Ժահժահ. «Նոր Դէմքերէ Բաղկացող Կառավարութիւն Մը Կը Պահանջենք»

Լիբանանեան դիմադրութեան նահատակներուն յիշատակին նուիրուած տարեկան ոգեկոչման առիթով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ Մաարապի մէջ կատարած իր յայտարարութիւններուն մէջ շեշտեց, որ Լիբանան կը գտնուի իր պատմութեան վատագոյն ժամանակաշրջանին մէջ, որուն ընթացքին պետական հաստատութիւնները չեն գործեր, իսկ սահմանադրութիւնը ջնջուած է:

Ժահժահ շեշտեց, որ Լիբանան այս վիճակին հասած է, որովհետեւ զինեալ կուսակցութիւն մը բոլոր լիբանանցիներուն կողմէ որոշում տուած է եւ հակառակ անոնց կամքին` ազգային որոշումին առանձնաշնորհումը ունեցած:

Ժահժահ յայտնեց, որ «ժողովուրդ, բանակ, Դիմադրութիւն» տարազը իր մահկանացուն կնքած է արդէն եւ կոչ ուղղեց նոր դէմքերէ բաղկացող կառավարութիւն մը կազմելու:

Ժահժահ պահանջեց, որ նորակազմ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը ըլլայ «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus (0 )