ՀԱՄԲԱՐՁՄԱՆ ՆՇՈՒՄ` ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԲԱՐԳԱՒԱՃՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐԻ ՏԻԿՆԱՆՑ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ ԿՈՂՄԷ
Կազմակերպութեամբ Համայնքային բարգաւաճման ծրագիրի տիկնանց յանձնախումբին, չորեքշաբթի, 1 յունիս 2011-ին, կայացաւ Համբարձման տօնին առիթով նախաճաշի ձեռնարկ մը` մասնակցութեամբ կիներու, մանաւանդ` Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանի բնակարանային շէնքերու շրջանէն:
Ձեռնարկը, որ տեղի ունեցաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի նորակառոյց խաղավայրին մէջ, Մարաշ թաղի վերջաւորութեան, Ազգային խորհուրդի շէնքերուն կից, յանձնախումբին առաջին նախաձեռնութիւնն էր:
Խաղավայրը շրջապատուած էր շատ գեղեցիկ կանաչապատումով, վարդերով եւ մեխակներով, մուտքին իւրաքանչիւր տիկնոջ քաղաքապետարանին կողմէ յանձնուեցան թաղարի մէջ ցանուած ծաղիկներ: Համբարձման տօնին յատուկ վիճակներու խօսքեր բացիկներու ձեւով կցուած էին իւրաքանչիւր թաղարի: Մուտքին նոյնպէս ներկաներուն տրամադրուեցաւ «Էյվըն» գեղագիտական արտադրութիւններէն նմուշներ:
Թալին Կարապետեան իր բացման խօսքին մէջ նշեց, թէ ձեռնարկին նպատակը ընկերային է եւ կը միտի ազգային աւանդութեան հետեւելով` հաճելի մթնոլորտ ստեղծել եւ ոչ անպայման նիւթական շահ ապահովել: Նման ընկերային ձեռնարկները, որոնք հաւաքական ճիգով կը կազմակերպուին, կ’օժանդակեն հաւաքական պատկանելիութեան զարգացման: Ան անդրադարձաւ կարեւորութեան հաւաքական ուժին, որուն շնորհիւ կարելի է ձեռք-ձեռքի տալով` փորձել լուծումներ գտնել դժուարութիւններուն, որոնք այլապէս առանձին անհատական ճիգով կարելի չէ լուծել:
Կարդացուեցան Համբարձման վիճակ հանուած խօսքերէն, որոնք ուղղուած էին հարսնցուներուն:
Ձեռնարկին գեղարուեստական բաժնով ասմունքեց Մարալ Վարդապետեանը, որմէ ետք Թալին Լատոյեան հակիրճ ձեւով բացատրեց Համբարձման տօնին առնչուած աւանդութիւնները:
Ձեռնարկին վերջաւորութեան հարսնցուներուն յիշատակի նուէրներ յանձնուեցան Համբարձման երգի ընկերակցութեամբ եւ շուրջպարով:
Ձեռնարկը մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց կիներուն մօտ, որոնք բարձր տրամադրութեամբ եւ տպաւորութեամբ վերադարձան իրենց տուները` անհամբեր սպասելով յաջորդ հանդիպման:
Այս առիթով շնորհակալութեան խօսք ունինք Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, իր յարմարաւէտ պայմաններով եւ կանաչապատ խաղավայրը տրամադրելուն եւ նուիրած ծաղիկներուն համար:
ԹՂԹԱԿԻՑ
