Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, իրանցի պատասխանատու մը այցելած է Պէյրութի հարաւային արուարձաններ եւ հանդիպում մը ունեցած Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ: Ըստ օրաթերթին, իրանցի պատասխանատուն սէյիտ Նասրալլայի եւ Հըզպալլայի պատասխանատուներուն հետ քննարկած է Իսրայէլի կողմէ իւրանիոմի հարստացման իրանեան կեդրոնները հարուածելու հաւանականութիւնը:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Սուրիոյ դէմ զինուորական գործողութիւններ սանձազերծելու պարագային, Հըզպալլա Իսրայէլի դէմ հրթիռարձակումը Սուրիայէն պիտի կատարէ եւ ոչ թէ Լիբանանէն:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին յայտնեց, որ Սուրիոյ վարչակազմին քիմիական զէնքեր գործածելու յանցանքին վերագրումը պատճառաբանութիւն է, այլ նպատակներ իրականացնելու:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յոյս յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի առաջադրած նախաձեռնութիւնը երկրին դիմագրաւած քաղաքական տագնապի պատին վրայ յառաջացնէ ճեղք մը, որմէ պէտք է օգտուիլ:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարարի պաշտօնակատար Սելիմ Ժրայսաթի շեշտեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումին եւ հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի միջեւ յարաբերութիւնները փշոտ են:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Հատի Հըպէյշ յայտնեց, որ կարելի չէ ընդունիլ, որ Դիմադրութիւնը որեւէ ձեւով յիշուի կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐ ազատականներու կուսակցութիւնը մերժեց Սուրիոյ դէմ ամերիկեան զինուորական գործողութիւններու սանձազերծումը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի առաջադրած նախաձեռնութիւնը խուսանաւում մըն է, որ կը միտի հանրապետութեան նախագահին եւ վարչապետին իրաւասութիւնները Ազգային երկխօսութեան նիստին փոխանցել:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըր զօրակցութիւն յայտնեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի առաջարկին եւ շեշտեց, որ Լիբանանի տնտեսական կացութիւնը անդունդի սեմին կը գտնուի:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ռիատ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ իշխանութիւններուն բազմազանութիւնը կը դժուարացնէ երկրին ապահովական պատասխանատուութիւնը:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Նիքոլա Նահհաս յայտնեց, որ Լիբանանի տնտեսական իրավիճակը քայքայուելու վիճակին մէջ չէ, այլ` որոշ կաղացում կ՛արձանագրէ:

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարարի պաշտօնակատար Նազեմ Խուրի շեշտեց, որ Լիբանանի պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը տակաւին առաջնահերթութիւն է` ազգային երկխօսութեան նիստին համար:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի առաջադրած նախաձեռնութիւնը կը պարփակէ այնպիսի կէտեր, որոնց կարելի չէ համաձայն գտնուիլ:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի հանդիպում մը ունեցած է զինուորական ատեանին մէջ կառավարութեան ներկայացուցիչ դատախազ Սաքըր Սաքըրի հետ եւ անոր ըսած է, թէ ինք միջամուխ պիտի չդառնայ դատական իշխանութիւններուն աշխատանքին:

ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ յայտնեց, որ անհրաժեշտ է ազգային երկխօսութեան նիստին ընթացքին քննարկել Լիբանանի մէջ տարածուած զէնքին հարցը:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներէն Անթուան Նասրալլա շեշտեց, որ իրենք կը զօրակցին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի առաջադրած նախաձեռնութեան:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով քաղաքական որոշ աղբիւրներէ, յայտնեց, որ առաջադրուած նախաձեռնութիւնները պիտի մնան նախաձեռնութեանց շրջագիծին մէջ:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Դիմադրութենէն, յայտնեց, որ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը պատրաստ են ընդունելու կառավարական որեւէ կազմ, որ կը պահպանէ երկիրը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ Հըզպալլայի կողմէ «պետութեան» մը յայտարարութիւնը կրնայ մղել ուրիշները` անձնական ապահովութիւն պահանջելու:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ֆատի Ապպուտ կոչ ուղղեց կազմելու կառավարութիւն մը, որ շրջանի իրադարձութիւններուն հետ վարուելու կարողութիւնը ունենայ:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ ներկայ հանգրուանը զգայուն է եւ այնքան վտանգաւոր, որ կարելի չէ ձախող գրաւներ եւ արկածախնդրութիւններ կատարել:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Ճիուզեփէ Մորապեթոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )