2014-ի Մոնտիալ. Անգլիա Հարուստ` Վիրաւորներով
Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ երկրին ֆութպոլի ազգային խումբը Մոլտաւիոյ եւ Ուքրանիոյ դէմ 2014-ի Մոնտիալի զտումի իր մրցումները պիտի կատարէ վիրաւորներով հարուստ վիճակի մէջ` նկատի ունենալով, որ Ուէյն Ռունի, Ֆիլ Ճոնզ եւ Կլեն Ճոնսըն քաշուեցան խումբէն:
Ներկայ դրութեամբ Անգլիա կը գրաւէ Ը. խմբակին երկրորդ դիրքը` 2 կէտով ետ մնալով պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Մոնթենեկրոյէն: Անգլիա, որ մրցում մը նուազ կատարած է, կէտի մը առաւելութիւնը ունի 2-րդ դիրքը գրաւող Ուքրանիոյ վրայ:
Անգլիոյ մարզիչ Ռոյ Հոճսըն իր կազմին հետ պիտի փորձէ լաւ արդիւնք արձանագրել` Պրազիլի տոմս մը ապահովելու յոյսերը պահելու համար:
CATEGORIES Մարզական


