Սաքըր Երեք Անհատներ Ամբաստանեց Հարաւային Լիբանանէն Հրթիռ Արձակելու Յանցանքով

Շէյխ Հաշեմ Մընքարա

Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ դատախազ Սաքըր Սաքըր` հիմնուելով Զինուորական ատեանին կատարած հարցաքննութեան վրայ, երէկ ամբաստանեց բերման ենթարկուած լիբանանցիներ Եուսեֆ Ֆալիթին եւ Մոհամետ Ապտել Մաուլա Աթրաշը` հարաւային Լիբանանէն բռնագրաւուած Պաղեստինի վրայ հրթիռներ արձակելու յանցանքով:

Նոյն յանցանքով Սաքըր ամբաստանեց նաեւ երրորդ անհատ մը, որ փախուստ տուած է:

Դատախազ Սաքըր ամբաստանեալները փոխանցեց Զինուորական ատեանի աւագ քննիչ դատախազ Ռիատ Ապու Ղիտայի:

Միւս կողմէ, դատախազ Ապու Ղիտա երէկ հարցաքննեց շէյխ Ահմետ Ղարիպը, Մուսթաֆա Հուրին եւ շէյխ Հաշեմ Մընքարան, որոնք ամբաստանուած էին

ականներ եւ ականուած ինքնաշարժներ պատրաստող ահաբեկչական բջիջներ կազմելու եւ Թրիփոլիի Թաքուա եւ Սալամ մզկիթներուն մօտակայքը պայթումներ գործելու յանցանքով:

Դատախազ Ապու Ղիտա որոշեց արգելափակել շէյխ Ահմետ Ղարիպը եւ Մուսթաֆա Հուրին, իսկ որոշեց տնային կալանքի տակ պահելով ազատ արձակել շէյխ Հաշեմ Մընքարան:

Նշենք, որ դատախազ Սաքըր նախապէս Մընքարան ամբաստանած էր ականուած ինքնաշարժներուն մասին իր տեղեկութիւնները համապատասխան մարմիններուն եւ իշխանութիւններուն չփոխանցելու յանցանքով:

Դատախազ Սաքըր Մընքարայի հաշուոյն Զինուորական ատեանի աւագ քննիչ դատախազ Ռիատ Ապու Ղիտայի վճիռին մասին Զինուորական դատարանի վճռաբեկ ատեանին ներկայացուց իր մերժումը:

Նկատի ունենալով այս իրականութիւնը` շէյխ Մընքարա արգելափակուած կը մնայ, մինչեւ որ դատարանը իր վերջնական որոշումը տայ վճիռին բեկանումը ընդունելու կամ մերժելու գծով:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )