Ասատ Շրջանային Պատերազմի Վտանգի Գոյութենէն Կը Զգուշացնէ. «Սուրիան Հարուածելը «Ժընեւ-2»-ի Յետաձգման Պատճառ Պիտի Դառնայ» Կ՛ըսէ Լաւրով
Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ ֆրանսական «Լը Ֆիկարօ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ «Ֆրանսա Սուրիոյ թշնամին պիտի ըլլայ, եթէ անոր դէմ զինուորական գործողութեան մասնակցի, եւ Ֆրանսայի շահերը պիտի ազդուին, եթէ Սուրիոյ մէջ միջամտէ»:
Ան ըսաւ, որ սուրիական ուժերը քիմիական զէնքի օգտագործումով ամբաստանելը անտրամաբանական է, եւ Ֆրանսայի ու Միացեալ Նահանգներու մարտահրաւէր ուղղեց այդ առնչութեամբ նոյնիսկ մէկ փաստ ներկայացնելու:
Պատասխանելով Սուրիոյ հակադարձութեան մասին հարցումի մը` Ասատ ըսաւ, որ Միջին Արեւելքը վառօդի տակառ մըն է, եւ այս օրերուն կրակը անոր կը մօտենայ` նշելով, որ պէտք չէ միայն Սուրիոյ հակադարձութեան մասին խօսիլ, այլ այն մասին, թէ առաջին հարուածէն ետք ի՛նչ պիտի պատահի: «Երբ վառօդի տակառը պայթի, ամբողջ աշխարհը կացութեան վերահսկողութիւնը պիտի կորսնցնէ եւ քաոսն ու ծայրայեղականութիւնը պիտի տարածուին», ըսաւ ան` զգուշացնելով, որ «շրջանային պատերազմի վտանգը գոյութիւն ունի»:
«Սքայ Նիուզ» երէկ գիշեր հաղորդեց, որ Սպիտակ տան մէջ Սուրիոյ շուրջ ընդլայնուած հանդիպում մը տեղի ունեցած է` մասնակցութեամբ Օպամայի, անոր ազգային անվտանգութեան խմբակին եւ քոնկրեսականներու:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ շրջանի երկիրները ահաբեկչութենէն կը տառապին եւ իբրեւ փաստ նշեց Սուրիոյ, Լիպիոյ եւ Իրաքի իրադարձութիւնները:
Ան շեշտեց, որ Սուրիան հարուածելը «Ժընեւ-2» միջազգային խորհրդաժողովի գումարումը պիտի յետաձգէ եւ տագնապի լուծման հոլովոյթը պիտի արգելակէ:
«ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումներն ու ՄԱԿ-ի ուխտը պիտի պաշտպանենք», ըսաւ Լաւրով` աւելցնելով, որ «մենք շրջանին մէջ շինիչ քաոս ստեղծելով Ապահովութեան խորհուրդի որոշումները հարուածելուն դէմ ենք»:
Ան կոչ ուղղեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը վերակազմաւորելու` անոր միացնելով ափրիկեան եւ լատինամերիկեան երկիրներ:
Լաւրով ըսաւ, որ Արեւմուտքը Միջին Արեւելքի մէջ երկակի չափանիշեր կ՛օգտագործէ` աւելցնելով, որ «Արեւմուտքը կը ջանայ տապալել ոչ բարեկամ վարչակարգերը, իսկ իրեն բարեկամ բռնատիրական վարչակարգերու փոփոխութեան մասին չի խօսիր»:
«Քիմիական զէնքի օգտագործման համար սուրիական վարչակարգին ուղղուած արեւմտեան ամբաստանութիւնները բացարձակապէս համոզիչ չեն», ըսաւ ան:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ մարդկային իրաւանց թղթածրարի պատասխանատու Քոսթանթին Լուլկով յայտնեց, որ արեւմտեան շարք մը մայրաքաղաքներ, նախ եւ առաջ Ուաշինկթըն, Սուրիան հարուածելու իրենց պատրաստակամութեան համար յայտարարութիւններ կը կատարեն եւ իրենց ծրագիրները կ՛արդարացնեն քաղաքայինները պաշտպանելու անհրաժեշտութեամբ` հիմնուելով սուրիական կառավարութեան կողմէ քիմիական զէնքի քաղաքայիններու դէմ օգտագործման վարկածներուն վրայ:
Ան յիշեցուց, որ ուժի կամայական օգտագործումը նախկին Եուկոսլաւիոյ, Իրաքի եւ Լիպիոյ մէջ ինչպիսի՛ աղէտալի դէպքերու առաջնորդեց եւ շեշտեց, որ Աֆղանիստանը այդ «քաղաքայինները պաշտպանելու» քայլին առօրեայ օրինակներ կու տայ, ուր ամերիկեան առանց օդաչուի թռչող սարքերու հարուածները հարիւրաւոր քաղաքային զոհեր կը պատճառեն:
Տուման յայտարարեց, որ Քոնկրեսի հետ Սուրիոյ շուրջ հաւասարակշռուած կեցուածքի մը հասնելու համար երկխօսութեան պիտի սկսի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին զօրակցած է ռուսական խորհրդարանի այդ նախաձեռնութեան:
Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ ամերիկեան Քոնկրեսին կոչ ուղղեց Սուրիան հարուածելու որոշումը չորդեգրելու:
Շաբաթ Օր Քերրի–Եւրոպական Միութեան
Արտաքին Գործոց Նախարարներ Հանդիպում
Ֆրանսական կառավարութիւնը յայտարարեց, որ Ֆրանսայի խորհրդարանին պիտի ներկայացնէ փաստեր, որոնք ցոյց կու տան, թէ սուրիական վարչակարգը պատասխանատու է Ղութայի մէջ քիմիական զէնքով յարձակումին համար:
Ֆրանսական խորհրդարանին մէջ արտաքին յարաբերութեանց հարցերով յանձնախումբի նախագահ Էլիզապեթ Կուիկու յայտնեց, որ ֆրանսական կառավարութիւնը պիտի չենթարկուի ընդդիմութենէն անձնաւորութիւններու Սուրիոյ դէմ զինուորական գործողութեան շուրջ խորհրդարանին մէջ քուէարկութեան պահանջներուն:
Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քեթրին Էշթըն յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի հրաւիրուած է Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու Լիթուանիոյ ժողովին` ոչ պաշտօնական կերպով քննարկելու համար սուրիական թղթածրարը:
Էշթըն ըսաւ, որ Քերրի «յառաջիկայ շաբաթ առաւօտեան պիտի մասնակցի ժողովին եւ այդ մէկը առիթ մը պիտի ըլլայ անոր հետ առաջնահերթ թղթածրարներու շուրջ տեսակէտներ փոխանակելու»:
Իրան ՄԱԿ–ին Կը Յայտնէ Սուրիոյ Տագնապը
Լուծելու Իր Պատրաստակամութիւնը
Իրանեան պետական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Իրան ՄԱԿ-ին յայտնած է, որ պատրաստ է Սուրիոյ տագնապին «խաղաղ լուծում» մը գտնելու աշխատանք տանելու:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաուատ Զարիֆ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի հետ կիրակի ուշ գիշերին տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին այդ պատգամը փոխանցած է:
Իրանի պետական ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի խորհուրդը յայտնեց, որ Զարիֆ մերժելէ ետք Սուրիոյ տագնապը լուծելու համար ուժի օգտագործումը` վստահեցուցած է, որ Իրան պատրաստ է խաղաղ լուծում մը գտնելու:
«Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը իրաւունք չունի Սուրիոյ դէմ յարձակում կատարելու հաւանութիւն տալու:
Զարիֆ յայտարարած է, որ միայն ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը կրնայ յատուկ պարագաներու այդպիսի գործողութիւններու հաւանութիւն տալ:
Զարիֆ նաեւ նշած է, որ Օպաման չի կրնար միջազգային օրէնքները փոխել այնպէս, ինչպէս կ՛ուզէ: Ըստ իրանեան դիւանագիտութեան պետին, Օպամա յառաջիկայ քանի մը օրերուն պէտք է մտածէ զինուորական գործողութիւններու հետեւանքներուն մասին:
Մատուրօ Նամակ Գրած Է Օպամային`
Խնդրելով Սուրիոյ Դէմ Զինուորական
Գործողութիւն Չկատարել
«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրօ յայտնած է, որ ինք Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային նամակ յղած է` խնդրելով Սուրիոյ մէջ զինուորական միջամտութիւն չկատարել: «Ես նախագահ Օպամային մեր հայրենիքի եւ անկախ ներկայացուցիչներու անունով ուղարկած եմ նամակ մը, որուն մէջ ընդգծած եմ, որ մենք կը սիրենք մարդկութիւնը: Խաղաղութիւն, խաղաղութիւն», գրած է Մատուրօ «Թուիթըր»-ի վրայ:
Նախապէս Վենեզուելայի նախագահը խոստացած էր այդպիսի նամակ մը ուղարկել: Ըստ անոր, Սուրիոյ ներքին խնդիրները պէտք է լուծեն սուրիացիները, իսկ Սուրիոյ դէմ յարձակումը կրնայ աղէտ դառնալ ամբողջ Միջին Արեւելքի համար: Ան այդպիսի գործողութիւն մը ոչ անհրաժեշտ կը նկատէ:
Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը մտահոգութիւն յայտնեց Սուրիոյ դէմ զինուորական որեւէ գործողութեան նկատմամբ` նշելով, որ «պէտք չէ ՄԱԿ-ի քիմիական զէնքի մասնագէտներու հետաքննութեան արդիւնքները դատելու առնչութեամբ աճապարել»` աւելցնելով, որ «Ուաշինկթըն Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի օգտագործման շուրջ իր փաստերուն վերաբերեալ բացատրութիւն տուած է Փեքինին»:
Զինուորական Պատրաստութիւններ
Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակը Սուրիոյ դէմ ամերիկեան զինուորական հարուածին առ ի պատրաստութիւն զօրակոչի ենթարկած իր պահեստի զինուորներէն մաս մը տուն ուղարկած է` այդ հարուածը կատարելու համար Քոնկրեսի հաւանութիւնը ստանալու առումով Օպամայի որոշումը տալէն երկու օր ետք:
Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Օպամա շաբաթ օր Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն գաղտնաբար տեղեակ պահած է սուրիական վարչակարգին դէմ զինուորական հարուածը յետաձգելու որոշումէն:
Իսրայէլացի պաշտօնատարներ օրաթերթին յայտնած են, որ շաբաթ յետմիջօրէին Օպամա Նեթանիահուի հեռաձայնելով այդ տեղեկութիւնը փոխանցած է, այսինքն` այդ առնչութեամբ պաշտօնական յայտարարութիւնը կատարելէն ժամեր առաջ:
Բրիտանական «Տը Տէյլի Ռեքորտ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Բրիտանիա Սուրիոյ տագնապին սկսելէն 10 ամիս ետք` յունուար 2012-ին ջիղերու վրայ ազդող կազ ծախած է սուրիական վարչակարգին, սակայն վեց ամիս ետք այդ արտօնագիրը չեղեալ նկատուած է, երբ Եւրոպական Միութիւնը սուրիական վարչակարգին դէմ պատժամիջոցներ հաստատած է:
Ընդդիմադիր Աշխատաւորական կուսակցութենէն զէնքերու վերահսկողութեան խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ Թոմըս Տոհըրթի մտադիր է այս հարցով վարչապետ Տէյվիտ Քամերոնին հարցապնդումներ ուղղելու:
Հազարաւոր արաբներ եւ սուրիացիներ Մելպուռնի մէջ ցոյց մը կատարեցին` մերժելով Սուրիան հարուածելու ամերիկեան սպառնալիքները: