Բողոքի Ցոյց` Հրաչ Մուրադեանի Սպանութիւնը Բացայայտելու Պահանջով
News.am-ի թղթակիցը հաղորդեց, որ Նալբանդեան փողոցին մէջ գտնուող Հայաստանի ոստիկանութեան շէնքին մօտ երէկ հաւաքուեցան հարիւրաւոր քաղաքացիներ, որոնք պահանջեցին Պռօշեանի սպաննուած գիւղապետ Հրաչ Մուրադեանի գործով արդար դատաքննութիւն իրականացնել:
Պռօշեանի գիւղապետի նախկին թեկնածու Վովա Սահակեան նշեց, որ հինգ ամիս առաջ այս օրը սպաննուեցաւ Հրաչ Մուրադեան եւ ինչ որ կարելի չեղաւ կեանքի կոչել թշնամիին գնդակով, կեանքի կոչեցին, իրականացուցին անոր հայրենակիցները: Ան նաեւ նշեց, որ կարելի չէ ըսել, որ ոչինչ կը կատարուի, սակայն կատարուող աշխատանքները տակաւին բաւարար չեն:
Ոստիկանութենէն փոխանցեցին, որ պատրաստ են բողոքի ցոյցի մասնակիցներէն չորս հոգի ընդունելու եւ լսելու անոնց պահանջը, որմէ ետք ոստիկանութեան բաժանմունք բարձրացան Վովա Սահակեան, Հրաչ Մուրադեանի եղբայրը, եղբօրորդին եւ Ազգային ժողովի դաշնակցական պատգամաւոր Աղուան Վարդանեան:
Ցուցարարները բռնած էին տարբեր գրութիւններով պաստառներ` «Պարոն ոստիկանապետ, կը պահանջենք գտնել եւ պատժել իսկական մեղաւորները», «Կը պահանջենք բացայայտել մեր գիւղապետին սպանութիւնը», «Կը պահանջենք», «Արցախի եւ մեր պետականութիւնը մարմնաւորող Հրաչ Մուրադեանը սպաննողները պէտք է սպաննուին», «Հրաչ Մուրադեանը մեր հերոսն է»:
Ազգային ժողովի դաշնակցական պատգամաւոր Աղուան Վարդանեան յայտնեց, որ հինգ ամիս առաջ սպաննուած Պռօշեանի նախկին գիւղապետ Հրաչ Մուրադեանի սպանութեան գործի ընթացքին մասին ամէն շաբաթ կը զեկուցուի Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին: Ան աւելցուց, որ այս անգամ ոստիկանութեան մէջ զիրենք ընդունած է Քրէական հետախուզութեան վարչութեան պետ Արամ Զախարեան եւ Յարութիւնեան:
«Ատիկա իրենց հերթական աշխատանքներու ներկայացումն էր: Առաջին անգամը չէ, որ մենք կը փորձենք ոստիկանութենէն պարզաբանումներ ստանալ: Քանի մը առիթներ եղած են եւ ոստիկանապետին, փոխոստիկանապետին եւ Զախարեանի հետ: Մեզի կը վստահեցնեն, որ բոլոր կարելի քայլերը կը կատարուին եւ իրենց խանգարող որեւէ ճնշում չկայ, սակայն տակաւին շօշափելի եւ իրական արդիւնքներ չկրցան մեզի ներկայացնել: Բացի անկէ, Պռօշեան համայնքին մէջ կան մարդիկ, որոնք աւելի գիտեն, քան կ՛ըսեն», աւելցուց Աղուան Վարդանեան:
Պռօշեանի գիւղապետի նախկին թեկնածու Վովա Սահակեանն ալ տեղեկացուց, որ ոստիկանութենէն փոխանցած են, թէ ճիշդ են այն խօսակցութիւնները, թէ գործը հասած է փակուղային վիճակի: «Ըսին, որ կան նոր նիւթեր, որոնք ուսումնասիրման հանգրուանի մէջ են: Ստացանք հաստատումը այն բանին, որ հոլովոյթը պիտի ընթանայ եւ մեզի պարբերաբար տեղեակ պիտի պահեն: Մենք ալ ըսինք, որ պահանջատէր պիտի ըլլանք: Ասիկա առաջին ծիծեռնակն է: Շատ քաղաքակիրթ հերթական պահանջներ եւ ցոյցեր պիտի կատարենք: Այնպէս, որ պիտի սպասենք կարճ ժամանակաշրջան մը եւ պիտի սպասենք տեղեկութեան մը, որ եթէ մեզի չգոհացնէ` մեր ընկերներուն եւ համագիւղացիներուն պիտի տեղեկացնենք յաջորդ ցոյցերու տեղին, ժամկէտին եւ հասցէին մասին», աւելցուց Վովա Սահակեան: