Ժոմպլաթ. «Կ՛ողջունենք Ազգային Երկխօսութեան Նկատմամբ Պըրրիի Կեցուածքը Եւ Կոչ Կ՛ուղղենք Չշրջանցելու Սահմանադրական Հաստատութիւնները»
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ «Անպա» օրաթերթի իր սիւնակներուն մէջ գրած իր յօդուածով շեշտեց, որ Լիբանանի ազգային հիմնահարցերուն շուրջ արձանագրուած ուղղահայեաց երկփեղկումին, Սուրիոյ տագնապին վատթարացումին եւ անոր կրակին բոցերուն աստիճանաբար Լիբանան հասնելու իրականութեան ներքեւ, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը կ՛ողջունէ լիբանանցիներուն միջեւ ազգային երկխօսութիւն կատարելու ամէն տեսակի փորձ, որովհետեւ այդ փորձերը կը նկատէ Լիբանանի փրկութեան նպաստող կեցուածքներ:
Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը կը գնահատէ ազգային երկխօսութեան նկատմամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի յանձնառութիւնը` նկատի ունենալով, որ 2006-ին, երբ լիբանանցիները երկփեղկումի իրենց վատագոյն օրերը կ՛ապրէին, Պըրրի նախաձեռնած էր երկխօսութեան:
Ժոմպլաթ անհրաժեշտ նկատեց լիբանանեան ազգային երկխօսութեան նիստին գումարումը` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է քննարկել Լիբանանի ազգային պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը` նկատի ունենալով, որ Դիմադրութեան զէնքը պէտք է միայն սահմանին վրայ ծառայէ:
«Լիբանանեան երկխօսութեան վերսկսիլը անհրաժեշտութիւն մըն է, անկախ նոր կառավարութեան մը գոյութենէն, ինչպէս ըսաւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի: Սակայն լիբանանցիներուն միջեւ ազգային երկխօսութեան վերսկսելու պայմանները ապահովելու պահանջին զուգահեռ կը պահանջուի նաեւ երկրին սահմանադրական հաստատութիւնները չշրջանցել, ինչպէս նաեւ չլուսանցքայնացնել երկրին ապահովութեան հսկելու եւ տնտեսական ու ընկերային թղթածրարները սերտելու նոր կառավարութեան դերակատարութիւնը», ըսաւ Պըրրի:
Ժոմպլաթ զօրակցութիւն յայտնեց Պըրրիի այն առաջարկին, որ բանակը պէտք է հինգ հազար նորագիրներ զինուորագրէ, ինչպէս նաեւ բարձր գնահատեց Պըրրիի այն կեցուածքը, թէ անհրաժեշտ է արաբական-շրջանային պայմանները հասունցնել` Լիբանանի ապահովական կայունութեան եւ պաղեստինեան ազգային միասնականութեան ամրապնդումին նպատակով:
Ժոմպլաթ շեշտեց, որ Պաղեստինի հարցը առաջնահերթութիւն է` աւելցնելով, որ պէտք է արգիլել Իրաքի դէպի անդունդ գլորումը, որ կ՛ապահովուի դէպի յաւելեալ յարանուանական լարուածութիւն տանող ահաբեկչական գործողութիւններով:

