Նախագահ Սլէյման Ընդունեց Շարպելը Եւ Արիտին

Նախագահ Սլէյման եւ Շարպել

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պէյթէտտինի մէջ ընդունեց ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպելը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ տիրող ապահովական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ որդեգրուած ապահովական միջոցառումները` պահպանելու համար երկրին կայունութիւնն ու պատժելու համար երկրին ապահովութիւնը խախտող կողմերը:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Արիտի, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան կապուած զարգացումները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ գործադրուող նախարարութեան աշխատանքները:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեցին նաեւ նախկին նախարարներ Ռոժէ Տիպ եւ Նաժի Պուսթանի: Քննարկուեցան լիբանանեան ներքին իրադարձութիւններն ու շրջանային զարգացումները:

Նախագահ Սլէյման Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ դատաւոր Ժան Ֆահըտէն իմացաւ պայթումներ գործելու եւ հրթիռարձակում կատարելու յանցանքով ձերբակալուած յանցագործներուն վերաբերող մանրամասնութիւնները:

Նշենք, որ նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ վարչապետ Թամմամ Սալամի իրաւունքն է կազմել կառավարութիւնը եւ կառավարական նոր կազմը փոխանցել հանրապետութեան նախագահին, որպէսզի ան վաւերացնէ զայն:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ անհրաժեշտ է սահմանադրութեան գործադրութենէն անշեղ մնալ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )