Եազիժի Պատրիարքը Կոչ Ուղղեց Սուրիոյ Տագնապին Քաղաքական Եւ Խաղաղ Լուծում Մը Գտնելու

Եազիժի պատրիարքը` մամլոյ ասուլիսի պահուն

Անտիոքի եւ համայն արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը շաբաթավերջին Պալամանտի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ պատերազմը կը սպառնայ Միջին Արեւելքի երկիրներուն եւ խաղաղութիւն հաստատելու կարելիութիւնները հետզհետէ կը դժուարանան:

Եազիժի պատրիարքը կոչ ուղղեց Սուրիոյ տագնապին քաղաքական եւ խաղաղ լուծում մը գտնելու:

Հալէպի մէջ առեւանգուած առաջնորդներ Պուլոս Եազիժի եւ Եուհաննա Իպրահիմ եպիսկոպոսներուն թղթածրարին անդրադառնալով` Եազիժի պատրիարքը զարմանք յայտնեց անոնց մասին հրապարակուած սահմանափակ տեղեկութիւններուն համար:

Այս շրջագիծին մէջ ան ընդգծեց, որ իրենք պիտի ձեռնարկեն հաղորդակցութիւններ եւ խորհրդակցութիւններ կատարելու, որպէսզի կարելի ըլլայ ամէնէն մօտիկ ապագային լուծել այդ թղթածրարը:

«Լուռ պահելու եւ անորոշ վիճակի մատնելու փորձերը պատճառ պիտի չըլլան, որ մենք յուսալքուինք. ընդհակառակն` մենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնենք ազատ արձակելու համար առեւանգուած եպիսկոպոսները եւ բոլոր առեւանգեալները», ըսաւ Եազիժի պատրիարքը, որ միջազգային ընտանիքը պատասխանատու նկատեց մարդկային այս թղթածրարին լուծման:

Իր խօսքը ուղղելով միջազգային ընտանիքին` Եազիժի պատրիարքը ակնարկեց Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ ժողովուրդներուն գոյութեան մասին անոր մտավախութեան եւ ըսաւ. «Մենք միջազգային ընտանիքին կարեկցանքին կարիքը չունինք, որովհետեւ մեր երկիրներուն մէջ մեր ճակատագիրը նոյնն է, այնպէս ինչպէս նոյն քաղաքացիութիւնը կրող մեր եղբայրներուն ճակատագիրը: Մենք տասնեակ տարիներով ապրած ենք այս երկիրներուն մէջ եւ եղբայրաբար բաժնած մեր ցաւերն ու ուրախութիւնները: Մենք այսօր կարիքը ունինք մեր եպիսկոպոսներուն ճակատագիրը բացայայտելու եւ համոզուած ենք, որ եթէ միջազգային ընտանիքը փափաքի օժանդակել մեզի, ապա ան կրնայ շուտով լուծել այս թղթածրարը»:

Ռայի Պատրիարքը Այցելեց Եազիժի Պատրիարքին

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ այցելեց Պալամանտ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Եազիժի պատրիարքին հետ:

Հանդիպումէն ետք Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ Սուրիոյ կամ որեւէ այլ երկրի դէմ հուրով եւ սուրով կատարուելիք արտաքին որեւէ միջամտութիւն մերժելի է:

Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց տագնապին մաս կազմող կողմերուն խաղաղ միջոցներով լուծելու զայն:

Ռայի պատրիարքը պահանջեց նաեւ Հալէպի մէջ առեւանգուած եպիսկոպոսները ազատ արձակել` ընդգծելով, որ իրենք մնայուն կերպով խաղաղութեան եւ երկխօսութեան բառամթերքի պէտք է դիմեն:

«Մենք` իբրեւ քրիստոնեաներ, մեր պատասխանատուութիւնը պիտի ստանձնենք տեղեակ պահելու համար ամբողջ աշխարհը, թէ ի՛նչ է իսլամ կրօնը եւ հակառակը նաեւ ճիշդ է: Չենք ուզեր տեսնել արտաքին որեւէ տուեալ, որ կը խոչընդոտէ մեր քաղաքակրթութիւնն ու անոր պատգամը: Կը մաղթենք, որ Սուրիոյ եւ ամբողջ Արեւելքին մէջ խաղաղութիւն տիրէ», հաստատեց Ռայի պատրիարք:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )