Ժոմպլաթ Կոչ Կ՛ուղղէ Հեռու Մնալու Բանավէճերէն Եւ Սուրիոյ Մէջ Արմատական Փոփոխութիւններ Իրականացնելու Գրաւներէն
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Լիբանանի թեւակոխած ներկայ հանգրուանին ընթացքին անհրաժեշտ է վերջ տալ բանավէճերուն եւ ներքին լարուածութեան ու խլրտումներուն:
Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց հեռու մնալու Սուրիոյ մէջ արմատական փոփոխութիւններ իրականացնելու գրաւներէն` ընդգծելով, որ լիբանանցիներուն միջեւ բանավէճերուն վերջ տալով է, որ կարելի կ՛ըլլայ զսպել ահաբեկչութիւնը, որ նախորդ շաբաթներուն հարուածած էր Հարաւային արուարձաններն ու Թրիփոլին:
CATEGORIES Լիբանանեան