«Սուրիոյ Դէմ Պատերազմը Արգիլելու Համար Անհրաժեշտ Է Միջազգային Ուժերը Համախմբել» Շեշտեց Ա. Զասպիքին
Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին յայտնեց, որ Մոսկուա չի փափաքիր խօսիլ Սուրիոյ դէմ պատերազմին մասին, ընդհակառակն` Մոսկուա անհրաժեշտ կը նկատէ միջազգային ուժերուն համախմբումը` Սուրիոյ դէմ պատերազմը արգիլելու նպատակով:
Զասպիքին հաստատեց, որ սկզբունքային առումով իրենք կը մերժեն զինուորական գործողութիւնը եւ չեն քննարկեր անոր սահմանափակ կամ ոչ սահմանափակ ըլլալու իրականութիւնը:
Պատասխանելով ռուսական ռազմանաւերը Միջերկրական ծով գործուղելու մասին հարցումի մը` Զասպիքին յայտնեց, որ ռուսական նաւատորմը մնայուն ներկայութիւն եղած է Միջերկրականի մէջ եւ աւելցուց, որ այդ ռազմանաւերը երբեմն փոփոխութեան կ՛ենթարկուին` ըստ տիրող պայմաններուն:
Զասպիքին հաստատեց, որ Ռուսիան Սուրիոյ բարեկամ երկիր է եւ կը մնայ այդպէս, յատկապէս նկատի ունենալով, որ ան կը տեսնէ, թէ սուրիական բանակը կը վայելէ սուրիացի ժողովուրդին զօրակցութիւնը, որ իր ազդեցութիւնը կրնայ ունենալ Սուրիոյ դէմ զինուորական գործողութիւն ծրագրող կողմերուն վրայ:
Զասպիքին ընդգծեց, որ Սուրիոյ դէմ զինուորական հարուածը կը խոչընդոտէ խաղաղութեան ջանքերը. ան հաստատեց, որ բանակցութիւնները պէտք է ընթանան առանց նախապայմանի, ինչ որ Ժընեւի հաղորդագրութեան հիմնական պահանջն է, եւ այդ պահանջին Սուրիա համաձայն գտնուած է: