցահանդէսը եւ Հայ եկեղեցւոյ շաբթուան ծրագիրի միւս ձեռնարկները:

Ապա խօսք առաւ Փարիզի Ծխական խորհուրդի ատենապետ Փաթրիս Ճոլոլեան, որ խօսեցաւ տարուած աշխատանքներուն մասին եւ ներկայացուց Ծիծեռնակաբերդի Ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէն  Հայկ Դեմոյեանը, որ յատկապէս ժամանած էր Հայաստանէն, եւ խօսքը փոխանցեց անոր:

Հ. Դեմոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց այս առիթին համար, խօսեցաւ Ցեղասպանութեան թանգարանի ծրագիրներուն մասին` յայտնելով, որ այս ցուցահանդէսով արտասահմանի մէջ նախատեսուած շարք մը ձեռնարկներու բացումը կը կատարուի Փարիզի մէջ: Ան իր խօսքին մէջ յայտնեց, թէ նման  ցուցադրութիւն յաւելեալ մեկնաբանութեան կարիք չունի, որովհետեւ ան ինքնին կը վկայէ որ հայերու դէմ իրագործուած Թուրքիոյ պետական քաղաքականութիւնը միմիայն կարող է որակել որպէս ցեղասպանութիւն:

Ներկաները խորապէս տպաւորուած էին ցուցադրուած նիւթերով, որոնք կը ներկայացուէին գծանկարներու եւ հազուագիւտ լուսանկարներու միջոցով: Առիթ էր ծանօթանալու ֆրանսական, ամերիկեան, անգլիական, իտալական, ռուսական եւ եւրոպական այլ օրաթերթերու առաջին էջերու վրայ տպուած նիւթերու, որոնք կը խօսէին թուրքերու կողմէ կատարուած հայկական ջարդերու, ցեղասպանութեան եւ անոնց հետեւանքներուն մասին:

* Կիրակի, 15 մայիսին, Ս. պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ ցուցահանդէսի ներկայացումը ժողովուրդին: Սրբազան հայրը դարձեալ բացատրեց կատարուած աշխատանքները` շեշտելով, որ Հայ եկեղեցին միայն ծիսակատարութիւն չէ,  այլ նաեւ` մշակոյթ, պատմութիւն, դաստիարակութիւն, կրթութիւն:

Փաթրիս Ճոլոլեան ներկայացուց շաբթուան ծրագիրը` յայտնելով, որ մեր եկեղեցին կը ծառայէ Աստուծոյ եւ ազգին,  դրօշակիրն է մեր ազգային արժէքներուն,  եւ այդ արժէքներու ներկայացումն է, որ տեղի կ՛ունենայ զանազան բնոյթի ձեռնարկներու ընդմէջէն:

Թանգարանի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան խօսք առնելով` դրուատեց կատարուած աշխատանքները, բացատրելով ներկայացուած նմուշներուն արժէքը: Ան հաստատեց, որ Ճոլոլեան ընտանիքը Ցեղասպանութեան թանգարանին նուիրած է արժէքաւոր վաւերագիրներ եւ փաստաթուղթեր, որուն համար որպէս շնորհակալութեան արտայայտութիւնն թանգարանի գիտական խորհուրդին որոշումով Փաթրիս Ճոլոլեանին յանձնեց թանգարանին ոսկեայ մետալը:

Փ. Ճոլոլեան խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց այս պատիւին համար եւ կոչ ուղղեց ներկաներուն, որ եթէ իրենց մօտ պահած են ընտանեկան արժէքաւոր վաւերագիրներ եւ փաստաթուղթեր, որոնք ի վերջոյ նաեւ ազգային հարստութիւն կը ներկայացնեն, յանձնեն Ցեղասպանութեան թանգարանին` ճոխացնելու համար արխիւները եւ զօրացնելու համար անոր առաքելութիւնը:

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը շարունակուեցաւ մինչեւ 22 մայիս:

 

ՎԻԵՆՆԱ

ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ
200-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԻ ԲԱՑՈՒՄ

Մխիթարեան միաբանութեան Վիեննա հաստատուելու 200-ամեայ (1811-2011) յոբելեանին առիթով աւստրիական նամակատունը յատուկ դրոշմաթուղթ հրատարակեց, որուն ներկայացումը տեղի ունեցաւ մայիս 12-ին, Մխիթարեան վանքի վերանորոգուած ճաշասրահին մէջ:

Հանդիսութեան բանախօսն էր Վիեննայի Մխիթարեան վանքի աբբահայր հ. Պօղոս Գոճանեան, որ Մխիթարեան միաբանութեան եւ յատկապէս Վիեննայի վանքին պատմականը ըրաւ: Աբբահայրը շեշտեց հայ մշակոյթի եւ յատկապէս հայագիտութեան համար միաբանութեան կատարած բացառիկ դերը, որուն իբրեւ խորհրդանիշ` դրոշմաթուղթի վրայ պատկերուած էր վանքի գրադարանէն շքեղ պահարան մը:

Այնուհետեւ Վիեննական նամակատան տնօրէն Վոլֆկանկ Լեսիաք ներկայացուց գեղեցիկ դրոշմաթուղթը` երկու միլիոն տպաքանակով, որոնք «պիտի տարածուին ամբողջ աշխարհի մէջ` իբրեւ Մխիթարեան միաբանութեան եւ հայ ազգի պատգամաւորները»:

Մէջընդմէջ ջութակահարներ Անահիտ Մելիքեան եւ Լիլիթ Գրիգորեան նուագեցին հայ ժողովրդական երգեր:

Դրոշմաթուղթէն զատ, ցուցադրուած էին նաեւ Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան եւ Աւստրիական դրամատան կողմէ նոյն յոբելենական առիթով լոյս ընծայուած արծաթեայ յուշադրամներ, ինչպէս նաեւ սքանչելի նմանատիպ մը (ֆաքսիմիլ)` Մխիթարեան վանքի շատ նուրբ մանրանկարներով մէկ ձեռագրէն:

Հանդիսութեան աւարտին կատարուեցաւ ընդունելութիւն` հացիկներով:

Յոբելենական գլխաւոր տօնակատարութիւնը` ակադեմական հանդէս եւ հանդիսական սուրբ պատարագ, տեղի պիտի ունենան սեպտեմբեր 10-ին եւ 11-ին, Վիեննայի մայր վանքին մէջ, իսկ հոկտեմբերին Երեւանի մէջ նոյն յոբելեանը պիտի նշուի պետական մակարդակով:

 

ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ

ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ԿԸ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԻ
ԱՐՇԻԼ ԿՈՐՔԻԻ
ԱՆՅԱՅՏ ԿՏԱՒՆԵՐԷՆ ՄԷԿԸ

Նիւ Եորքի «Կակոսեան» պատկերասրահին մէջ կը ցուցադրուի Արշիլ Կորքիի 1947-ին ստեղծագործուած անանուն նկարը, որ երբեք չէ ցուցադրուած: Նկարը այժմ կը կրէ «1947» խորագիրը: Ըստ «Արթտէյլի»ի,  նկարը գտնուած է 2010-ին: Անիկա 64 տարի մնացած է փաթթուած եւ պահպանուած է ամբողջովին անվնաս կերպով: «1947» նկարէն բացի,  ցուցասրահին մէջ ներկայացուած են նկարիչին աշխատանքները, որոնք այժմ կը գտնուին օտար թանգարաններու հաւաքածոներուն մէջ:

 

ՔԱՆԱՏԱ

ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ՏԱՐԵԿԱՆ ՍԵՄԻՆԱՐ

Վերջերս, կազմակերպութեամբ ՀՕՄ-ի Քանատայի Շրջանային վարչութեան,  Օթթաուայի «Մարիոթ» պանդոկի ժողովասրահին մէջ, հիւրընկալութեամբ Օթթաուայի «Սեւան» մասնաճիւղին, տեղի ունեցաւ տարեկան 20-րդ սեմինարը:

Սեմինարի պաշտօնական բացումը կատարեց ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Աննա Պուլկարեան: Ան ողջունեց բոլոր ներկաները եւ ապա ներկայացուց հիւրերը:

Շրջանային վարչութեան անդամ Վարսենիկ Սարգիսեան, ծանօթացնելէ ետք մասնակցողները, բեմ հրաւիրեց օրուան առաջին բանախօսը` Քանատայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան  հաւատարմատարին կինը` Նայիրա Յակոբեան, որ ներկայացուց «Հազարամեակի զարգացման

նպատակները Հայաստանի մէջ. մարտահրաւէրներ եւ հեռանկարներ» նիւթը: Ան պաստառի վրայ ներկայացուց հազարամեակի ծրագիրներու իրականացման գործընթացը հայրենիքի մէջ` հիմնուելով Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան հրատարակած տեղեկութիւններուն վրայ: Ան յատկապէս շեշտը դրաւ հայրենի կիներու առողջական եւ ընկերային իրաւունքներուն, ինչպէս նաեւ մանուկներու առողջական եւ կրթական խնդիրներու զարգացման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն վրայ` նշելով ՀՕՄ-ի նման բարեսիրական կազմակերպութիւններու ուշադրութեան եւ օգնութեան կարեւորութիւնը, նման նպատակներու իրագործման համար:

Դասախօսութեան աւարտին Ա. Պուլկարեան ՀՕՄ-ի անունով գնահատեց Ն. Յակոբեանի գործակցութիւնը եւ անոր փոխանցեց յիշատակի փոքրիկ նուէր մը:

Ճաշէն ետք տեղի ունեցաւ աշխատանիստ` «Ինչպէս զարգացնել եւ արդիականացնել ՀՕՄ-ի գործունէութիւնը յաջորդ տասնամեակի ընթացքին, ներառեալ` կազմակերպչական եւ աշխատելակերպի բարեկարգումներ եւ փոփոխութիւններ» նիւթով:

Աշխատանիստէն ետք Շրջանային վարչութեան անդամ Գեղուհի Պասթաճեան ներկայացուց սեմինարի 2-րդ զեկուցաբերը`  Տորոթի Պենկոյեան, որ յատկապէս հրաւիրուած էր Միացեալ Նահանգներէն: Ան ներկայացուց «Ծիծաղի առաքինութիւնը մեր առօրեային մէջ» նիւթը: Ան հմտօրէն ներկայացուց նիւթը` յիշեցնելով ներկաներուն, թէ կեանքը լեցուն է զուարճալի պատահարներով, եթէ փորձենք ուշադրութեամբ հետեւիլ մեր շուրջը կատարուող սովորական դէպքերուն կամ տեղի եւ անտեղի խօսակցութիւններուն եւ ծիծաղիլ` փոխանակ քննադատելու, զայրանալու կամ անտարբերութեամբ քովէն անցնելու: Ներկաները  բարձր գնահատեցին Տ. Պենկոյեանի ելոյթը: Շրջանային վարչութիւնը յիշատակի նուէր մը փոխանցեց անոր:

Միօրեայ այս սեմինարը յաջողեցաւ  հասնիլ իր նպատակին` մասնակիցները առաւել տեղեակ դարձնելով հայրենիքի,  ինչպէս նաեւ կիներու եւ երեխաներու հարցերուն մասին: Յայտնենք, որ սոյն սեմինարէն բխող նոր գաղափարները պիտի օգնեն նաեւ արդիականացնելու ՀՕՄ-ին ապագայ ծրագիրները:

Երեկոյեան տեղի ունեցաւ ընթրիք եւ խրախճանք, որուն ընթացքին Աննա Պուլկարեան յայտարարեց, որ ՀՕՄ-ի Քանատայի Շրջանային վարչութիւնը իր 10 մասնաճիւղերուն անունով Քանատայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան  դեսպանատան կը նուիրէ 1500 տոլար:

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES