Լիբանան Այցելութեան Շրջագիծին Մէջ. Պորուժերտի Կը Յայտարարէ Իրանի Մերժումը Սուրիոյ Դէմ Արտաքին Որեւէ Յարձակումի
Իրանի խորհրդարանի ազգային ապահովութեան ու արտաքին քաղաքականութեան հարցերու յանձնախումբի նախագահ Ալատտին Պորուժերտի` գլխաւորելով իրանեան խորհրդարանական պատուիրակութիւն մը, երէկ այցելեց Լիբանան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ խորհրդարանի նախագահին եւ վարչապետ Սալամի հետ:
Իրանեան պատուիրակութեան ընկերակցեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին:
Իրանեան պատուիրակութիւնը այցելեց Այն Թինէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ներկայ իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ դէմ Միացեալ Նահանգներու կողմէ զինուորական գործողութիւններու ձեռնարկելու սպառնալիքները:
Մէկ ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Պորուժերտի ուրախութիւն յայտնեց, որ անցնող քանի մը օրերուն Սուրիա կատարած իր այցելութենէն ետք այցելած է նաեւ Լիբանան` հանդիպումներ ունենալու երկրին քաղաքական հեղինակութիւններուն հետ:
Սուրիոյ մասին խօսելով` Պորուժերտի յայտնեց, որ հակառակ Սուրիոյ դէմ բանեցուող քաղաքական, տեղեկատուական եւ հոգեբանական ճնշումներուն, իրենք նկատած են, որ Սուրիոյ մէջ կեանքի սովորական ընթացք մը կայ, ինչպէս նաեւ նշմարած ենք, որ սուրիացի պատասխանատուներուն, յատկապէս նախագահ Պաշշար Ասատի տրամադրութիւնները բարձր են:
«Համոզուած ենք նաեւ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի ինքնազսպումը եւ ամերիկեան ուղղուածութիւնը կը ծառայեն ամերիկեան ու սիոնական գոյացութեան շահերուն, որովհետեւ ամերիկեան հաշիւներուն մէջ գործուած որեւէ քաղաքական սխալ կրնայ ամբողջ շրջանին վրայ իր հետեւանքները ունենալ», ըսաւ Պորուժերտի:
Ան նշեց, որ իրենց կարծիքով, ամերիկեան հանրային կարծիքը կը մերժէ պատերազմը` նկատի ունենալով Իրաքի եւ Աֆղանիստանի մէջ ամերիկեան փորձառութիւնը: «Հետեւաբար, կը մաղթենք, որ ամերիկեան Քոնկրեսը անսայ իր ժողովուրդին կամքին եւ ճիշդ որոշում մը տայ` ջնջելով Սուրիոյ դէմ գործուելիք զինուորական գործողութիւնը», յայտնեց ան:
Պորուժերտի իր յայտարարութիւնները եզրափակեց ըսելով, որ Սուրիա իրենց այցելութիւնը ունէր հիմնական երեք առանցքներ. ա) պաշտպանել Սուրիան եւ Դիմադրութիւնը, բ) կտրականապէս մերժել Սուրիոյ դէմ սանձազերծուելիք որեւէ արտաքին զինուորական գործողութիւն եւ գ) խստիւ դատապարտել քիմիական զէնքի գործածութիւնը` նկատի ունենալով շրջանային եւ համաշխարհային խաղաղութեան վրայ անոր ունեցած վտանգները:
Սալամի Մօտ
Պորուժերտի այցելեց նաեւ Մուսայթպէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ:
Հանդիպումէն ետք ան յայտնեց, որ Սալամի փոխանցած է Իրանի պաշտօնական կեցուածքը` Սուրիոյ զօրակցելու եւ անոր դէմ արտաքին որեւէ յարձակում մերժելու իմաստով:
Պորուժերտի աւելցուց նաեւ, որ Սալամի հետ քննարկած է լիբանանեան-իրանեան երկկողմանի յարաբերութիւնները բարելաւելու եւ ամրապնդելու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի նոր կառավարութիւնը կազմելու անհրաժեշտութիւնը` երկրին գերագոյն շահերը իրականացնելու ի խնդիր:
Պորուժերտի զօրակցութիւն յայտնեց լիբանանեան ազգային միասնականութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի գերիշխանութեան եւ ապահովական կայունութեան պահպանումին:
Միւս կողմէ, իրանեան պատուիրակութիւնը խորհրդարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ արտաքին հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբին հետ` գլխաւորութեամբ յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ապտել Լաթիֆ Զէյնի:
Հանդիպումէն ետք Զէյն յայտնեց, որ Պորուժերտիի հետ քննարկուած են լիբանանեան եւ սուրիական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ զարգացումներուն ունեցած հետեւանքները Լիբանանի վրայ, յատկապէս ապահովական իմաստով:
Ապտել Լաթիֆ Զէյն յայտնեց, որ յանձնախումբին եւ իրանեան պատուիրակութեան միջեւ խորհրդակցութիւնները պիտի շարունակուին այսօր երեկոյեան ժամը 6:00-ին, խորհրդարանին մէջ: