Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԻՄԱՄ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն անհետացման 35-ամեակին առիթով Հըզպալլա հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ընդգծեց իր յանձնառութիւնը` այդ հարցը կենդանի պահելու, զայն նկատելով ազգային, իսլամական եւ ժիհատական լուրջ թղթածրար մը:
ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ յայտնեց, որ Ժամաա Իսլամիէն կը մերժէ արաբական հողերու վրայ կատարուելիք արտաքին որեւէ յարձակում:
ԱՆՏԻՈՔԻ եւ համայն արեւելքի յոյն կաթողիկէ համայնքի Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքը խստիւ մերժեց Սուրիոյ դէմ արտաքին զինուորական գործողութիւններ սանձազերծելու հաւանականութիւնը եւ կոչ ուղղեց Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծումներ գտնելու: Լահհամ պատրիարքը շեշտեց, որ շրջանին մէջ իրենք ենթակայ են մեծ դժուարութիւններու` աւելցնելով, որ Լիբանանը եւ Սուրիան ամէնէն աւելի վտանգուած են:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի աղբիւրներուն համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի խօսքը դրական մօտեցումով ծրարուած է, սակայն անիկա լեցուն է բացթողումներով:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ռիատ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի կողմէ Իսրայէլի դէմ առնուելիք որեւէ անխոհեմ քայլ կրնայ պատճառ դառնալ հարաւային Լիբանանի ջնջումին:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի կոչ ուղղեց կազմելու ազգային համախմբող եւ հաւասարակշռուած կառավարութիւն մը, որուն մաս կը կազմեն լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը, ներառեալ` Հըզպալլան:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Թրիփոլիի պայթումին համար օգտագործուած ինքնաշարժները ականուած են Թարթուսի մէջ եւ մէկ գիշեր առաջ փոխադրուած են պայթումին վայրը:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Թրիփոլիի պայթումներուն ծալքերուն արագ քողազերծումը ապահովական նուաճում կը նկատուի:
ԸՍՏ անպաշտօն աղբիւրներու, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման եւ վարչապետ Թամմամ Սալամ համաձայնած են կազմել երեք ութերու տարազին հիման վրայ կառավարութիւն մը, եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի չի պատասխաներ այդ ընտրանքին:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան ինքնաշարժներէն մէկը կանգնեցնելու եւ զայն խուզարկելու հարցը դիւանագիտական միջոցներով կարելի է լուծել:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի ընդվզում յայտնեց Հըզպալլայի կողմէ սէուտական դիւանագիտական անձնակազմի յատուկ ինքնաշարժի մը խուզարկումին պատճառով: Միւս կողմէ, Ասիրի հերքեց, թէ իր ընդվզումն է խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին իր կատարած այցելութեան պատճառը:
ՊԱՀՐԷՅՆ կոչ կ՛ուղղէ իր քաղաքացիներուն Լիբանան չուղղուելու, ինչպէս նաեւ Պէյրութի մէջ գտնուող իր քաղաքացիներուն կոչ կ՛ուղղէ Լիբանանը լքելու:
ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Արիտի շեշտեց, որ Սուրիոյ դէմ զինուորական գործողութեան սանձազերծումը սուրիական վարչակարգը աւելի վայրագ պիտի դարձնէ:
ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու փոխհրամանատար Փաթրիք Վիլան շեշտեց, որ իրենք ոչ մէկ որոշում տուած են իրենց ընտանիքները եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի անձնակազմը Լիբանանէն հեռացնելու առնչութեամբ:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի Հըզպալլան պատասխանատու նկատեց Լիբանանի ապահովական կացութեան վատթարացման` աւելցնելով, որ եթէ Սուրիոյ դէմ ռմբակոծում կատարուի, ապա շրջանին մէջ ուժերու հաւասարակշռութիւնը պիտի շրջուի:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ բանակը զօրաշարժի ենթարկած է իր ուժերը եւ հարաւային Լիբանանի հետ սահմանին վրայ իր թուաքանակը բազմացուցած, ինչպէս նաեւ ապահովական միջոցառումներ որդեգրած է:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Հըզպալլայի աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ իրենք կը սպասեն Սուրիոյ դէմ ռմբակոծումին, որպէսզի համապատասխան լուծումի դիմեն:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Սալահ Հընէյն կոչ ուղղեց անյապաղ կազմելու կառավարութիւն մը, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարը լուծել:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ Սուրիա օր մը օրանց թշնամի չէ նկատուած` աւելցնելով, որ Լիբանան դիմած է որոշ միջոցառումներու, որոնց շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ ի հարկին մեծ թիւով սուրիացի գաղթականներ հիւրընկալել:
ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժեր խստիւ քննադատեցին Հըզպալլայի կողմէ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան անձնակազմին ինքնաշարժին խուզարկումը` զայն նկատելով անձնական ապահովութեան հետեւանքներէն:
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Աշրաֆ Ռիֆի շեշտեց, որ իրենք կը մերժեն հիւսիսային Լիբանանի մէջ անձնական ապահովութիւն կամ իսլամական խալիֆայութիւն մը ստեղծել:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ Լիբանան զինուորական եւ ապահովական ոչ մէկ դերակատարութիւն պէտք է ունենայ Սուրիոյ տագնապին առնչութեամբ:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Մուսթաքպալ հոսանքը հաւանութիւն յայտնած է երեք ութերու տարազին հիման վրայ կազմուելիք կառավարութեան:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրիի խորհրդական Մոհամետ Շաթահ յայտնեց, որ Սուրիոյ պատերազմին մէջ Հըզպալլա հիմնական դերակատարութիւն ունի, «իսկ սուրիական վարչակարգին զօրակցող որեւէ քայլ ապազգային կը նկատուի», ըսաւ Շաթահ:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պութրոս Հարպ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման կ՛աճապարէ կառավարութիւն մը կազմելու իմաստով: