Նախագահ Սլէյման Կոչ Կ՛ուղղէ Սուրիոյ Հարցին Քաղաքական Լուծում Մը Գտնելու Եւ Զինուորական Ընտրանքը Մերժելու
Մեծն Լիբանանի յայտարարութեան առիթով` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պէյթէտտինի մէջ ընդունեց երեսփոխան Պահիա Հարիրին, որ կը գլխաւորէր պատուիրակութիւն մը:
Այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնելու եւ զինուորական ընտրանքը մերժելու:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ Լիբանան քրիստոնէական ծրագիր մը չէ եղած, այլեւ` լիբանանեան ծրագիր մը:
Նախագահ Սլէյման ընդգծեց, որ լիբանանցիները մնայուն կերպով մերժած են բաժանումը եւ պատերազմները: Ան դիտել տուաւ, որ Լիբանան փաստած է, թէ ինք շատ աւելի զօրաւոր է, քան` շրջակայ երկիրները:
Լիբանան կրօնական երկիր մը չէ, այլ` հաւատքի երկիր մը, ուր անձնական եւ ընդհանուր ազատութիւններ կան, օրէնքի յարկին տակ գտնուող, ինչպէս նաեւ մարդկային արդի արժէքներուն համապատասխանող:
Նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց բոլոր միջոցառումներուն դիմելու` գործադրելու համար «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ը, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց Լիբանանի ամրապնդման համար վերադառնալու Ազգային երկխօսութեան նիստին:
Սուրիոյ տագնապին առնչութեամբ նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց Լիբանանը եւ լիբանանցիները զանց կացուցելու անոր հետեւանքներէն:
Ան յոյս յայտնեց նաեւ, որ Սուրիոյ մէջ ճակատող կողմերը վերջ տան նաեւ դէպի Լիբանան հրթիռարձակումին:
«Բաժանումի ծրագիրները մերժելով Լիբանան փաստեց, որ ինք մեծ է` այնքան մը, որ կարելի չէ զայն կուլ տալ եւ այնքան փոքր է, որ կարելի չէ մասնատել», եզրափակեց ան:
Նախագահ Սլէյման երէկ ընդառաջեց բանակի մասնայատուկ ուժերուն առաջարկած արշաւին եւ ուղղուեցաւ Պարուք, ուր իր անունով մայրիի ծառ մը ցանեց մայրիի ծառերու յատուկ արգելոցին մէջ:
Պարուքի մէջ նախագահ Սլէյման դիմաւորուեցաւ բանակի մասնայատուկ ուժերու հրամանատար զօր. Շամել Ռուքոզի կողմէ:
Նշենք, որ նախագահ Սլէյման շաբաթավերջին Պաապտայի մէջ ընդունեց լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրին, որուն հետ քննարկեց Սուրիոյ իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ սուրիական տագնապին վերաբերող զարգացումները:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ նախկին երեսփոխաններ Մանսուր Պոն, Միշել Խուրի եւ Նատեր Սըքքար:
Քննարկուեցան երկրին քաղաքական եւ ապահովական բեմը յուզող հարցերը:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյմանի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի արտասանած ճառը դրական է` նկատի ունենալով, որ ան իր կարգին կոչ կ՛ուղղէ լիբանանեան ազգային երկխօսութիւնը վերսկսելու:


