Միքաթի Թուրքիոյ Դեսպանին Հետ Քննարկեց Ազեզի Առեւանգեալներուն Եւ Թուրք Օդաչուներուն Հարցերը
Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-թրքական երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ միացեալ թղթածրարները:
Հանդիպումին ընթացքին Միքաթի շնորհակալութիւն յայտնեց Թուրքիոյ` հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած միջազգային խաղաղապահ ուժերուն առաքելութեան ծիրին մէջ անոր ծառայութեան համար:
Միքաթի յայտնեց նաեւ, որ Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիները եւ Լիբանանի մէջ առեւանգուած թուրք օդաչուները ազատ արձակելու շրջագիծին մէջ գործակցութիւնը պիտի շարունակուի:
Միքաթիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին, որ հրաժարեալ վարչապետին հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ասիրի մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել:
Միւս կողմէ, Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ պայմաններուն տակ կառավարութեան նիստ մը կարելի չէ գումարել: Անոնք նշեցին, որ կառավարութիւնը ընթացիկ աշխատանքներու կառավարութիւն է եւ կարելի չէ հակասահմանադրական քայլերու դիմել, ինչ ալ ըլլան քննարկուելիք թղթածրարները:
Նոյն օրաթերթին համաձայն, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախարարները կ՛ուղղուին վարչապետ Միքաթիէն պահանջելու կառավարութեան յատուկ նիստի մը գումարումը` քարիւղի թղթածրարին օրակարգով: