Ապատեղեկատուութիւն. Թուրքիոյ Եւ Ազրպէյճանի Կողմէ Կատարուած Ապատեղեկատուութիւն (Բ.)
ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ
Այդ բուռն հակադարձութեան ականատես եղանք Եւրոպական Խորհրդարանի որդեգրումէն ետք: Ազրպէյճան, պատմական ճշմարտութիւնները խեղաթիւրելու իրողութենէն մեկնելով, պէտք չէ զարմանալ, օր-ցերեկով Հին Ջուղայի խաչքարերը հայկական պատմամշակութային կոթողներ ըլլալու փոխարէն վերածեց «ազրպէյճանցիներու նախահայրերը եղող աղուաններուն» պատկանող յուշակոթողներու: Բայց կա՞յ մէկը, որ կարենայ ազրպէյճանական համաթուրանական քարոզչութեան հարց տալ, թէ ատրպէյճանցի թուրքեր պատմականօրէն ի՞նչ կապ ունին գլխաւորաբար կովկասեան ծագում ունեցող աղուաններուն հետ, թէ` պատմական Աղուանքը ի՞նչ գործ ունի պատմական եւ հայկական Նախիջեւանի մէջ, եւ թէ` եթէ իրապէս այդ խաչքարերը կամ պատմական յուշարձանները աղուանական ծագում ունին, ապա ի՞նչ տրամաբանութեամբ մարդիկ իրենց «նախահայրերերուն» յուշարձանները կը քանդեն:
Ի՞նչ կը կատարուի Ազրպէյճանի ճակատին Նախիջեւանի առնչութեամբ: Հոն մերկապարանոց կը խեղաթիւրուի ամբողջ պատմութիւն մը. կը խօսուի ոչ միայն Նախիջեւանի եւ Ղարաբաղի, այլեւ նոյնիսկ Երեւանի մասին` իբրեւ թաթարական հողի, զանոնք ետ առնելու կոչերով ու սպառնալիքներով:
Նախիջեւան անունը, Նախիջեւանի շրջաններն ու գիւղերը, լեռներն ու գետերը հինէն ունեցած են հայկական կամ հայերու կողմէ նշանակուած անուններ, բայց հետագայ տարիներուն «ազերիներ»ը, իրենց ցեղակից եղբօր` թուրքերու նման, փոխած են այդ անունները թրքերէնի: Դարեր տեւաբար ամբողջ աշխարհը ծանօթ էր իր իմաստով նաեւ հայերէն Նախիջեւանի եւ ոչ թէ «Նախշը-Ջիհան», որ 1919 օգոստոս 22-ին, Մուսաւաթի պարագլուխ Թաթար Մեհմետ Էմին Ռասուլզատէն կոչած էր` «Նախշը-Ջիհան», այսինքն` աշխարհի զարդանկար:
Շահապոնք գաւառը այժմ` Շահպուզի շրջան, Ցղնան` Չանանաբ, Օձասարը` Ելանլուտաղ, Դարուանը` Տաղրիտաղ, Շահապունիքը` Քենդ Շահբուզ, Մոխաբլուր` Քիւլթեփէ, Շորաբլուրը` Շորթափա, Երնջակ գետը` Ալինջա չայ, Նախիջեւանի գետը` Նախիջեւան չայ, Ջուղան` Ջուլֆա, Շահկերտը` Ղազանչի, Որդուարը` Օրտուպատ, Աստապատը` Թազաքենդ, Վերին Ագուլիսը` Եուխարը Այլիս, Արփաչայ վտակը` Արփա, Խրամը` Նեհրամ, Օծոփը` Պատամլու, Ճահուկը` Ջահրի գիւղ, Գողթնը` Քլիթ®
Օրին հայկական Արցախի անունը կը փոխուի եւ կ’ըլլայ Ղարա-Բաղ (ատր.` Սեւ այգի), ինչպէս նաեւ Արցախի շրջանի տարածքին գտնուող շրջաններու ու գիւղերու, լեռներու ու գետերու հայկական անունները եւս փոփոխութեան ենթարկուած են:
Ղարաբաղեան շարժման սկիզբէն եւ յետոյ հանդէս գալով հայկական կողմի պահանջատիրութիւնը չէզոքացնելու եւ հակառակ պահանջատիրութիւն ներկայացնելու ուղղությամբ` ազրպէյճանական կողմի գործողութիւնները այս շրջածիրին մէջ որոշակի փոխակերպումի ենթարկուեցան` տարբեր փուլերու մէջ ներառելով հետեւեալ գործողութիւններն ու քայլերը. ապատեղեկատուութիւն եւ զեղծարարութիւն` Արցախի մէջ հայերու բնակեցման, պատմութեան եւ կարգավիճակի շուրջ:
