Հայաստանի Գրողներու Միութեան Նախագահ Լեւոն Անանեան Մահացաւ
Մահացած է Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ, Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Լեւոն Անանեան: Ըստ տեղեկութիւններուն` մահուան պատճառը քաղցկեղն է:
Լեւոն Անանեան ծնած է 13 հոկտեմբեր 1946-ին` Տաւուշի մարզի Կողբ գիւղը: 1964-ին աւարտած է Կողբի միջնակարգ դպրոցը, 1968-ին աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական բաժանմունքը:
1990-ին ընտրուած է «Գարուն» ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր:
2001-ին ընտրուած է Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ եւ կը պաշտօնավարէր մինչ օրս:
Լեւոն Անանեան գրած, կազմած եւ խմբագրած է բազմաթիւ գիրքեր, հարիւրաւոր հրապարակախօսական յօդուածներ, յառաջաբաններ:
26 մայիս 2008-ին անոր շնորհուած է Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի վաստակաւոր գործիչի պատուաւոր կոչումը:
CATEGORIES Հայկական