Իվանիշվիլի Խօսած Է Հայաստանի Հետ Համագործակցութեան Զարգացման Կարեւորութեան Մասին
Վրացական «Ափսնի» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Վրաստանի վարչապետ Պիծինա Իվանիշվիլի արտերկրի մէջ հաւատարմագրուած վրացի դիւանագէտներու հետ հանդիպումին ընթացքին ըսած է, որ Վրաստան պէտք է իր դրացիներուն համար փոխշահաւէտ քաղաքական եւ տնտեսական յարաբերութիւններու իրականացման տարածքի վերածուի:
«Ինչ կը վերաբերի շրջանին մէջ Վրաստանի յարաբերութիւններուն, ապա կը կարծեմ, որ անհրաժեշտ է խորացնել հետագայ երկկողմանի քաղաքական եւ տնտեսական համագործակցութիւնը շրջանի երկիրներուն, մասնաւորաբար Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Հայաստանի հետ: Ես իմ առաջին պաշտօնական այցելութիւններս կատարած եմ այդ երկիրներ եւ բարեկամական կապեր հաստատած անոնց քաղաքական ղեկավարներուն հետ, ինչ որ զիս շատ կ՛ուրախացնէ», ըսած է ան:
Իվանիշվիլի Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններուն կոչ ուղղած է խորացնելու եւ զարգացնելու այդ բարի դրացիական յարաբերութիւնները:


