Մշոյ Հայկական Տուներուն Հարցով Սպառնալիք` «Ակօս» Թերթին
Անցեալ շաբաթ հաղորդած էինք լուր մը, ըստ որուն Հայկական պնդումներուն դէմ պայքարի միութիւնը պնդած էր, թէ Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցին հայկական եկեղեցի չէ, այլ փեչենեք քրիստոնեայ թուրքերուն կը պատկանի:
Այս արտասովոր պնդումէն ետք, կիրակի, օգոստոս 18-ին հաղորդուեցաւ նաեւ, թէ Մշոյ Գալէ թաղամասին մէջ քանդուող հայկական տուները «իրականութեան» մէջ թրքական տուներ են. «Մենք պիտի չքացնենք Մշոյ մէջ սարքուած հայկական այս խաղը», ըսած է նոյն միութեան մէկ ներկայացուցիչը` Իրֆան Էրմիշ:
Ինչպէս հաղորդուած էր նախապէս, Մշոյ Գալէ թաղամասին մէջ քաղաքապետութիւնը ձեռնարկած էր հին թաղամասը նոր համալիրներով փոխակերպելու, եւ այս կերպով` լուծելու քաղաքին բնակարանային տագնապը: Բայց կարգ մը շրջանակներ այս ծրագիրին դէմ եկան` դիտել տալով, որ փլուզումի ենթակայ հին շէնքերը հայերէ մնացած պատմական բնակարաններ են եւ անոնք պէտք չէ քանդուին: Քաղաքապետութիւնը այս մասին քննութիւն բացաւ եւ ուզեց ստուգել, թէ այդ հին տուները իսկապէս հայկակա՞ն էին:
Էրմիշ ըսած է, որ 1957-ին կատարուած արձանագրութեան մը մէջ նշուած է, թէ այս հողամասը նախապէս դատարկ հող էր: Ուրեմն այդ տուները չէին կրնար հայերու տուներ ըլլալ: «Որոշ շրջանակներ Մշոյ մէջ հիմա հայկական նոր խաղ մը սարքել կը ջանան, բայց մենք արգելք պիտի հանդիսանանք ու պիտի խանգարենք անոնց այս խաղը», ըսած է Էրմիշ:
Ան նաեւ անուղղակի սպառնալիք մը ըրած է «Ակօս» թերթի հասցէին` այդ թերթը ամբաստանելով Թուրքիոյ ներքին խաղաղութինն ու անդորրութիւնը խանգարել փորձելու յանցանքով: Ան ըսած է. «Կոչ կ՛ընեմ «Ակօս» թերթին, որ երկրին հայերը կը գրգռէ, ու «Մշոյ հայկական տուները կը քանդուին» պոռչտալով` կ՛ուզէ խանգարել Թուրքիոյ ներքին խաղաղութիւնն ու անդորրութիւնը: Հայերու վերագրուած այդ տուները թրքական են եւ անոնք վերջնականապէս պիտի արձանագրուին իբրեւ թրքական: Մենք կը շնորհաւորենք Մշոյ քաղաքապետն ու գործակիցները, որոնք քաղաքին համար հրաշալի աշխատանք կը տանին ու ներկայիս կը պատրաստուին լուծելու շատ կարեւոր հարց մը: Գալէ թաղամասին տուները թրքական տուներ են, պատերուն վրայ դրուած սուլթանական զինանշաններէն յայտնի է: Ո՛չ մէկը կրնայ գրգռել մեր հայ հայրենակիցները, ո՛չ մէկը այսպիսի փափաքներ թող սնուցանէ: Թուրք ժողովուրդը նմանօրինակ խաղի չի գար», ըսած է Էրմիշ:

