Շարպել Դատապարտեց Հըզպալլայի Անցարգելի Մը Վրայ Քուէյթցի Դիւանագէտ Մը Խուզարկելու Արարքը

Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել երէկ խստիւ դատապարտեց Հըզպալլայի մէկ անցարգելին վրայ քուէյթցի դիւանագէտ մը խուզարկելու արարքը:

Շարպել շեշտեց, որ նման քայլեր խստիւ մերժելի են` աւելցնելով, որ եթէ իրենք իմանային այդ մասին, ապա կը կատարէին իրենց պարտականութիւնը:

Շարպել նշեց, որ Հըզպալլա ընդունած է իր սխալը եւ խոստացած չկրկնել զայն: «Մենք լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն եւ Հըզպալլայի հետ կը գործակցինք` լուծելու համար այս հարցը», ըսաւ ան:

Շարպել ընդգծեց, որ Հըզպալլա ընդունած է, թէ Սէուտական Արաբիոյ եւ Քուէյթի դեսպանատուներուն դիւանագիտական անձնակազմին պատկանող ինքնաշարժներուն հետ պատահածը սխալ մըն է, սակայն աւելցուցած է նաեւ, որ Հարաւային արուարձաններուն մէջ անձնական ապահովութեան դիմելու պատճառը շրջանի վտանգի ենթակայ ըլլալու իրականութիւնն է, ինչպէս նաեւ այն տեղեկութիւնը, թէ քաղաքական անձնաւորութիւններու, զինուորական եւ դիւանագիտական հեղինակութիւններու յատուկ ինքնաշարժի թիւեր եւս նախատեսուած են ահաբեկչութիւններ կատարելու նպատակով:

Շարպել հաստատեց, որ լիբանանեան բանակին ու ապահովութեան ուժերուն պիտի վստահուի խուզարկութեան պարտականութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )