Ապպաս Իպրահիմ Ընդունեց Էօզեըլտըզը

Էօզեըլտըզ եւ Իպրահիմ

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ շաբաթավերջին ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզը, որուն հետ քննարկեց Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ առեւանգուած թուրք օդաչուները ազատ արձակելու հեռանկարները:

Էօզեըլտըզ մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել:

Միւս կողմէ, Իպրահիմ յայտնեց, որ Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիները ազատ արձակելու ճիգերը ընթացքի մէջ են եւ ոչ թէ սառած: Ան շեշտեց, որ այդ ճիգերը դանդաղ կ՛ընթանան` նկատի ունենալով շրջանին մէջ տիրող պայմանները:

Իպրահիմ մաղթեց սակայն, որ այդ թղթածրարը ուրախ աւարտ մը ունենայ եւ աւելցուց, որ նման թղթածրարներու լուծման յաջողութեան բանալին գաղտնապահութիւնն է:

Իպրահիմ յայտնեց, որ ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը կ՛աշխատի լուծել նաեւ Լիբանանի մէջ առեւանգուած թուրք օդաչուներուն թղթածրարը, սակայն ոչ թէ երկու թղթածրարները իրարու առնչելով, այլ` զուգահեռաբար:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )