«Տիգրանակերտը Որքան Որ Քիւրտերու, Այդքան Ալ Հայերու Քաղաքն Է» Կ՛ըսէ Պայտեմիր
Թրքական ԻԼՔԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Աւստրիոյ հայերն ու ասորիները Տիգրանակերտի Վիեննա ժամանած քաղաքապետ Օսման Պայտեմիրի ի պատիւ կազմակերպած են ճաշկերոյթ մը, որուն ժամանակ քիւրտ քաղաքապետը յիշեցուցած է, որ Տիգրանակերտը որքան որ քիւրտերունն է, այնքան ալ հայերուն եւ ասորիներունն է:
Տիգրանակերտի քաղաքապետ Օսման Պայտեմիրի ի պատիւ կազմակերպուած ճաշի ժամանակ հայ համայնքի ներկայացուցիչները Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ վերանորոգման համար շնորհակալութիւն յայտնած են Պայտեմիրին:
Տիգրանակերտի քաղաքապետը իր կարգին կրկնած է, որ Տիգրանակերտը որքան որ քիւրտերու, այնքան ալ հայերու եւ ասորիներու քաղաքն է, եւ հայերը Տիգրանակերտ հրաւիրած է:
Պայտեմիր նշած է, որ եկեղեցւոյ մէկ մասին մէջ պիտի ստեղծուի թանգարան, ուր պիտի ցուցադրուին Տիգրանակերտի հայերու մշակութային ժառանգութիւնները: