Իրան Քարիւղի Վաճառքէն Իր Ստացած Գումարներուն Կէսը Չի Կրնար Օգտագործել

«Արապիա» պատկերասփիւռի արբանեակային կայանին կայքէջը կը գրէ, որ ամերիկացի վերլուծաբաններու գնահատումով` իրականութեան մէջ Իրան չի կրնար քարիւղի ամսական վաճառքէն ստացուած գումարներուն կէսը օգտագործել:

Պատճառը` Թեհրանի դէմ կիրարկուող միջազգային պատժամիջոցներն են, որոնց պատճառով գումարները կը մնան արտասահմանեան հաշիւներու մէջ` կարելիութիւն չտալով Իրանի իշխանութիւններուն անոնցմէ օգտուելու:

Ըստ «Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութեան տուեալներուն, Իրան իւրաքանչիւր ամիս քարիւղի վաճառքէն կը ստանայ 3.4 միլիառ տոլար, որմէ 1.5 միլիառ տոլարը կը կուտակուի արտասահմանեան հաշիւներու մէջ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )