Միքաթի – Մայլզ Հանդիպում
Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շաբաթավերջին վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան գործավար Ռիչըրտ Մայլզը, որմէ ստանձնեց Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքերու օգտագործումին մասին ամերիկեան կառավարութեան տեղեկագիրը:
Հանդիպումին ընթացքին Միքաթի ընդգծեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ չէզոք քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ կոչ կ՛ուղղէ բոլորին Լիբանանը հեռու պահելու շրջանը հարուածող տագնապներէն:
Միւս կողմէ, Միքաթիի տեղեկատու գրասենեակը հաղորդեց, որ ան դատական հարց պիտի յարուցէ «Տիար» օրաթերթի խմբագրապետ Շարլ Այուպի դէմ` սխալ լուրեր հրատարակելու, գրգռութիւններ հրահրելու եւ քաղաքացիական անվտանգութեան վնասելու անոր ընթացքին պատճառով:
CATEGORIES Լիբանանեան


