Թրքական Հիւպատոսարանի` Մուսուլէն Էրպիլ Ուղղուող Շքախումբին Դէմ Յարձակում
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Իրաքի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսարանին մէկ շքախումբը ականահարման ենթարկուած է:
Թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ յարձակումը տեղի ունեցած է Մուսուլ քաղաքին մէջ:
Ըստ աղբիւրին, մարդկային վնասներ չկան, սակայն ինքնաշարժները վնասուած են: Թուրք դիւանագէտները Մուսուլէն Էրպիլ կ՛ուղղուէին, երբ ճամբեզրին զետեղուած ականը պայթած է:
Մուսուլի անվտանգութեան վարչութիւնը յարձակումին շուրջ հետաքննութիւն կը կատարէ եւ կազմակերպիչները կը փնտռէ:
CATEGORIES Միջազգային