Քարոզչական պատերազմ իրականացնելով` Ատրպէյճանը մեծապէս կը կիրարկէ ապատեղեկատուութեան տարածում: Ղարաբաղեան պատերազմի ընթացքին ատրպէյճանական ապատեղեկատոււթիւնն արտաքին լսարանի տարածքին կ’իրականացուի արտասահմանեան մամուլի համար ատրպէյճանցի լրագրողներու պատրաստած յօդուածներու միջոցով: Այսպէս, օրինակ, «Նեզաւիսիմայա Կազեթա»-ի թղթակիցներ Կաֆառլիի եւ Մեհտիեւի յօդուածներուն մէջ ապատեղեկատուութիւնը հիմնականին մէջ կը վերաբերէր ռազմական գործողութիւններուն մէջ հայկական ուժերու կորուստներու քանակին, հայկական կողմէն արգիլուած զինատեսակներու օգտագործման, ինչպէս նաեւ վարձկաններու ներգրաւուման մասին կեղծ տեղեկութիւններուն:
Վարկաբեկիչ բնոյթի ապատեղեկացնող հաղորդագրութիւններ եւ անոնց տարածումը: Կամ, ըսենք, Հայաստանի Հանրապետութեան (ՀՀ) եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան (ԼՂՀ) տարածքներուն իբր գոյութիւն ունեցող ատրպէյճանցի ռազմագերիներու համակեդրոնացման ճամբարներու մասին պարբերաբար յիշատակումները:
Շփոթեցնող, ապակողմնորոշող տեղեկատուութիւն: Օրինակ, կը մեջբերուին հայկական անանուն երիտասարդական կազմակերպութեան անանուն ղեկավարի խօսքերը: Հայաստանի մէջ Ուքրայնիայի օրինակով երիտասարդական շարժում սկսելու վերաբերեալ եւ այլն:
Ապատեղեկատուութեան տարածման մեջ մասնագիտացած են որոշ ատրպէյճանցի թղթակիցներ, որոնց կարգին առանձնակի աշխուժութեամբ աչքի կը զառնէ Ռովշան Նովրուզօղլուն: Անոր ղեկավարած, այսպէս կոչուած, «Տեղեկատուութեան պանքը», որ բացարձակ ԼՂ հիմնախնդրի շուրջ քարոզչութեան եւ հակաքարոզչութեան կազմակերպման եւ իրականացման եղանակներու մասին կեղծիք եւ ապատեղեկատուութիւն տարածելու հարուստ փորձ կուտակած է, մշտական «տեղ կը զբաղեցնէ» Պաքուի «Զերքալօ» օրաթերթի էջերուն մէջ:
Ապատեղեկատուական հնարքներէն է նաեւ որոշակի փաստի հետագայ ընթացքի յօրինումը: Այսպէս, օրինակ, Հունգարիայի հայկական համայնքի` Հունգարիայի գլխաւոր դատախազին ուղղած նամակը (որուն հայ համայնքի ներկայացուցիչները մտահոգութիւն կը յայտնէին Գուրգէն Մարգարեանի սպանութեան գործով դատաւարութեան ժամանակ ատրպէյճանական լրագրողներու կողմէ քարոզչական նիւթերու տարածման հետ կապուած) պատճառ հանդիսացաւ, որպէսզի ատրպէյճանական մամուլի մէջ յայտնուի ստայօդ տեղեկութիւն մը այն մասին, թէ Հունգարիայի հայերու երիտասարդական «Հայաստան» կազմակերպութեան անդամները կոչ ըրած են հունգարական դատարանին մեղադրեալին յանձնել հայկական կողմին` մահապատիժի ենթարկելու համար: Այսպիսով, ուղղակի փաստի, տուեալ դէպքին` Հունգարիայի դատախազութեան ուղղուած նամակի շուրջ յաջորդիւ կազմակերպուած եւ տարածուած է մտացածին ապատեղեկատութիւն:
Առանձնակի հետաքրքրութիւն ներկայացուած է կրակի գիծին մէջ յաճախ իրականին մէջ տեղի չունեցող իրադարձութիւններու լուսաբանումը ատրպէյճանական ԶԼՄ-ի կողմէ: Հիմնական նպատակը հայկական զինուժի կողմէ հրադադարի խախտումի մասին յիշատակում ընելն է: Իբրեւ կանոն` սովորաբար մտացածին լուրերու հաղորդումը կ’աւարտի «Հակադարձ կրակով թշնամին ճնշուած է» ձեւակերպումով: Այս իւրօրինակ դրական հոգեբանական ազդեցութիւն կը թողէ նաեւ ատրպէյճանական հասարակութեան վրայ:
Ապատեղեկատուութեան առանձին դրսեւորումներէն է հայկական կողմի հասցէին հնչող մեղադրանքները ԼՂՀ եւ շրջակայ տարածքներուն թմրանիւթերու տարալուծարաներու, ահաբեկչական խմբաւորումներու հենակէտերու տեղաբաշխումի մասին: Տարբեր մեղադրանքներ կը հրապարակեն կենսաբանական զէնքի առկայութեան, ինչպէս նաեւ միջուկային թափոններով շրջակայ միջավայրը աղտոտելու դիտաւորութեան վերաբերեալ:
Ատրպէյճանի մէջ տեղեկատուական պատերազմներու մասնագէտները յատուկ կարեւորութիւն կու տան տեղեկատուական ճարտարագիտական լայնամասշտապ կիրառումին, մասնաւորապէս` համակարգչային ճարտարագիտական եւ համացանցի միջոցով հակահայկական քարոզչութիւն իրականացնելու համար: Առանձին կարեւորութիւն կը տրուի համացանցի մէջ ատրպէյճանական քարոզչական աղբիւրներու հարստացման աշխատանքներուն: Հակասութիւններու հրահրումի դաշտ կը նկատուին, օրինակ, Արցախ-Հայաստան յարաբերութիւններու ոլորտը, առկայ ընկերային հակասութիւնները, փտածութիւն, աղքատութիւնը, ԼՂ հիմնախնդրի շուրջ քարոզչութեան եւ հակաքարոզչութեան կազմակերպման եւ իրականացման եղանակներու մասին ինչպէս նաեւ այլադաւան, տուեալ դէպքին` առաքելական եւ կաթոլիկ ուղղութիւններուն պատկանող հայերու միջեւ հակասութիւններու բորբոքումը:
Ղարաբաղեան պատերազմի տարիներուն ատրպէյճանական կողմը կատարած է նաեւ հայերէն թռուցիկներ տարածելու փորձեր, որուն նպատակն է քայքայել հայ զինուորներու մարտական ոգին, պարտուողական տրամադրութիւններ սերմանել անոնց մէջ:
Տեղեկատուական պատերազմներ իրականացնելու առաջարկներով հանդէս կու գայ նաեւ Էլշատ Կուլիեւը` Ատրպէյճանի պատկեռասփիւրի եւ ռատիոկայանի խորհուրդի նախկին ղեկավարը (1978-1990-ին): Ան կ’առաջարկէր մշակել հրապարակման ոչ ենթակայ կամ մասամբ գաղտնազերծուած տեղեկատուկան պատերազմ վարելու հայեցակարգ, զարգացնել նախկին խորհրդային շրջանին յատուկ` պատկեռասփիւրի եւ ռատիոյի միջոցով տարուելիք քարոզչութիւն:
Ատրպէյճանական կողմը միջազգային ատեաններու առջեւ մեղադրանքներ ներկայացուցած է Հայաստանի Հանրապետութեան` Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեանն առնչուող ՄԱԿ-ի չորս բանաձեւերու պահանջները անտեսելու վերաբերեալ: Այդ բանաձեւերուն մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ որեւէ պարտադիր պահանջի բացակայութիւնն ատրպէյճանական կողմը կ’անտեսէ, ինչ որ նոյն բանաձեւերը որոշակի պարտաւորութիւններ կը դնեն ճիշդ ատրպէյճանական կողմի վրայ, ինչ որ նոյնպէս միտումնաւոր կերպով կ’անտեսուի: ՄԱԿ բանաձեւերու պահանջները չկատարելու բացայայտ յայտարարութիւն ըրած է:
Քարոզչական հնարքներէն է նաեւ տարբեր լսարաններու մէջ ԼՂ հայերու ինքնորոշման օրինականութեան վերաբերեալ հարց բարձրացնելը: Բանեցուած է հետեւեալ քարոզչական ծուղակը. եթէ հարցապնդումին տրուած է դրական պատասխան, անոր կը հետեւի հետեւեալ հարցը. այդ դէպքին, ի՞նչ է, հայերը պետականութիւն ստեղծելու իրաւունք ունին Կլենտե՞լի Ֆրանսայ՞ի եւ Հիւսիսային Կովկաս՞ի մէջ: Հայկական կողմը կը մեղադրուի «Մեծ Հայաստանի» ստեղծումի գաղափարի համար:
Որպէս նման կարգի մեղադրանքներուն համարժեք պատասխան պէտք է մատնացոյց ըլլայ այն, որ ատրպէյճանական կողմը չի տիրապետէր պատմական գրականութեան, քանի որ «Մեծ Հայք» եզրն ունի յունահռոմէական ծագում եւ կ’անուանուէր այդպէս` «Փոքր Հայքի» գոյութեան պարագային:
Առաւել յաճախ կրկնուող միւս քարոզչաեղանակը հայ քաղաքական գործիչներուն ահաբեկիչներ, աւազակակներ, անջատողականներ եւ պատերազմի հանցագործներ ներկայացնելն է:
Ատրպէյճանական պետական քարոզչամեքենան կը փորձէ նման պիտակաւորումներով բացառել հանցագործներու հետ որեւէ բանակցութեան գործընթացի հնարաւորութիւնը:
Կարելի է նշել նաեւ, «Տէյ. Ազ» (Day. Az) թերթի, 9 օգոստոս 2004-ի թիւին մէջ տեղ գտած Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հակահայ այն յայտարարութիւնը, որ հնչած է Ատրպէյճանի ազգային հանրագիտարանի անձնակազմի նիստին ընթացքին, ուր ան կ’ըսէ. «այստեղ (հանրագիտարանի մէջ, Ա.Գ.) տեղ գտած են հայազգի շատ անձերու անուններ, որոնք Ատրպէյճանի պատմութեան մէջ որեւէ դերակատարութիւն չեն ունեցած: Եթէ դուք թերթէք, դուք կը տեսնէք այդ: Ես շատ զարմացած էի, ինչո՞ւ այդպէս պատահած է: Յարութիւնեան, Յարութիւնով, Գէորգեան, Երեմեան, Մարտիրոս Սարեան, Սասունլու Դաւիթ: Ի՞նչ կը նշանակէ: Ի՞նչ: Մի՞թէ այս հիմք կը հանդիսանայ մեր ազգային հանրագիտարանի համար: Ես սարսափած եմ… Հիմա ես կը տեսնեմ, որ այս անպիտան գիրք է: Ես բացի յաջորդ էջը: Եւ ի՞նչ կը կարծէք: Ես ի՞նչ տեսայ` Ստեփանակերտ: Ատրպէյճանի մէջ Ստեփանակերտ անունով քաղաք գոյութիւն չունի»: Ապատեղեկատուութիւն տարածող հանրագիտարանին մէջ, Արցախի հանրապետութիւնը բնականաբար կը ճանչցուի, ոչ թէ հայկական այլ ատրպէյճանական, զոր «բռնաքրաւած է Հայաստանը»:
Միւս կողմէ, հակառակորդներու կողմէ ծրագրուած, պետական եւ գիտական բարձր մակարդակով պատրաստուած ու գործադրութեան դրուած է հայէրէն լեզուով կայքէջ, ուր կայ «սուտաբանութեան տեղեկատուփ» մը, որ կը պարունակէ ամբողջութեամբ խեղաթիւրուած տեղեկութիւններ:
Այստեղ կարելի է ընդգծել նաեւ խիստ կարեւոր իրողութիւն մը նաեւ, Թրքական եւ Ատրպէյճանական ապատեղեկատուութեամբ ներքաշուած են արաբները, արաբ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ եւ ժողովներ, ինչպէս նաեւ արաբական մամուլը, օրինակ, Հայոց ցեղասպանութիւնը կը ներկայացնեն այսպէս կոչուած «սուտաբանութիւն», իսկ ճիշդը իրենց մեկնաբանութեամբ, որ հայերը «ջարդած են հազարաւոր մուսուլմաններ», հոս արաբական եւ մուսուլման աշխարհը ներգրաւելու համար կը տեսնենք, որ պահ մը կը վերացնեն թուրք բառը եւ անոր կը փոխարինէ «մուսուլման»ը:
Խոջալուի դէպքերը կամ հրադադարի խախտումը կը ներկայացնեն իբրեւ հայերու կողմէ նախայարձակ: Այս երկու կարեւոր իրադարցութիւնները, զոր ներկայացուած են թրքական եւ ատրպէյճանական կողմերէ, տեղ գտած են Իսլամական Խորհրդաժողովի Կազմակերպութեան նիստերուն եւ անոնց մասին բանաձեւեր անցած: Սկիզբէն ի վեր յստակ է, որ այս բոլորը ապատեղեկատուութիւն է:
Թրքական կողմը ի զուր չէ, որ արաբական աշխարհին հետ ալ աւելի սերտացուց իր կապերը, արաբերէն լեզուով սփռուող թրքական պետական պատկերասփիւռի կայան մը հիմնեց ու մանաւանդ թրքական ֆիլմաշարերը արաբական շուկայ մղեց: Այդ ֆիլմաշարերուն մէջ գեղադէմ դերասան եւ դերասանուհիներով իր ուզած քարոզչութիւնը ըրաւ ու յատկապէս ապատեղեկատուութիւն տարածեց:
(Շար. 3)

