Խաչատուր Վրդ. Կեսարացի Հիմնադիր Ն. Ջ. Սբ. Ամենափրկիչ Վանքի Տպարանի Եւ Այդ Առիթով Խորհրդածութիւններ

ԿՈՐԻՒՆ ԱՐՔ. ՊԱՊԵԱՆ

1.- Յիշատակարան «Սաղմոս Ի Դաւիթ»-ի

Օքսֆորտի համալսարանի Պոտլէեան Լայպրըրիի մէջ 1968-ին յայտնաբերուած «Սաղմոս Ի Դաւիթ» գիրքի վերջաւորութեան գտնուող չորս էջերէ բաղկացած յիշատակարանին առաջին մասը նուիրուած է Խաչատուր վարդապետին կողմէ, որպէս երախտագիտական զգացումի արտայայտութիւն, իր ուսուցիչին` Մովսէս Տաթեւացի կաթողիկոսի գործունէութեան: Վեց կէտերու մէջ ամփոփած է անոր նախքան կաթողիկոս ըլլալը եւ կաթողիկոսութեան շրջանին կատարած բարեփոխութեանց եւ բարեզարդման, նորոգութեանց եւ շինարարական աշխատանքները, որոնց շնորհիւ, կ՛ըսէ, Հայկազեան մեր ազգը պայծառակերպեց:

Նորոգեց վանքեր եւ հաստատեց «խարազնազգեաց ճգնաւորաց, արանց եւ միանգամայն եւ կանանց» համար միաբանութիւններ եւ անձամբ ինք «որպէս զհայր հասարակաց խնամ տանէր ամենեցուն»:

Գիւղերու եւ քաղաքներու մէջ շինեց բազմաթիւ եկեղեցիներ եւ ձեռնադրեց անոնց համար քահանաներ:

Սուրբ Էջմիածինը, որ աւերակ եւ լքեալ վիճակի մէջ էր, նորոգեց եւ պայծառացուց:

Դիմելով պարսից արքայից արքային` յաջողեցաւ Էջմիածնի վրայ դրուած տարեկան ծանր տուրքը վերացնել «եւ արար ազատս ի հարկապահանջութենէ»:

Վերջապէս, ամէնուրեք դպրոցներ եւ դասատուներ կարգեց եւ «լուսաւորեաց զազգս հայոց եւ յարաժամ ցանկայր տպագ­րու­թեանս զի յառատութենէ գրոց ամենեքեան դիւրաւ վարժեսցին. սակայն չեղեւ ձեռնհաս, զի փոխեցաւ աստի յանանց կեանսն առ ցանկալին իւր»: Անոր կաթողիկոսութեան շրջանը եղաւ կարճ` չորս տարի եւ չորս ամիս, սակայն նախքան կաթողիկոսանալը` արդէն ձեռնարկած էր վերոյիշեալ աշխատանքներուն:

Այնուհետեւ հայրապետական աթոռին բարձրացաւ իր ձեռնասուն աշակերտը` տէր Փիլիպպոսը. «յաւուրս սորա,- կ՛ըսէ Խաչատուր Վարդապետ,- եղեւ տպագրութիւնս ի քաղաքն Շօշ (Սպահան), յա­նապատն Ջուղայոյ, ի թվին ԼՁԷ (1638), ձեռամբ նուաստ Խաչատուր Վարդապետի Կեսարացւոյ»:

Գրութեան ոճէն եւ բովանդակութենէն յայտնի է, որ այս յիշատակարանին հեղինակը ի՛նք` Խաչատուր վարդապետ Կեսարացին է, որ յստակօրէն կը մատնանշէ իր ներշնչման աղբիւրը: Վերոյիշեալ բոլոր բարի գործերէն ետք, իր ուսուցիչի ջերմ փափաքն էր գիրքեր տպել, որպէսզի գիրքերու առատութեանն շնորհիւ «ամենեքեան դիւրաւ վարժեսցեն». այլ խօսքով, գիրքերու առատութեան շնորհիւ ուսումն ու գիտութիւնը կարելի ըլլայ աւելի դիւրութեամբ տարածել ժողովուրդի լայն զանգուածներուն մէջ: Այս փափաքը, սակայն,  կարելի չէր եղած իրագործել:

Շարունակելով յիշատակարանին ընթերցումը` կը տեղեկանանք որ մէկ տարի եւ հինգ ամիս է,  որ Խաչատուր վարդապետ եւ իր միաբանութեան անդամները, գիշեր եւ ցերեկ անդադար աշխատելով, յաջողեր են` «հասանել յաւարտ երգարանիս Դաւթի, ի թուին ԼՁԷ (1938), որում փառք յաւիտեանս»:

Այս հաստատումներու շարքին նոյնքան եւ աւելի հետաքրքրական է կարդալ հետեւեալ բացայայտումը: Ահա մէկ տարի եւ հինգ ամիս է, կ՛ըսէ Խաչատուր վարդապետ, որ մենք գիշեր ու ցերեկ կ՛աշխատինք. այս գիրքի տպագրութեան համար ոչ մէկ վարպետ կամ ուսուցիչ ունեցած ենք, որ մեզի սորվեցնէ տպագրութեան արուեստը. ունեցած ենք միայն Սուրբ Հոգին, որպէս ներշնչումի աղբիւր եւ առաջնորդ եւ Մովսէս կաթողիկոսի «զիղձս եւ զ կենդանի աղօթս հոգեւոր հօրն մերոյ, գնացելոյ առ Տէր»:

Ինչ կը վերաբերի այս աշխատանքին օժանդակած եւ մասնակից դարձած անձերու, ի մասնաւորի յիշատակուած են անունները,  Խաչատուր վարդապետի կողմէ «հոգեւոր որդեակքն իմ» կոչուած, վարպետ Յակոբճանը, տէր Յովհաննէս քահանան, տէր Միքայէլն ու Յովսէփը:

Յիշատակարանի հեղինակին վերջին խնդրանքն է մեզմէ յիշել` «ի մաքրափայլ աղօթս ձեր զնուաստ Խաչատուր Վարդապետս եւ ձեռնտու եղբարսն իմ եւ դուք յիշեալ լիջիք ի Քրիստոսէ Աստուծոյ մերոյ որ է աւրհնեալ յաւիտեանս ամէն: Հայր մեր որ յեր.»:

Գրքի վերջաւորութեան գտնուող երկար յիշատակարանէն բացի, կան չորս փոքր յիշատակարաններ, որոնցմով կը խնդրուի ընթերցողներէն յիշել իրենց աղօթքներուն մէջ Նոր Ջուղայի վանքի միաբաններն ու յատկապէս անոնք, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերած են այս գործին յաջողութեան. իսկ Սուրբ Հոգիէն կը խնդրուի օգնել այս գիրքի տպագրութիւնը իր բարեյաջող աւարտին հասցնելու համար:

Անթիլիաս

(Շար. 9)

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )