ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ. ԵՍ ՄԵԾ ՀԱՅՐԻԿ ՉԵՄ ՈՒՆԵՑԱԾ

Ես մեծ հայրիկ կամ մեծ մայրիկ չեմ ունեցած: Մանկութեանս շրջանին տան մէջ մեծ հայրիկ կամ մեծ մայրիկ ունենալը ի՞նչ տեսակ բան է, չեմ գիտցած: Մենք աշխարհ եկած էինք փոթորկալից ու աղիտալի շրջանէ մը ետք, մահերով ու տեղափոխութիւններով, աքսորներով ու տեղահանութիւններով ծանրացած շրջանէ մը ետք: Ուստի, երբ ես իմ աչքերս բացած էի հօրենական տան մէջ, գլխուս վերեւ ու սրտիս մէջ ունեցած էի միայն հայր մը ու մայր մը: Այդ երկու պաշտելիները ամէն բան էին ինծի ու եղբայրներուս համար, աւելին չէինք հարցներ, աւելին չէինք փնտռեր: Ուստի չեմ յիշեր, որ երբեք մօրս կամ հօրս հարցուցած ըլլամ. «Ես ինչո՞ւ մեծ հայրիկ կամ մեծ մայրիկ չունիմ»:

Կը յիշեմ միայն, որ մայրս մէկ երկու անգամ մեզի ցոյց տուած էր հնօրեայ ու հնաբոյր լուսանկար մը, ուր հին օրերու տարազներով ու շատ ներկայանալի կեցուածքով կը տեսնուէին այր ու կին մը: Այրը ոտքի կանգնած էր եւ իմ ուշադրութիւնը կը գրաւէր իր շատ բարձր հասակով:

«Ասիկա իմ հայրիկս է, հայրիկս շատ հասակաւոր մարդ էր», ըսած էր մայրս:

Ես այդ լուսանկարին նայած էի որպէս մէկը, որ կը նայի օտար մէկու մը: Բարձրահասակ մարդը, որ կը տեսնուէր լուսանկարին մէջ, գեղադէմ ալ էր ու տպաւորիչ տեսք ունէր: Մայրս զգալիօրէն հպարտ էր իր հօրը այդ պատկերով: Բայց «ասիկա իմ հայրիկս է» ըսած էր, չէր աւելցուցած. «Քու մեծ հայրիկը»: Անոր հայրը իմ մեծ հայրս չէ՞ր ըլլար: Ես այդ վայրկեանին ինչո՞ւ այդ պատկերին մէջ իմ մեծ հայրս չէի տեսած, տեսած էի միայն մօրս հայրը:

Մանկութեանս այդ տարիներուն վրայէն ամբողջ կեանք մը անցաւ: Այսօր ես իմ կարգին մեծ հայրիկ դարձած եմ: Ամէնօրեայ շրջանակիս ու կեանքիս մէջ ունիմ երեք թոռնիկներ, որոնք պաշտելի էակներ են ինծի համար: Եւ ինծի հանդէպ տաքուկ սիրոյ մը փայլը միշտ կը տեսնեմ անոնց աչքերուն մէջ, երբ անոնք կը նային ինծի կամ կը խօսին ինծի հետ: Կը մտածեմ, որ ասիկա այն սէրն ու յարգանքն է, զոր ամէն մանուկ կամ երիտասարդ բնականաբար կը զգայ իր մեծ հօրը կամ մեծ մօրը նկատմամբ: Բայց հարց մը կայ: Թոռնիկներս ինծի նայելով ու ինծի հետ խօսելով` իրական իմաստով ի՞նչ կը զգան, չեմ գիտեր, որովհետեւ ես այդ փորձառութիւնը ապրած չեմ. ես մեծ հայրիկ չեմ ունեցած:

Կը զգամ սակայն, որ մեծ հօր մը կամ մեծ մօր մը նկատմամբ սէրն ու յարգանքը տարբեր բան է, անոնց հետ շատ աշխուժ ու յագեցած երկխօսութիւն մը կարենալ հաստատելը տարբեր բան է: Ո՛չ մէկ թոռնիկ իր մեծ մօրը կամ մեծ հօրը հետ կրնայ հաստատել այնպիսի աշխուժ ու բազմակողմանի երկխօսութիւն, որքան կրնայ հաստատել նախ իր հօրը կամ մօրը հետ, ապա մասնաւորաբար` իր տարեկիցներուն հետ: Այստեղ հարցը դուրս կու գայ սիրոյ ու յարգանքի սահմաններէն ու կը մտնէ մարդոց միջեւ կենդանի յարաբերութիւնները սնուցող ու հրահրող ազդակներու շրջանակէ մը ներս: Թոռնիկ մը պաշտելու չափ կրնայ սիրել իր մեծ հայրը կամ մեծ մայրը, բայց չի կրնար իր մեծ հօրը կամ իր մեծ մօրը հետ իր յարաբերութիւններուն մէջ դնել կրակի մը այն ջերմութիւնը, զոր պիտի դնէ իր ծնողքին եւ իր տարեկիցներուն հետ ունեցած իր յարաբերութիւններուն մէջ: Ասիկա շատ բնական է: Ասիկա ընդունելի ու հասկնալի է: Եւ ասիկա մեզի անգամ մը եւս մտածել կու տայ այն անդունդներուն մասին, որոնք, մենք տեսնենք կամ չտեսնենք, գոյութիւն ունին սերունդներու ու տարիքներու միջեւ: Անդունդնե՛ր: Խորունկ ու անանցանելի անդունդներ: Արդարեւ, ո՞վ չի գիտեր, թէ ամէն սերունդ մէկէ աւելի անդունդներով կ՛անջատուի նախորդ սերունդէն, կը փրթի նախորդ սերունդէն եւ կը հարթէ իր սեփական ճամբան ու ապրումներու աշխարհը: Եւ ասիկա ո՛չ թէ պարզապէս անոր համար որ իւրաքանչիւր տասը տարին անգամ մը բան մը կը փոխուի ամէն մարզէ ներս, այլ նաեւ անոր համար, որ մարդիկ միայն իրենց սերունդէ մարդոց հետ է, որ կրնան բռնկեցնել այն մեծ կրակը, որ զանոնք պիտի տաքցնէ մէկզմէկու նկատմամբ, որ զանոնք իրարու պիտի ձուլէ բառին իրական իմաստով:

Ես մեծ հայրիկ չունեցայ, բայց հիմա կրնամ անդրադառնալ, որ եթէ հօրենական տանս մէջ ունեցած ըլլայի մեծ հայրիկ մը, անտարակոյս շատ պիտի սիրէի զինք, ամէն օր պիտի ողջագուրուէի անոր հետ, ամէն օր պիտի ուրախանայի անոր օրհնութիւնը ստանալով, բայց հաւանաբար բնաւ պիտի չկարենայի անոր հետ կէս ժամէն աւելի երկար խօսիլ մտերմօրէն, խանդավառութեամբ անոր պատմել բոլոր մտածումներս ու զգայնութիւններս, յափշտակուիլ անոր խօսքերէն ու թելադրութիւններէն, վերջապէս` անոր հետ հաստատել այն իրաւ կամուրջը, որ իրարու կը կապէ նոյն սերունդէ մարդիկը միայն: Այս տեսակէտէ, մայրն ու հայրն անգամ հեռու կը մնան, հայրն ու մայրն անգամ անդունդով մը անջատուած կ՛ըլլան իրենց զաւակէն, ա՛լ ուր մնաց մեծ հայրը կամ մեծ մայրը:

Ես մեծ հայրիկ չեմ ունեցած, բայց ուրիշներուն տունէն ներս տեսած եմ մեծ հայրիկներ ու մեծ մայրիկներ: Ես մեծ հայրիկ չեմ ունեցած, բայց գիտեմ, թէ տաքուկ ընտանիքի մը երդիքին տակ ի՛նչ հարուստ ներկայութիւն է մեծ հօր մը կամ մեծ մօր մը ներկայութիւնը: Բարքերու ու ապրելակերպի որքան ալ խորունկ անդունդներ զանոնք անջատեն իրենց զաւակներէն ու թոռներէն, անոնցմէ կը ճառագայթէ լոյս մը, որ կը ցատկէ բոլոր անդունդներուն վրայէն ու կը հասնի անդունդին միւս կողմը գտնուող սիրելիներուն: Այդ լոյսէն անպայման բան մը պիտի մնայ, նոյնիսկ երբ պիտի մարի այդ լոյսը ղրկող փարոսը:

Ա՜խ, ես մեծ հայրիկ, մեծ մայրիկ չկրցայ ունենալ:

Ռ. Հ.

Share this Article
CATEGORIES